Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1873-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1311-ի

July 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1873-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 18 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 11-ը տեղացիներ են, իսկ 7-ը` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 36 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1311 ուրիշներ` ապաքինած:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, ընկերակցութեամբ` Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրի, անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Պաալպեք, ուր ստուգեց Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողմէ երէկ գիշեր տեղի ունեցած «Գոյատեւման ձայնը» անունով ելոյթին նախապատրաստական աշխատանքները:

Նախարար Հասան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավար մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին հետ` դրուատելով անոր աշխատանքը եւ ընդգծելով, որ լիբանանցիները այդ համերգին  պիտի հետեւին լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն` ուղղակի սփռումով, յարգելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակին պարտադրած ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը:

«Կեանքի, յոյսի եւ մարտահրաւէրներուն դիմադրելու մշակոյթը կը պահանջէ կամք, կառչածութիւն եւ վճռակամութիւն: Այս յատկանիշները լիբանանցի ժողովուրդին մօտ առկայ են, եւ ան իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն ընթացքին փաստած է, թէ կրնայ դիմագրաւել դժուարութիւնները, եւ թէ ապագան գեղեցիկ պիտի ըլլայ: Պաալպեքէն աշխարհին ուղղուած կիրակի գիշերուան քաղաքակիրթ եւ լուսաւոր պատգամը պիտի հաստատէ, որ մեր ընկերութեան մէջ տիրող այսօրուան մութ պատկերը ժամանակաւոր է, եւ կարելի պիտի ըլլայ զայն թօթափել: Լիբանանը իր փայլուն պատգամը պիտի պահպանէ` հակառակ ներկայիս իշխող մթութեան», ըսաւ Համատ Հասան:

 

Նախորդը

Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Ահմետ Քարամէ Մահացաւ

Յաջորդը

Ֆահմի. «Թուրքիայէն Ժամանած Անձնական Օդանաւէ Մը Չորս Անձեր Ձերբակալուեցան»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Լիբանանեան

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.