Ժիպէյլի երեսփոխաններ Զիատ Հաուաթ, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Մուսթաֆա Հիւսէյնի երէկ յայտնեցին, որ բոլորին շահերէն մեկնելով, լիբանանեան սահմանադրութեան եւ լիբանանեան օրէնքներուն ու կանոններուն յանձնառու մնալով, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի գեղեցիկ պատկերը եւ անոր դերակատարութիւնը պահպանելով, անհրաժեշտ կը նկատեն յարգել սրբութիւնները, ընկերային արժէքներն ու ազգային սկզբունքները:
Անոնք հաստատեցին, որ վերոնշեալ յանձնառութիւններուն եւ սկզբունքներուն կառչած մնալով է, որ պահանջած են Ժիպէյլի միջազգային փառատօնի պատասխանատուներէն ջնջել «Մաշրուհ Լէյլա» խումբին ելոյթը, որ տեղի պիտի ունենար 9 օգոստոս 2019-ին:
Ժիպէյլի երեսփոխանները ընդգծեցին, որ իրենք առաջին օրէն արդէն իսկ հետեւած են խումբին կապուած հարցին եւ Ժիպէյլի մէջ կրօնական սրբութիւնները յարգելու դիտանկիւնէն մեկնելով փափաքած են ջնջել «Մաշրուհ Լէյլա»-ի ելոյթը: