Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդ. Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Նորարարութեան Յանձնախումբի Աշխատանքը Կը Շարունակուի
Չորեքշաբթի, 31 յուլիսին, Լիբանանի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի պատրաստած ծրագիրի երրորդ փուլին գործնականացման հանդիպումը, որուն նպատակով յանձնախումբը հրաւիրած էր Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին մէջ արդիւնաբերական տարբեր մարզերու սենտիքաները ներկայացնող անդամներ, որոնք մեծ թիւով ընդառաջեցին հանդիպումին: Հանդիպումին բացումը կատարեց յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան, որ շեշտեց, թէ այս ծրագիրին նպատակն է Լիբանանի...




















