Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Մարզասրահներու Գործունէութեան Չափանիշներ Ճշդելու Քննարկումները` Ներկայութեամբ Նախարար Օհանեան-Գէորգեանի

July 4, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի եւ ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի:

Նիստէն ետք Ապի Ռամիա յայտնեց, որ յանձնախումբը շարունակեց քննարկել մարզասրահներու գործունէութեան չափանիշներ ճշդելու աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր հիման վրայ անոնց գործելու արտօնագիր սահմանել:

Ապի Ռամիա յայտնեց, որ յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Ֆատի Ալամէ, որ ներկայացուցած էր այս օրինագիծի առաջարկը, հանդիպում մը ունեցած է նախարար Օհանեան-Գէորգեանի ու նախարարութեան անձնակազմին հետ եւ տեսակէտներու փոխանակում կատարած իր առաջարկած օրինագիծին մասին:

Ապի Ռամիա յայտնեց, որ նախարար Օհանեան-Գէորգեան յանձնախումբը տեղեակ պահած է Ալամէի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին` աւելցնելով, որ որոշուած է ունենալ երկու այլ հանդիպումներ, որոնցմէ առաջինին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ մարզասրահներուն սեփականատէրերն ու պատասխանատուները, որպէսզի աւելի լաւ կերպով սերտուին անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ նկատի առնուին անոնց առաջարկները` նախքան օրինագիծի վերջնականացումը, իսկ երկրորդ հանդիպումին պիտի մասնակցին համալսարաններու եւ մարզական հիմնարկներու ներկայացուցիչները` իմանալու համար, թէ Լիբանանի մէջ ի՛նչ համալսարաններ կան, որոնք մարմնակրթութեան ճիւղեր ունին եւ ի՛նչ վկայականներ կը տրուին այդ իմաստով` պատրաստելով մարզական ակումբներու եւ մարզասրահներու մէջ մարմնակրթութեան դասատուներ:

Ապի Ռամիա նկատել տուաւ, որ յանձնախումբը երկու շաբաթ ետք պիտի գումարէ իր նիստը` քննարկելու համար վերոնշեալ զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած միտքերը, առաջարկներն ու պարզուած դժուարութիւնները:

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Լիբանանէն Կը Պահանջուի Յանդուգն Քայլ Մը` Արգիլելու Համար Երկրին Բնական Հարստութեան Գողութիւնը»

Յաջորդը

Ուազնի Նախագահեց Դրամատուներու Քննչական Յատուկ Յանձնախումբի Նիստին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.