Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ անցեալ շաբաթ օր ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած իրաքեան պատուիրակութիւնը եւ քննարկեց լիբանանեան համապատասխան նախարարութիւններուն հետ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու միտող հանդիպումներուն արդիւնքները:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ Պեքաայի երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Պեքաայի միջազգային ճամբուն եւ Պէյրութ-Պեքաա փապուղիին վերաբերող հարցեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Հերմելի մէջ ձերբակալած է երեք սուտանցիներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` երեքշաբթի, 7 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ` անդրադառնալով երկրին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` վերջ տալու լիբանանեան օրինական եւ ազգային որոշումին սահմանափակման:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս կիրակի օրուան իր քարոզին ընդմէջէն հարց տուաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն, որ արդեօք անոնք հանգիստ խիղճով կը քնանա՞ն, երբ ժողովուրդը, որուն պատասխանատու են իրենք, անօթի կը քնանայ եւ ժողովուրդին զաւակները անձնասպանութիւն կը գործեն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը առաջիններէն է, որ կը պահանջէ կառավարութեան տապալումը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ` իր խօսքը ուղղելով Ուալիտ Ժոմպլաթին յայտնեց, որ Լեռնալիբանանը անոր սեփականութիւնը չէ: «Լեռնալիբանանի մէջ մենք եւս գործակիցներ ենք, եւ եթէ ոեւէ մէկը ուզէ քանդել զայն, ապա անոր ձեռքերը կը կոտրենք», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրի Գործադիր Վարչութիւնը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Ռոման Կոֆման. «Հըզպալլայի Հետզհետէ Հզօրացումը Մեզ Կը Ստիպէ Ըլլալ Պատրաստ Եւ Նախաձեռնող»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.