Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ անոր կնոջ` Ռիմա Ֆրենժիէի եւ գերապայծառ Ըսթֆեն Ֆրենժիէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ կենսոլորտային տագնապները:
Ռայի պատրիարքի այցելուները դարձան անոր ճաշի հիւրերը:



