Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս ելեւմտական ու տնտեսական հարցերը:
Կառավարութեան նիստի սկիզբի բաժնին մասնակցեցան նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր:
Սալամէի եւ Սֆէյրի ներկայութեան կառավարութիւնը քննարկեց դրամական շուկային մէջ տիրող իրավիճակը եւ լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկող սեւ շուկային վերաբերող խնդիրներ:
Ռիատ Սալմէ յայտնեց, որ ամերիկեան տոլարի ստեղծած սեւ շուկային մէջ կատարուող գործառնութիւնները 10-15 առ հարիւրի համեմատութիւնը չեն շրջանցեր` աւելցնելով, թէ Կեդրոնական դրամատունը այդ շուկային չի միջամտեր:
Իր կարգին, Սֆէյր յայտնեց, որ ընկերային ցանցերուն եւ տեղեկատուութեան մարզին մէջ ժխտական մթնոլորտ մը գոյութիւն ունի:
Սֆէյր վարչապետարանէն դուրս գալէ ետք ուղղակի այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի:
Սֆէյր ըսաւ, որ իրենց նպատակն է Լիբանանը վերադարձնել իր նախկին տնտեսական կեանքին ու առօրեային: «Կեդրոնական դրամատան զօրակցութեամբ ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրուի լիբանանեան դրամատուներուն», ըսաւ Սֆէյր` աւելցնելով, որ Պուխարիի այցելելու նպատակը զայն տիրող տնտեսական պատկերէն տեղեակ պահելն է, ինչպէս նաեւ ընդգծել, թէ Լիբանան չի մոռնար Սէուտական Արաբիոյ բարիքները:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ ըսած է, թէ կան տեղական եւ արտաքին ուժեր, որոնք կը շրջափակեն լիբանանցիները եւ Լիբանանը շրջանային տագնապներու միջամուխ կը դարձնեն:
«Վարչապետը հաստատեց, որ ամերիկեան տոլարի խաղը բացայայտուած է` աւելցնելով, որ անոնք մեզմէ բարեկարգումներ կը պահանջեն, մինչդեռ փտածութիւնը կը պաշտպանեն, փտածներուն անձեռնմխելիութիւն կը շնորհեն եւ կ՛արգիլեն, որ իւրացուած գումարներուն թղթածրարները ստանանք», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Ան նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար բացատրեց նաւթին Լիբանան հասնելու ուշացման դրդապատճառները:
Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդէն իր ստացած այն առաջարկը, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով ընդհանուր զօրաշարժը պիտի յետաձգուի մինչեւ 2 օգոստոս 2020:
Ապտել Սամատ նշեց, որ կառավարութիւնը որոշեց համացանցի արագացման դրութիւնը երկարաձգել մինչեւ սեպտեմբեր 2020:
Անդրադառնալով Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն` Ապտել Սամատ հաստատեց, որ կառավարութեան եւ ֆոնտին միջեւ այդ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ ուղղակիօրէն կապուած են բարեկարգումներուն, որոնք գործադրութեան հունին մէջ են:
Նիստէն ետք հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ չինացիները պատրաստ են Լիբանանին օժանդակելու` ուժանիւթի, ճամբաներու եւ աղբի յատուկ ծրագիրներով:
Իր կարգին, Ղաժար յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մարզը լուրջ դժուարութիւններու մէջ է` աւելցնելով սակայն, որ կարելի պիտի ըլլայ վառելանիւթ ապահովել` ելեկտրականութիւն հայթայթելու համար:
Ղաժար կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` մոմ գնելու իրարանցումին մէջ չներքաշուելու:
Միւս կողմէ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետ Տիապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը` ներկայութեան նախարարներ Տըմիանոս Քաթթարի, Իմատ Հուպալլայի, Միշել Նաժժարի, Ռեմոն Ղաժարի, Ռամզի Մշարրաֆիէի, Տիապի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու դեսպան Ժըպրան Սուֆանի եւ Տիապի գրասենեակի տնօրէն Խալետ Աքարիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան բոլոր մարզերուն մէջ Չինաստանի հետ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները, իսկ չինական պատուիրակութիւնը ընդգծեց Լիբանանի հետ իր գործընկերութիւնը աշխուժացնելու պատրաստակամութիւնը:
Ցոյցերը Շարունակուեցան Նաեւ Երէկ
Նշենք, որ երէկ եւս լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին ցուցարարները հրկիզուած անիւներով եւ աղբի տակառներով տարբեր շրջաններու ճամբաներ, մայրուղիներ ու հրապարակներ փակեցին` երկրին մէջ հետզհետէ շեշտուող տնտեսական տագնապին, սղաճին եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ բողոքելու համար:
Ժողովրդային շարժումի ցուցարարները երեկոյեան ժամը 6:00-ին փակեցին ներքին գործոց նախարարութեան ճամբան, Սանայէհ, ինչպէս նաեւ Ժպէյլի մայրուղին:
Ցոյցին պատճառով ստեղծուեցաւ ահաւոր խճողում:
Աւելի ուշ խումբ մը ցուցարարներ կրցան քանդել Ռիատ Սոլհ հրապարակի քարաշէն պատնէշներէն մէկը:
Ցուցարարներ երկու ուղղութեամբ փակեցին Քորնիշ Մազրաան, հարաւային Լիբանան տանող մայրուղին, Պըհսաս-Թրիփոլի մայրուղին, ինչպէս նաեւ Սայֆի-Պէյրութ ճամբան:
Սայտայի մէջ ցուցարարները փակեցին Էլիա հրապարակը, իսկ Թրիփոլիի մէջ անոնք հրկիզուած անիւներով փակեցին Նուր հրապարակը:
Փակ մնացին նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի այլ շրջանները, ինչպէս Քասքաս, Քոլայի կամուրջը, Օմար Պայհամ եւ Օմար Ֆարուք հատուածներն ու Մարզական աւանը:
Կէս գիշերին ցուցարարները փակեցին նաեւ Զուքի մայրուղին: