Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ կէսօրին Խալտէի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ իրենք կառչած կը մնան Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու պահանջին: «Կառավարութեան նիստին մասնակցելու հարց չունինք, սակայն կը պահանջենք, որ անոր քննարկելիք օրակարգի առաջին կէտը ըլլայ Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելը», շեշտեց ան:
Արսլան շեշտեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպը անձնական հարց մը չէ` աւելցնելով, որ քաղաքականութեան մէջ իրենք պատրաստ են բոլորին հետ հանդիպելու, սակայն դատական եւ ապահովական առումով միայն իրաւունք եւ արդարութիւն կը պահանջեն:
Արսլան խստիւ դատապարտեց սակարկելու յղացքը` հաստատելով, որ նահատակներուն թափած արիւնը չեն սակարկեր, այլ` կը պահանջեն արդարութիւնը:
Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երեք նախաձեռնութիւն առաջադրեցին, եւ երեքն ալ մերժուեցան, հետեւաբար անհրաժեշտ է Լեռնալիբանանի միջադէպը յանձնել Արդարութեան խորհուրդին, որպէսզի արդար լուծման կարելի ըլլայ յանգիլ:
Շուէյֆաթի միջադէպը եւս Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արսլան ըսաւ. «Թող Այն Տարայի, Ժեհլիէի եւ Խալաուաթ Քֆէյրի միջադէպերը, ինչպէս նաեւ անմեղ քաղաքացիներու արիւն թափած բոլոր միջադէպերը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցուին: Լեռնալիբանանը ազգային համերաշխութեան լաւագոյն օրինակն է, իսկ համայնքներուն միջեւ սադրանքի հունտեր սերմանելը արգիլուած է եւ մեղք կը նկատուի»:



