Լիբանանեան

Յուսահատութեան Ճիչերը Ճեղքեց Պաալպեքէն Հնչած «Գոյատեւման Ձայնը»

Յուսահատութեան Ճիչերը Ճեղքեց Պաալպեքէն Հնչած «Գոյատեւման Ձայնը»

Երէկ` 5 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պաալպեքի խորհրդաւոր բերդը իր վրայէն թօթափեց «Քորոնա»-ի պատճառով հաւաքուած փոշին, խզեց լիբանանեան ընկերային ու տնտեսական դաժան պայմաններուն պատճառով ամէնուրեք լսուող յուսահատութեան ճիչերը եւ տարածեց յոյս ու լոյս` Լիբանանէն մինչեւ աշխարհի բոլոր երկիրները: Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը վայելող, Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին նուիրուած, Պաալպեքի միջազգային փառատօներու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին կողմէ պատրաստուած եւ գործադրուած,...

Հըթթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Հռոմ

Հըթթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Հռոմ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Հռոմ: Այսօր ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայոյի, պաշտպանութեան նախարար Լորենզօ Կորինիի, Իտալիոյ մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններու, ինչպէս նաեւ իտալացի քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու հետ: Կը նախատեսուի, որ վաղը` երեքշաբթի, 7 յուլիս 2020-ին, Հըթթի հանդիպում մը ունենայ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար...

Նաքուրայի Մէջ.   Եռակողմանի Նիստին Լիբանանեան Կողմը Զգուշացուց Իսրայէլը` Սահմանամերձ Ծովային Շրջանին Մէջ Պեղումներ Կատարելէ

Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Նիստին Լիբանանեան Կողմը Զգուշացուց Իսրայէլը` Սահմանամերձ Ծովային Շրջանին Մէջ Պեղումներ Կատարելէ

Ռաս Նաքուրայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի հանդիպում մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեան լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ քննարկուեցաւ սահմանային Կապոյտ գիծին երկայնքին Իսրայէլի կողմէ արձանագրուած ծովային եւ օդային ոտնձգութիւնները, ինչպէս...

Աուքարի Մէջ.   Ամերիկեան Դեսպանատան Դիմաց` ՄԱԿ-ի Թիւ 1559 Բանաձեւին Գործադրութիւնը Պահանջող Ցոյց

Աուքարի Մէջ. Ամերիկեան Դեսպանատան Դիմաց` ՄԱԿ-ի Թիւ 1559 Բանաձեւին Գործադրութիւնը Պահանջող Ցոյց

Կազմակերպութեամբ «Լիբանանի մէջ Տանըլտ Թրամփի բարեկամներ»-ուն, երէկ կէսօրէ առաջ Աուքարի մէջ կատարուեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջուեցաւ գործադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւը: Լիբանանեան բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն հսկողութեան ներքեւ այդ ցոյցը կատարուեցաւ ցուցարարներու խորհրդանշական թիւով եւ խաղաղ կշռոյթով: Բանակն ու ապահովութեան ուժերը ցուցարարներուն դիմաց ճամբան փակած էին փշալարերով: Ցուցարարները լիբանանեան ու ամերիկեան դրօշակներ բարձրացուցին եւ դեսպանատան կողմէ...

Ֆահմի. «Թուրքիայէն Ժամանած Անձնական Օդանաւէ Մը Չորս Անձեր Ձերբակալուեցան»

Ֆահմի. «Թուրքիայէն Ժամանած Անձնական Օդանաւէ Մը Չորս Անձեր Ձերբակալուեցան»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի ներքին հարցերուն կայ արտաքին միջամտութիւն` աւելցնելով, թէ Թուրքիայէն ժամանած անձնական օդանաւէ մը չորս անձեր ձերբակալուած են: «Չորս անձերը, որոնք ինքնութեամբ թուրք են եւ սուրիացի, Լիբանան փոխադրած են 4 միլիոն տոլարի գումար մը` այն պատճառաբանութեամբ, որ անոնք Լիբանանի մէջ լումայափոխութեամբ կը զբաղին: Մեզի համար յստակ չէ, թէ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1873-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1311-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1873-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1311-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1873-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 18 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 11-ը տեղացիներ են, իսկ 7-ը` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 36 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1311 ուրիշներ` ապաքինած: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, ընկերակցութեամբ` Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրի, անցեալ շաբաթավերջին այցելեց...

Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Ահմետ Քարամէ Մահացաւ

Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Ահմետ Քարամէ Մահացաւ

Նախկին նախարար եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ մահացաւ երէկ` առողջական բարդութեան մը պատճառով: Ահմետ Քարամէ ծնած է Թրիփոլի, 1944-ին: 1996-ի եւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է: 2011-ին` իբրեւ պետական նախարար, մաս կազմած է, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան: Ահմետ Քարամէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ Թրիփոլիի Մանսուրի մզկիթին մէջ, ապա անոր դիակը ամփոփուեցաւ Պապէլ Ռամլի ընտանեկան դամբարանին մէջ: Նախկին վարչապետ Նեժիպ...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հըզպալլա Կը Շարունակէ Մնալ Լիբանանի Կայունութիւնը Խանգարող Ուժ»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հըզպալլա Կը Շարունակէ Մնալ Լիբանանի Կայունութիւնը Խանգարող Ուժ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակիւս շեշտեց, որ Ուաշինկթընի համար Հըզպալլա կը շարունակէ մնալ Լիբանանի կայունութիւնը խանգարող ուժ` միաժամանակ ընդգծելով, որ Մ. Նահանգներ կը շարունակեն օժանդակել Լիբանանին` դիւանագիտական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն մակարդակով: Օրթակիւս նշեց, որ լիբանանցի ղեկավարները կը գտնուին դժուար ընտրանքներու դիմաց: Ան հաստատեց, որ Մ. Նահանգներ պիտի աշխատին ֆրանսացիներուն եւ այլոց հետ...

Ռոման Կոֆման. «Հըզպալլայի Հետզհետէ Հզօրացումը Մեզ Կը Ստիպէ Ըլլալ Պատրաստ Եւ Նախաձեռնող»

Ռոման Կոֆման. «Հըզպալլայի Հետզհետէ Հզօրացումը Մեզ Կը Ստիպէ Ըլլալ Պատրաստ Եւ Նախաձեռնող»

Իսրայէլեան ուժերու «Կոլանի» ջոկատի հրամանատար զօր. Ռոման Կոֆման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի հետզհետէ հզօրացումը, անոր կողմէ սուրիական Կոլանի մէջ տեղակայուելու փորձերն ու սուրիական բանակին վերակազմաւորման բերած անոր նպաստը Իսրայէլը կը ստիպեն ըլլալու պատրաստ ու նախաձեռնող: Կոֆման յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան պաշտպանելու Կոլանի բարձունքները, Հարամունը (Ժապալ Շէյխ) եւ անոնց բնակիչները, ինչպէս նաեւ որեւէ ճակատամարտի կամ պատերազմի ընթացքին յաղթանակ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ անցեալ շաբաթ օր ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած իրաքեան պատուիրակութիւնը եւ քննարկեց լիբանանեան համապատասխան նախարարութիւններուն հետ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու միտող հանդիպումներուն արդիւնքները: Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ Պեքաայի երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Պեքաայի միջազգային ճամբուն եւ Պէյրութ-Պեքաա փապուղիին վերաբերող հարցեր: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Հերմելի...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Ներկայացուց Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ Շրջանի Կալուածներու Սեփականատէրերուն Տուրքերը Ջնջելու Վերաբերեալ Օրինագիծ Մը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Ներկայացուց Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ Շրջանի Կալուածներու Սեփականատէրերուն Տուրքերը Ջնջելու Վերաբերեալ Օրինագիծ Մը

Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ խորհրդարանին ներկայացուց օրինագիծ մը, որուն մէջ պահանջեց Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանի կալուածներու սեփականատէրերուն տուրքերը ջնջել: Ստորեւ կը ներկայացնենք օրինագիծը` իր ամբողջութեամբ. «Պատերազմի ընթացքին Լիբանանի հանրապետութիւնը վկայեց ցաւալի դէպքեր, որոնց հետեւանքներէն էր այն, որ լիբանանցի քաղաքացիներ Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանին մէջ կորսնցուցին իրենց կալուածներն ու աշխատանքները` օրին իշխող կատարուած իրողութեան ուժերուն կողմէ անոնց տիրանալու պատճառով: Իննսունականներու սկիզբը, երբ խաղաղութիւնը սկսաւ ինքզինք...

Լիբանանցիներու Գործած Անձնասպանութեանց Զուգահեռ, Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակուի, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Փորձէ Լուծել Երկրին Դիմագրաւած Սուր Տագնապը

Լիբանանցիներու Գործած Անձնասպանութեանց Զուգահեռ, Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակուի, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Փորձէ Լուծել Երկրին Դիմագրաւած Սուր Տագնապը

Լիբանան երէկ արթնցաւ լիբանանցի քաղաքացիի մը անձնասպանութեան ցնցիչ լուրով: Երէկ առաւօտեան լիբանանցի քաղաքացի Օ. Հ., ծնեալ` 1959-ին, ուղղուեցաւ Համրայի սրճարաններէն մէկը, ուր իր սուրճը խմելէ ետք, իր անձնական ատրճանակով անձնասպանութիւն գործեց: Նախքան այդ, քաղաքացին իր մօտ գտնուող տունկին վրայ զետեղած էր լիբանանեան պետութենէն փաստաթուղթ մը, որ կը փաստէ, թէ ինք քրէական ոչ մէկ յանցանք գործած է, ինչպէս նաեւ այդ թուղթին...

Ուազնի Նախագահեց Դրամատուներու Քննչական Յատուկ Յանձնախումբի Նիստին

Ուազնի Նախագահեց Դրամատուներու Քննչական Յատուկ Յանձնախումբի Նիստին

Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց դրամատուներու քննչական յատուկ յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ յանձնախումբի նախագահ Մայա Տապպաղի եւ յանձնախումբի անդամներ Մարուան Մխայէլի, Քամել Ուազնիի, Ատել Տրէյքի եւ Ժոզեֆ Հատտատի: Նիստին ընթացքին Ուազնի յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբին` անոր ստանձնած դժուար աշխատանքին առումով, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ յառաջիկայ փուլին անոր տալիք որոշումները դժուար պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն կապուած պիտի ըլլան...

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Մարզասրահներու Գործունէութեան Չափանիշներ Ճշդելու Քննարկումները` Ներկայութեամբ Նախարար Օհանեան-Գէորգեանի

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Մարզասրահներու Գործունէութեան Չափանիշներ Ճշդելու Քննարկումները` Ներկայութեամբ Նախարար Օհանեան-Գէորգեանի

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի եւ ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի: Նիստէն ետք Ապի Ռամիա յայտնեց, որ յանձնախումբը շարունակեց քննարկել մարզասրահներու գործունէութեան չափանիշներ ճշդելու աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր հիման վրայ անոնց գործելու արտօնագիր սահմանել: Ապի Ռամիա յայտնեց, որ յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Ֆատի Ալամէ, որ ներկայացուցած էր...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Լիբանանէն Կը Պահանջուի Յանդուգն Քայլ Մը` Արգիլելու Համար Երկրին Բնական Հարստութեան Գողութիւնը»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Լիբանանէն Կը Պահանջուի Յանդուգն Քայլ Մը` Արգիլելու Համար Երկրին Բնական Հարստութեան Գողութիւնը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին պլոքը շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն` հաստատելով այդ գումարներուն դպչելու իր մերժումը: «Այդ գումարները պէտք է պաշտպանել ու երաշխաւորել», նշեց պլոքը: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը խստիւ դատապարտեց անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին լիբանանեան ներքին հարցերու ամերիկեան միջամտող յայտարարութիւնները, լիբանանցիները իրարու դէմ գրգռելու...

Դեսպան Աթաբէկեան Ժոզեֆ Թարապէյի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Դրամատնային Համագործակցութեան Հեռանկարները

Դեսպան Աթաբէկեան Ժոզեֆ Թարապէյի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Դրամատնային Համագործակցութեան Հեռանկարները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հայկական դեսպանատան մէջ ընդունեց «Քրետի Լիպանէ» դրամատան եւ Արաբական դրամատուներու համաշխարհային միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ դրամատնային համակարգի առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ համագործակցութեան հեռանկարներուն հետ կապուած հարցեր:

«Լիբանանի Նկատմամբ Որդեգրուած Ամերիկեան Քաղաքականութիւնը Հիմնուած Է Դիմադրութեան Դէմ Սադրանքներ Հրահրելու Բացայայտ Կոչերու Վրայ»  Զգուշացուց Զասիփքին

«Լիբանանի Նկատմամբ Որդեգրուած Ամերիկեան Քաղաքականութիւնը Հիմնուած Է Դիմադրութեան Դէմ Սադրանքներ Հրահրելու Բացայայտ Կոչերու Վրայ» Զգուշացուց Զասիփքին

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի կատարած յայտարարութիւնները չեն տարբերիր ամերիկացի այլ պատասխանատուներու կատարած յայտարարութիւններէն, որոնք կը միտին Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնել: Զասիփքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Հըզպալլան պատասխանատու կը նկատէ Լիբանանի մէջ տիրող փտածութեան, տնտեսական տագնապին, դրամատնային համակարգի տագնապին, մաքսատան եւ սահմանային անցքերու կացութեան, «մինչդեռ բոլորիս համար ծանօթ...

ՀՅԴ «Բերդավայր» Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռիֆիի

ՀՅԴ «Բերդավայր» Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռիֆիի

ՀՅԴ Թրիփոլիի «Բերդավայր» կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց արդարութեան նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր եւ արդիւնաւէտ մթնոլորտի մէջ: Ռիֆի ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն առումով օգտակար հանդիսանալու Թրիփոլիի հայութեան:

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1830-ի, Մահուան Պարագաներունը` 35-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1242-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1830-ի, Մահուան Պարագաներունը` 35-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1242-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1830-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 34 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 15-ը տեղացիներ են, իսկ 19-ը`  Լիբանան եկած արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 35 պարագաներ մահացած են, իսկ 1242 ուրիշներ` ապաքինած: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Կանայի կառավարական հիւանդանոցը, ուր յայտնեց, թէ...

Կառավարութիւնը Նիստ Մը Գումարեց`  Ներկայութեան Սալամէի Եւ Սֆէյրի

Կառավարութիւնը Նիստ Մը Գումարեց` Ներկայութեան Սալամէի Եւ Սֆէյրի

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս ելեւմտական ու տնտեսական հարցերը: Կառավարութեան նիստի սկիզբի բաժնին մասնակցեցան նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր: Սալամէի եւ Սֆէյրի ներկայութեան կառավարութիւնը քննարկեց դրամական շուկային մէջ տիրող իրավիճակը եւ լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկող...

Page 480 of 988 1 … 479 480 481 … 988

Արխիւներ