Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակիւս շեշտեց, որ Ուաշինկթընի համար Հըզպալլա կը շարունակէ մնալ Լիբանանի կայունութիւնը խանգարող ուժ` միաժամանակ ընդգծելով, որ Մ. Նահանգներ կը շարունակեն օժանդակել Լիբանանին` դիւանագիտական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն մակարդակով:
Օրթակիւս նշեց, որ լիբանանցի ղեկավարները կը գտնուին դժուար ընտրանքներու դիմաց:
Ան հաստատեց, որ Մ. Նահանգներ պիտի աշխատին ֆրանսացիներուն եւ այլոց հետ գործակցիլ` Լիբանանի համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար: