Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ դատապարտեց Շաաթի մէջ լիբանանեան բանակը կրակոցի թիրախ դարձնելու արարքը: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է ամէն իմաստով հանգիստ պահել եւ վստահիլ անոր:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս ներկայ իրադարձութիւնները քննարկեց Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհիի եւ Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսի հետ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց վերջ տալու կառավարութեան աշխատանքը արգելակելու քայլերուն` հաստատելով, որ անիկա առաւելագոյն չափով ժխտական ցուցանիշ է:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հասան Լաքքիս շեշտեց, որ իրենք կը վստահին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկներուն, որոնք կը բխին ազգային նպատակներէ:

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ հաստատեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք է հեռացնել լիբանանցիներուն առօրեայ հարցերէն եւ տագնապներէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին նպատակն է սադրանքի բեմագրութիւնը հեռացնել` փրկելու համար Լիբանանը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն բարեկարգումի եւ բարգաւաճման ուղիով գործել: Ան հաստատեց, որ երկիրը կարիքը ունի տնտեսական բարեկարգումներու, որոնք կը զօրակցին ճարտարարուեստին եւ երկրագործութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կ՛ուղղուի ստորագրելու 2019-ի պետական ամավարկը:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի ընդգծեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնը իսկական երաշխիք է Լիբանանի տնտեսութեան եւ ընկերային ապահովութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին հաստատեց, որ Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ նշուած է, թէ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութեան սկզբունքը կը վերաբերի միայն Ա. կարգի պետական պաշտօններուն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա ընդգծեց, որ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութեան սկզբունքը չարաշահումի աստիճանին հասած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ հաւաքական շահերը պէտք է գերազանցեն քաղաքական եւ կուսակցական շահերը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն ըսաւ. «Ով որ կը մերժէ Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցել, ուրեմն յանցաւոր է»:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քաթար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց Մուխթարայի մէջ գումարելու արտակարգ նիստ մը` դիմադրելու համար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի դէմ յայտարարուած պատերազմին:

ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար հաստատեց, որ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն 35 առ հարիւրը եւրոպացի են` աւելցնելով, որ Ծոցի երկիրներէն եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութենէն, կը գրէ, թէ Ռուսիա խոստացած է Ասթանայի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի տեսակէտին զօրակցիլ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը տեղեակ պահած է պաղեստինցի գաղթականներուն նախաձեռնած շարժումներուն վտանգներէն:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանը

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սլէյման Ֆրենժիէն

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?