Իսրայէլեան ուժերու «Կոլանի» ջոկատի հրամանատար զօր. Ռոման Կոֆման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի հետզհետէ հզօրացումը, անոր կողմէ սուրիական Կոլանի մէջ տեղակայուելու փորձերն ու սուրիական բանակին վերակազմաւորման բերած անոր նպաստը Իսրայէլը կը ստիպեն ըլլալու պատրաստ ու նախաձեռնող:
Կոֆման յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան պաշտպանելու Կոլանի բարձունքները, Հարամունը (Ժապալ Շէյխ) եւ անոնց բնակիչները, ինչպէս նաեւ որեւէ ճակատամարտի կամ պատերազմի ընթացքին յաղթանակ արձանագրելու:
«Կոլանի» ջոկատի նախկին հրամանատար Ամիթ Ֆիշըր Կոֆմանի յայտնեց, որ պատերազմէն ետք սուրիական բանակը առանձին չէ, այլ սահման վերադարձած է շիի իր դաշնակիցներուն` Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ:
Նշենք, որ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը հարաւային Իսրայէլի մէջ ռազմափորձեր կը կատարեն` իբրեւ նախապատրաստութիւն Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմի մը: