Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան Ֆատլալլա. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմ Մը Սանձազերծելու Ցուցանիշներ Չկան»

July 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի  երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմ մը սանձազերծելու ցուցանիշներ չկան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը հսկայ ուժ ունի եւ կրնայ իսրայէլեան հաւանական որեւէ յարձակումի դէմ դնել:

Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆատլալլա շեշտեց, թէ հարաւային Լիբանանի ազատագրման առաջին օրէն սկսեալ իրենք հաստատած են, որ սահմանագծումի թղթածրարը լիբանանեան պետութեան իրաւասութիւնն է` անոր բոլոր հաստատութիւններով:

«Այս թղթածրարին կը հսկեն իշխանութեան երեք պետերը, յատկապէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Իշխանութեան երեք պետերն ալ յանձնառու են երկրին սահմաններուն եւ Լիբանանի իրաւունքներուն պաշտպանութեան», ըսաւ ան:

Ֆատլալլա ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարին առումով իրենք պատրաստ են գործակցելու` մնալով հեռու քաղաքական տարակարծութիւններէն:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը անկախ չէ` պահանջելով բարելաւել այդ մարզը, ինչպէս նաեւ կատարել դատական իշխանութիւններուն վերաբերող նշանակումները` ատակութեան համաձայն:

«Լիբանանի մէջ քաղաքականութիւնը դատական իշխանութեան համակարգէն շատ աւելի զօրաւոր է, եւ փտածութեան դէմ պայքարելու մեր միակ զէնքը` մեր կամքն է», հաստատեց ան:

Հասան Ֆատլալլա կարեւոր նկատեց, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին 1993-2018-ի ելեւմտական հաշուեփակը կատարէ: Ան հաւանական նկատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ստորագրէ խորհրդարանին վաւերացուցած 2019-ի պետական ամավարկը:

Քապըր Շմունի միջադէպին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆատլալլա նշեց, որ այդ միջադէպը լուծելու իմաստով նոր նախաձեռնութիւններ կան` աւելցնելով, որ այդ հարցը քաղաքական եւ դատական լուծումի պիտի արժանանայ:

 

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սլէյման Ֆրենժիէն

Յաջորդը

Արսլան. «Կառավարութեան Նիստին Մասնակցելու Հարց Չունինք, Պայմանով Որ Արդարութեան Խորհուրդի Պահանջը Ըլլայ Քննարկուելիք Օրակարգին Առաջին Կէտը»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.