Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, թէ 30 յուլիս 2019-ին դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելած է ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնակայան:
Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը հանդիպում ունեցած է ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլիի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան շրջանակը եւ հեռանկարային ծրագիրները:
ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը բարձր գնահատած է Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղապահ զօրախումբին իրականացուցած ծառայութիւնը առաքելութեան կազմին մէջ: