Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըթթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Հռոմ

July 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Հռոմ:

Այսօր ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայոյի, պաշտպանութեան նախարար Լորենզօ Կորինիի, Իտալիոյ մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններու, ինչպէս նաեւ իտալացի քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու հետ:

Կը նախատեսուի, որ վաղը` երեքշաբթի, 7 յուլիս 2020-ին, Հըթթի հանդիպում մը ունենայ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փոլ Ռիչըրտ Կալակըրի եւ Արեւելքի եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Սանտրիի հետ:

Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր յայտնեց, որ Հըթթիի կատարելիք այս այցելութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ ան կը միտի Իտալիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել, յատկապէս նկատի ունենալով լիբանանեան-իտալական պատմական յարաբերութիւնները:

Յորդանանի Մէջ

Նշենք, որ շաբաթավերջին պաշտօնական այլ այցելութեամբ մը նախարար Հըթթի ուղղուած էր Յորդանան եւ հանդիպում ունեցած յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Այման Սաֆատիի հետ:

Հըթթի յայտնեց, որ Սաֆատիի հետ քննարկած է լիբանանեան-յորդանանեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական համագործակցութեան աշխուժացման հեռանկարները:

Ան նշեց, որ Սաֆատիի հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատին վերաբերող հարցեր, որոնց լոյսին տակ ընդգծուեցաւ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին Սաֆատի յայտնեց, որ Յորդանան մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին ու լիբանանցիներուն, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի շրջանային տագնապները Լիբանանի վրայ ծանր հետեւանքներ չունենան:

Նախորդը

Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Նիստին Լիբանանեան Կողմը Զգուշացուց Իսրայէլը` Սահմանամերձ Ծովային Շրջանին Մէջ Պեղումներ Կատարելէ

Յաջորդը

Յուսահատութեան Ճիչերը Ճեղքեց Պաալպեքէն Հնչած «Գոյատեւման Ձայնը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.