Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցիներու Գործած Անձնասպանութեանց Զուգահեռ, Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակուի, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Փորձէ Լուծել Երկրին Դիմագրաւած Սուր Տագնապը

Յուլիս 4, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան երէկ արթնցաւ լիբանանցի քաղաքացիի մը անձնասպանութեան ցնցիչ լուրով:

Երէկ առաւօտեան լիբանանցի քաղաքացի Օ. Հ., ծնեալ` 1959-ին, ուղղուեցաւ Համրայի սրճարաններէն մէկը, ուր իր սուրճը խմելէ ետք, իր անձնական ատրճանակով անձնասպանութիւն գործեց:

Նախքան այդ, քաղաքացին իր մօտ գտնուող տունկին վրայ զետեղած էր լիբանանեան պետութենէն փաստաթուղթ մը, որ կը փաստէ, թէ ինք քրէական ոչ մէկ յանցանք գործած է, ինչպէս նաեւ այդ թուղթին կցած էր լիբանանեան դրօշ մը, ու ձեռագիրով արձանագրած, թէ ինք անհաւատ չէ:

Ապահովութեան ուժերը այս միջադէպին շուրջ հետաքննութիւն բացին:

Ապահովութեան ուժերը ընդգծեցին նաեւ, որ այլ քաղաքացի մը Ժատրայի մէջ անձնասպանութիւն գործած է:

Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապին եւ երկրին մէջ տիրող անյոյս այս վիճակին պարտադրած ծանր պայմաններուն ներքեւ անձնասպանութեան այս դէպքերը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրեն:

Միւս կողմէ, կառավարութեան մասին նախանցեալ օր շրջանառութեան մէջ եղած լուրերը երէկ վերացան, երբ Հըզպալլա հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ ներկայ կառավարութեան, որուն օրինակութիւնը բխած է խորհրդարանէն, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կատարած այն գրառումէն, որ համաձայնութեան վերջ տրուած է, եւ այսօր ժամանակն է բարեկարգումներ կատարելու եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժէքը վերահաստատելու:

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ:

Հանդիպումէն ետք Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ դրամատուներուն: Այս գումարները պիտի օգտագործուին հում նիւթ, դեղորայք, սննդեղէն եւ բժշկական ու հիւանդանոցային պիտոյք ներածելու նպատակներով:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Իրաքեան Պետական Պատուիրակութիւն Մը
Կ՛այցելէ Տիապի Եւ Պըրրիի

Վարչապետ Տիապի այցելեց իրաքեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Իրաքի երկրագործութեան, կրթութեան, ուժանիւթի եւ ճարտարարուեստի նախարարները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները, յատկապէս Լիբանանի կողմէ Իրաքէն ուժանիւթ ներածելու եւ անոր փոխարէն իրաքեան շուկային լիբանանեան ճարտարարուեստ եւ երկրագործական արտադրութիւն հայթայթելու կարելիութիւնները:

Տիապ ողջունեց Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի կողմէ արագ ընդառաջումը Լիբանանի կոչին, ինչպէս նաեւ դրուատեց լիբանանեան-իրաքեան պատմական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Իրաքի ուժանիւթի նախարար Իհսան Ապտել Ժապպար հաստատեց, որ երկու երկիրները գործընկերութեան յատկանիշներ ունին` աւելցնելով, որ քննարկուած են Լիբանանի կողմէ իրաքեան նաւթ ներածելու մանրամասնութիւնները:

Իր կարգին, ուժանիւթի նախարար Ռեմոն Ղաժար շեշտեց, որ Լիբանան նաւթային երկիրներու հետ կը սերտէ նաւթ ներածելու կարելիութիւնները:

Իրաքեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումէն ետք Իմատ Հուպալլա Այն Թինէէն յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւնը աշխուժացնելու եւ ամրապնդելու հեռանկարները:

Հուպալլա շեշտեց, որ հանդիպումներն ու քննարկումները պիտի շարունակուին Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս` յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու այլ առիթներ ստեղծուին:

 

 

Նախորդը

Ուազնի Նախագահեց Դրամատուներու Քննչական Յատուկ Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?