Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի. «Թուրքիայէն Ժամանած Անձնական Օդանաւէ Մը Չորս Անձեր Ձերբակալուեցան»

Յուլիս 6, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի ներքին հարցերուն կայ արտաքին միջամտութիւն` աւելցնելով, թէ Թուրքիայէն ժամանած անձնական օդանաւէ մը չորս անձեր ձերբակալուած են:

«Չորս անձերը, որոնք ինքնութեամբ թուրք են եւ սուրիացի, Լիբանան փոխադրած են 4 միլիոն տոլարի գումար մը` այն պատճառաբանութեամբ, որ անոնք Լիբանանի մէջ լումայափոխութեամբ կը զբաղին: Մեզի համար յստակ չէ, թէ այդ գումարները ի՛նչ նպատակ կը հետապնդեն: Արդեօք անոնք մաքսանենգո՞ւմի համար են, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանի՞շը արժեզրկելու, թէ` փողոցին մէջ խուլիկանութիւններն ու վայրագութիւնը ֆինանսաւորելո՞ւ», հարց տուաւ ան:

Ֆահմի շեշտեց նաեւ, որ «Ուաթցափ»-ի միջոցաւ Թուրքիայէն ցուցմունքներ կը ստանան ժողովրդային շարժումի որոշ կողմեր. «Ուստի հարցումը կը մնայ այն, որ անոնք ինչո՞ւ Լիբանան ժամանած են եւ այդքան հսկայական գումարներ ունին իրենց մօտ», շեշտեց Ֆահմի:

Ան ընդգծեց, որ կան կողմեր, որոնք կ՛օգտագործեն տնտեսական կացութիւնն ու ապրուստի վատ պայմանները` հզօրացնելու համար ժողովրդային շարժումը եւ անօթութեան խորագիրին տակ հետապնդելու այլ նպատակներ:

Ան ըսաւ, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի, սակայն տնտեսական տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ անոր վրայ:

Ֆահմի շեշտեց, որ երկրին ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը հեզասահ ընթացքի մէջ է:

Ըստ անոր, կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` յայտնելով, որ վարչապետ Հասսան Տիապի ցուցմունքները կը կեդրոնանան կայուն եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին վրայ:

Նախարարը շեշտեց, որ ներկայ փուլին իշխանութիւնը ստանձնող որեւէ կառավարութիւն արգելքներու դէմ յանդիման պիտի գտնուի, որովհետեւ տիրող կացութիւնը շատ դժուար է ու բարդ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1873-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1311-ի

Յաջորդը

Աուքարի Մէջ. Ամերիկեան Դեսպանատան Դիմաց` ՄԱԿ-ի Թիւ 1559 Բանաձեւին Գործադրութիւնը Պահանջող Ցոյց

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?