Լիբանանեան

Արաբ Երիտասարդութեան Նախարարներու Խորհուրդը Որոշեց, Որ Լիբանան 2022-ին Պիտի Հիւրընկալէ Արաբական 15-րդ Մարզախաղերու Ախոյեանութիւնները, Եւ Պիտի Դառնայ «Արաբ Երիտասարդութեան Մայրաքաղաք»-ը

Արաբ Երիտասարդութեան Նախարարներու Խորհուրդը Որոշեց, Որ Լիբանան 2022-ին Պիտի Հիւրընկալէ Արաբական 15-րդ Մարզախաղերու Ախոյեանութիւնները, Եւ Պիտի Դառնայ «Արաբ Երիտասարդութեան Մայրաքաղաք»-ը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զայտ Խիամէ, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու երիտասարդութեան նախարարները գումարեցին Արաբ երիտասարդութեան նախարարներու խորհուրդի 43-րդ ընդհանուր ժողովը: «Զում»-ի միջոցաւ գումարուած, այլ խօսքով` առցանց ժողովին ընթացքին խորհուրդը որոշեց, որ Իրաք, Լիբանան, Պենկազի եւ Երուսաղէմ պիտի ըլլան այն երկիրները, որոնք 2021-ին, 2022-ին, 2023-ին եւ 2024-ին յաջորդաբար պիտի հիւրընկալեն Արաբական 14-րդ, 15-րդ, 16-րդ եւ...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ` Երկրին Իշխանութիւնները Փոփոխութեան Ենթարկելու Եւ Լիբանանին Վերադարձնելու Իր Ազատ Որոշումը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ` Երկրին Իշխանութիւնները Փոփոխութեան Ենթարկելու Եւ Լիբանանին Վերադարձնելու Իր Ազատ Որոշումը

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը` նախագահութեամբ իր ղեկավարին, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած սուր տագնապը: Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը կոչ ուղղեց` երկրին իշխանութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանը չէզոք պահելու եւ անոր վերադարձնելու իր ազատ որոշումը: Նիստին ընթացքին կուսակցութիւնը խստիւ քննադատեց Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական ահաւոր տագնապը` ընդգծելով, որ Լիբանանի...

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը Եւ Ընտրեց Իր Վարչութիւնը

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը Եւ Ընտրեց Իր Վարչութիւնը

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի իր նորանշանակ կազմը գումարեց իր առաջին նիստը, նախագահութեամբ` խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն Ռուքոզի եւ ներկայութեամբ` խորհուրդի փոխնախագահ Նաուար Մաուլաուի Տիապի: Այս առիթով Ռուքոզ հաստատեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը իր մշակելիք ու գործադրելիք ծրագիրներուն ընդմէջէն ճիգ պիտի չխնայէ` բարելաւելու  կնոջ կացութիւնը: Նշենք, որ այս առիթով Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը ընտրեց իր վարչութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1945-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 39 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 24-ը տեղացիներ են, իսկ 15-ը Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 36 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1368 ուրիշներ` ապաքինած: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է միջամտէ իր եւ Ազգային...

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Պըրրիի

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Այցելեցին Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի,  երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Հանդիպումէն ետք նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վերաբերող հարցեր` շեշտելով, որ ան Պըրրիի մօտ շօշափած է Լիբանանի հանդէպ իր յանձնառութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու ճիգերը, որպէսզի երկրին դիմագրաւած...

Կառավարութիւնը Ելեկտրականութեան  Ընկերութեան Տնօրէն Խորհուրդը Նշանակեց, Իսկ Պիֆանիի Հրաժարականին Վաւերացումը Յետաձգեց

Կառավարութիւնը Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Տնօրէն Խորհուրդը Նշանակեց, Իսկ Պիֆանիի Հրաժարականին Վաւերացումը Յետաձգեց

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւններն ու կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց Կեդրոնական դրամատան հաշիւները դատական հաշուեքննութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա Կեդրոնական...

Սէյիտ Նասրալլա Յայտարարեց Ճարտարարուեստի Եւ Երկրագործական Դիմադրութեան Մեկնարկը

Սէյիտ Նասրալլա Յայտարարեց Ճարտարարուեստի Եւ Երկրագործական Դիմադրութեան Մեկնարկը

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նկատել տուաւ, որ ներկայիս լիբանանցիներուն դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական եւ ապրուստի ծանր կացութիւնը կարիքը ունի բոլորին ճիգերուն: Յուլիսեան պատերազմի յիշատակի նախօրեակին սէյիտ Նասրալլա վերյիշեց դիմադրութեան յաղթանակները եւ շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրի պարտութիւնը` մեկնելով Լիբանանէն: Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հայեացքները դէպի Արեւելք ուղղելը չի նշանակեր յարաբերութիւնները խզել Արեւմուտքի հետ,...

Իտալիոյ Մէջ.   «Լիբանան Զգայուն Փուլ Մը Կը Դիմագրաւէ, Եւ Մենք Պիտի Շարունակենք Զօրակցիլ Անոր»  Շեշտեց Կուերինի

Իտալիոյ Մէջ. «Լիբանան Զգայուն Փուլ Մը Կը Դիմագրաւէ, Եւ Մենք Պիտի Շարունակենք Զօրակցիլ Անոր» Շեշտեց Կուերինի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ Հռոմի մէջ շարունակեց իր հանդիպումները: Այս շրջագիծին մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Լորենզօ Կուերինիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Հըթթի եւ Կուերինի ընդգծեցին լիբանանեան եւ իտալական բանակներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` բարձր գնահատելով հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը` պաշտպանելու համար սահմանային կայունութիւնը: Հանդիպումին...

Հարուն. «Յառաջիկայ Օրերուն Հիւանդանոցները Իրենց Դռները Պիտի Բանան Միայն Շտապ Կարիքի Մէջ Եղող Պարագաներուն»

Հարուն. «Յառաջիկայ Օրերուն Հիւանդանոցները Իրենց Դռները Պիտի Բանան Միայն Շտապ Կարիքի Մէջ Եղող Պարագաներուն»

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1907-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1348-ի Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1907-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 22 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 14-ը տեղացիներ են, իսկ 8-ն` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 36 պարագաներ մահացած են, իսկ 1348 ուրիշներ` ապաքինած:...

Ռայի Պատրիարքը Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ մարոնի պատրիարքութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնները: Պուխարի դրուատեց Ռայի պատրիարքին կիրակի օրուան քարոզը` գնահատելով անոր յայտարարութիւնը: «Ռայի պատրիարքը իր կոչին մէջ ուղղեց հարցերը, յատկապէս Լիբանանի չէզոք կեցուածքին, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ քաղաքացիական ապահովութեան հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորելէն, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի բանակցութիւններուն, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, ինչպէս նաեւ իր ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութեան Լիբանանի իրաւունքին վերաբերող հարցեր: ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ գերագոյն խորհուրդը երէկ նիստ մը գումարեց` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ...

«Կը Զօրակցինք Կառավարութեան  Եւ Կը Մաղթենք, Որ Անոր Աշխատանքի  Թափը Աշխուժանայ»   Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Կը Զօրակցինք Կառավարութեան Եւ Կը Մաղթենք, Որ Անոր Աշխատանքի Թափը Աշխուժանայ» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի, որուն հետ 45 վայրկեան տեւողութեամբ քննարկեց երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները: Բագրատունի վարչապետին ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, որ կառավարութիւնը պարտի արագ կերպով ձեռնարկել բարեկարգումի լայնածաւալ աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ վերահաստատել տարիներու ընթացքին կորսուած ժողովրդային վստահութիւնը եւ ապահովել օտար պետութեանց եւ ընկերութեանց ներդրումները: Երեսփոխան Բագրատունի պահանջեց, որ...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքն  Ու Նախարար Օհանեան Այցելեցին  Հանրապետութեան Միւֆթիին

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքն Ու Նախարար Օհանեան Այցելեցին Հանրապետութեան Միւֆթիին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան երէկ այցելեցին հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Տար Ֆաթուայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ դժուար ժամանակներուն ընթացքին անհրաժեշտ է հանդիպիլ հանրապետութեան միւֆթիին հետ` նկատի ունենալով անոր ներկայացուցած ազգային եւ ժողովրդային միասնականութեան արժէքն ու համերաշխութեան...

1943-2016` Լիբանան Անկախութեան Եւ Իրականութեան Միջեւ  (Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Նախագահ Աուն Դրուատեց Պաալպեքի Համերգը Եւ Կոչ Ուղղեց Լիբանանցիներուն` Կառչած Մնալու Յոյսին Եւ Անձնատուր Չըլլալու

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ դրուատեց կիրակի գիշեր Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած համերգը: «Պաալպեքի Բագոսի տաճարը նախանցեալ գիշեր կեանքի ինթիֆատա կ՛ապրէր, եւ անով ապրեցան լիբանանցիներն ու աշխարհը: Հոն հնչեցին երաժշտական, արուեստի, բանաստեղծութեան, նուագի կիրքեր` նախաձեռնութեան մը ներքեւ, որ կոչուեցաւ գոյատեւում, այն ինչ որ այսօր լիբանանցիները կ՛ապրին», ըսաւ նախագահ Աուն: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին կողմէ պատրաստուած եւ...

Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ Շրջանի Կալուածատէրերը Ողջունեցին Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Ներկայացուցած Օրինագիծը

Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանի կալուածներու սեփականատէրերը ողջունեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած այն օրինագիծը, որ կը պահանջէր ջնջել վերոնշեալ շրջանի բնակիչներուն տուրքերը` քաղաքապետական թէ ելեւմտական որեւէ տեսակի: Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանի կալուածատէրերը ողջունեցին պլոքին պահանջը, որ այդ կալուածներուն վրայ արձանագրուած օրինազանցութիւնները փարատին, ինչպէս նաեւ անոնց սեփականատէրերը օրինական կալուածագիրերը ստանան: «Քարանթինա-Մասլախ-Խտըր շրջանի բնակիչները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահին եւ անդամներուն` անոնց առաջադրած...

Պըրրի. «Կը Յուսամ Մօտիկ  Ապագային Բարի Լուրեր Լսել»

Պըրրի. «Կը Յուսամ Մօտիկ Ապագային Բարի Լուրեր Լսել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք, այն հարցին, թէ ի՞նչ են Քանայիի այցելութեան պատճառները` Պըրրի պատասխանեց. «Լիբանանին եղբայր եւ բարեկամ երկրի մը դեսպանին հետ հանդիպումէն ետք, կը յուսամ մօտիկ ապագային բարի լուրեր լսել»: Պըրրիի այցելեց...

Քասթալտօ. «Եւրոպա Պէտք Է Նեցուկ  Կանգնի Լիբանանցիներուն»

Քասթալտօ. «Եւրոպա Պէտք Է Նեցուկ Կանգնի Լիբանանցիներուն»

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, իտալացի երեսփոխան Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ երէկ Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրենց համար պատիւ է Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթիի Իտալիա այցելութիւնը եւ անոր իտալացի պաշտօնակիցին Լուիճի Տի Մայոյի հետ հանդիպումը: «Մենք լաւ գիտենք, որ նախորդ տարիներուն Լիբանան որքան տագնապներ եւ դժուարութիւններ հանդուրժեց, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող: Սակայն, հակառակ...

Աքր. «Եթէ Խորհրդարանը Փափաքի Կառավարութեան  Շնորհած Իր Վստահութեան Քուէն Յետս Կոչել,  Իր Իրաւունքն Է, Սակայն Մենք Կը Շարունակենք Գործել»

Աքր. «Եթէ Խորհրդարանը Փափաքի Կառավարութեան Շնորհած Իր Վստահութեան Քուէն Յետս Կոչել, Իր Իրաւունքն Է, Սակայն Մենք Կը Շարունակենք Գործել»

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանը փափաքի կառավարութեան շնորհած իր վստահութեան քուէն յետս կոչել, անիկա իր իրաւունքն է` աւելցնելով սակայն, որ ներկայ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը մինչեւ իր պաշտօնավարութեան վերջին վայրկեանը: Աքր հաստատեց, որ նախապէս կառավարութիւններ անդամալուծուած են, «բան մը, որ կը մերժենք մեր կառավարութեան պարագային, որովհետեւ մեր նպատակը աշխատանքն է ու արդիւնաբերութիւնը»,...

Հըթթի Եւ Տի Մայօ Ընդգծեցին  Լիբանանի Կայունութեան Կարեւորութիւնը

Հըթթի Եւ Տի Մայօ Ընդգծեցին Լիբանանի Կայունութեան Կարեւորութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայոյի հետ: Հանդիպումը որակուեցաւ կարեւոր եւ դրական. Տի Մայօ հաստատեց, թէ Իտալիա յանձնառու կը մնայ զօրակցելու Լիբանանին, որ կը դիմագրաւէ տնտեսական վտանգաւոր տագնապ մը, որուն պատճառով լիբանանցիները լուրջ եւ մեծ վտանգներու դիմաց կը գտնուին: Տի Մայօ ընդգծեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի նախարարութեան կարիքները: Ղաժար յայտնեց, որ ելեկտրականութեան հոսանքի հայթայթումը այսօրուընէ սկսեալ պիտի բարելաւուի: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ երէկ յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը հիմնական է` Լիբանանը իր դիմագրաւած դժուար կացութենէն փրկելու: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ...

Page 479 of 988 1 … 478 479 480 … 988

Արխիւներ