Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսլան Եւ Ժոմպլաթ Կը Մերժեն Հաշտուիլ. Քապըր Շմունի Միջադէպի Լուծման Ջանքերը Կը Մնան Տեղքայլի Մէջ

Յուլիս 29, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու իր անձնական էջին ընդմէջէն հաստատեց, որ կը մերժէ նահատակներուն արեան հաշուոյն հանդիպիլ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Արսլան շեշտեց, որ զոհուած անմեղ նահատակներուն արեան հաշուոյն քաղաքական խաղերուն ժամանակը աւարտած է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի հետեւին կասկածելի որեւէ քայլի եւ պիտի ընդդիմանան անոր` ինչ ալ ըլլայ իրենց վճարելիք գինը:

Արսլան այս գրառումը կատարեց պատասխանելով Ժոմպլաթի կատարած կէսօրուան գրառումին, որուն մէջ վերջինս շեշտած էր, թէ Պաապտայի մէջ հանդիպումը օգտակար եւ շինիչ պիտի չըլլայ, եթէ խնդրոյ առարկայ կողմերը բացատրութիւն մը չներկայացնեն իրենց թշնամական նոր քայլերուն մասին: Ան հարց տուած էր նաեւ, թէ այս բոլորին մէջ Թաէֆի համաձայնագիրը ո՞ւր կ՛իյնայ:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ երէկ առաւօտեան կատարած էր այլ գրառում մը, որուն մէջ  հաստատած էր, որ ինք ոչ մէկ արդիւնք կը գտնէ Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին մէջ, որովհետեւ անիկա կը շրջանցէ երկրին սահմանադրութիւնը: Կէսօրին Ժոմպլաթ ջնջած էր այս գրառումը:

Միւս կողմէ, շաբաթ առաւօտեան բացայայտուեցաւ այլ միջադէպ մը, որ պատահած էր ուրբաթէն շաբաթ լուսցող առաւօտեան:

Միջադէպը պատահած էր տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի բնակարանին մօտ, երբ Ղարիպի բնակարանին պահակները կրակ բացած էին անցորդի մը վրայ: Աւելի ուշ բացայայտուած էր, որ անցորդը գինով մըն է, եւ ան կրակոցներէն վիրաւորուած փոխադրուած է հիւանդանոց:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան համակիր մը Ղարիպի բնակարանին պահակներուն հետ հարց ստեղծած է եւ փորձած նախարարին բնակարանը ներխուժել:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հարց տրուեցաւ, թէ արդեօք Ղարիպի բնակարանին մօտէն Պասաթինի բնակիչներէն ոեւէ մէկուն անցուդարձը թակա՞րդ կը նկատուի:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Պասաթինի բնակիչ Ռայան Մերհի առաւօտեան ժամը 2:00-ին գինով վիճակի մէջ փորձած է նախարար Սալեհ Ղարիպի բնակարանը մուտք գործել:

Հաղորդագրութեան համաձայն, Ղարիպի բնակարանին պահակները արգիլած են զայն, եւ տեղի ունեցած է հրմշտուք եւ ապա կրակոց, որուն պատճառով Մերհի ոտքերէն վիրաւորուած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց:

Հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուեցաւ, որ բանակը շրջանին մէջ ապահովական անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրած է, իսկ Ներքին ապահովութեան ուժերը այս միջադէպին շուրջ հետաքննութիւն մը բացած են` դատական իշխանութեան հսկողութեան տակ:

Այս միջադէպին լոյսին տակ Ժոմպլաթ հաստատած էր, որ ո՛չ միայն Քապըր Շմունի, այլ խօսքով` Պասաթինի միջադէպին թղթածրարը պէտք է Արդարութեան խորհուրդ փոխանցուի, այլ նաեւ` Շուէյֆաթի միջադէպին թղթածրարը:

Պէտք է աւելցնել, որ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շաբաթավերջին շարունակեց Քապըր Շմունի միջադէպի լուծման ջանքերը, որոնք ցարդ տեղքայլի մէջ են:

Նախորդը

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Զինուորականներուն Ու Անոնց Ընտանիքներուն Բժշկութեան Ծառայութիւնը Կաղայ» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

«Հայաստան Որոշած Է Անցնիլ Խորհրդարանական Հանրապետութեան, Սակայն Ամէն Ինչ Այնքան Ալ Հարթ Չէ» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?