Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուազնի Նախագահեց Դրամատուներու Քննչական Յատուկ Յանձնախումբի Նիստին

Յուլիս 4, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց դրամատուներու քննչական յատուկ յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ յանձնախումբի նախագահ Մայա Տապպաղի եւ յանձնախումբի անդամներ Մարուան Մխայէլի, Քամել Ուազնիի, Ատել Տրէյքի եւ Ժոզեֆ Հատտատի:

Նիստին ընթացքին Ուազնի յաջողութիւն մաղթեց յանձնախումբին` անոր ստանձնած դժուար աշխատանքին առումով, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ յառաջիկայ փուլին անոր տալիք որոշումները դժուար պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն կապուած պիտի ըլլան դրամատնային մարզի ճակատագիրին, տնտեսական կացութեան, ելեւմտական համակարգին, ինչպէս նաեւ երկրին ճակատագիրին:

Ուազնի ընդգծեց, որ յանձնախումբին վստահուած պատասխանատուութիւնը մեծ է, եւ բոլորը կը սպասեն տեսնելու համար, թէ յանձնախումբը ի՛նչ արժեւորում պիտի տայ դրամատնային աշխատանքին:

Միւս կողմէ, Ուազնի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ Քրիսթել Ուաքիմի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ան դրուատեց Ուաքիմի դերակատարութիւնը եւ յանձնառութիւնը` Կեդրոնական դրամատան մէջ օրէնքի գործադրութեան եւ հաշուական գործառնութեան հսկողութեան առումով:

Նշենք, որ Ուազնիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ելեւմուտքի նախարարին տեղեկատուական գրասենեակը կը հաստատէ, որ նախարարութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը բանակցող լիբանանեան պատուիրակութենէն պահանջեց իրեն ներկայացուած թիւերը նոյնացնել եւ պահանջուած բարեկարգումները գործադրել:

 

Նախորդը

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Մարզասրահներու Գործունէութեան Չափանիշներ Ճշդելու Քննարկումները` Ներկայութեամբ Նախարար Օհանեան-Գէորգեանի

Յաջորդը

Լիբանանցիներու Գործած Անձնասպանութեանց Զուգահեռ, Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակուի, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Փորձէ Լուծել Երկրին Դիմագրաւած Սուր Տագնապը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?