Պըրրի – Պասիլ Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Անոնք լուսարձակի տակ առին նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակն ու երկրին դիմագրաւած տագնապները: Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պասիլ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Ծանօթ աղբիւրներ ժողովին մասին յայտնեցին, որ Պըրրի եւ Պասիլ համաձայն են, որ Միջազգային...



















