Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Ներկայացուց Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ Շրջանի Կալուածներու Սեփականատէրերուն Տուրքերը Ջնջելու Վերաբերեալ Օրինագիծ Մը

July 4, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ խորհրդարանին ներկայացուց օրինագիծ մը, որուն մէջ պահանջեց Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանի կալուածներու սեփականատէրերուն տուրքերը ջնջել:

Ստորեւ կը ներկայացնենք օրինագիծը` իր ամբողջութեամբ.

«Պատերազմի ընթացքին Լիբանանի հանրապետութիւնը վկայեց ցաւալի դէպքեր, որոնց հետեւանքներէն էր այն, որ լիբանանցի քաղաքացիներ Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանին մէջ կորսնցուցին իրենց կալուածներն ու աշխատանքները` օրին իշխող կատարուած իրողութեան ուժերուն կողմէ անոնց տիրանալու պատճառով:

Իննսունականներու սկիզբը, երբ խաղաղութիւնը սկսաւ ինքզինք պարտադրել, ապա այդ կալուածները սկսան կերպարանափոխուիլ: Այդ կալուածներէն շատեր ամբողջովին, իսկ ուրիշներ մասնակի ձեւով քանդուեցան: Այլ կալուածներ տրամադրուեցան լիբանանեան բանակին` նկատի ունենալով, որ բանակը զօրանոցներու կարիք ունէր եւ աւելի ուշ ալ բանակը մնաց այդ կալուածներուն վրայ իր զօրանոցներով` առանց այլ շրջաններ փոխադրուելու:

Հետեւաբար անհրաժեշտ կը նկատենք այդ կալուածատէրերուն տուրքերը ջնջել, մանաւանդ որ անոնց կալուածներուն շինութիւնները կա՛մ ամբողջովին փուլ եկած են, կա՛մ մասնակի քանդուած, եւ կա՛մ լիբանանեան բանակին տրամադրուած:

Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանին մէջ կալուածներու սեփականատէրերը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը սպասեն, որ իրենց հարցը լուծում գտնէ: Անոնք իրաւատէրեր են, որոնք իւրաքանչիւր երեսփոխանական ընտրութեան նախօրեակին իրենց հարցին լուծման առումով խոստումներ կը ստանան, սակայն ընտրութիւններէն ետք անոնց հարցը կը մնայ անլոյծ:

Հաւատալով իրաւունքը իրաւատիրոջ վերադարձնելու սկզբունքին, եւ նկատի ունենալով, որ այդ շրջանի բնակիչները մեր ժողովուրդն են ու զաւակները, որոնք բոլոր դժուարութիւնները միասնաբար կողք-կողքի դիմագրաւած են, կը հաստատենք, որ Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանը էր եւ կը մնայ ազգային համակեցութեան ու համերաշխութեան շրջան մը, ուր մեր զաւակները միասնականութեամբ կը գոյատեւեն եւ կը համագործակցին:

Հետեւաբար Հայկական երեսփոխանական պլոքը իբրեւ առաջին քայլ խորհրդարանին կը ներկայացնէ այս օրինագիծը, որպէսզի իրենց կալուածներէն զրկուած եւ տեղահան եղած սեփականատէրերուն տուրքերը ջնջուին:

Այս քայլին պիտի յաջորդեն նաեւ այլ քայլեր, մինչեւ որ այս թղթածրարը իր օրինական եւ իրաւացի լուծման յանգի:

Իբրեւ յանձնառութիւն ժողովուրդին հարցերը լուծելու եւ անոնց պահանջներուն անսալու մեր պարտականութեան, կը ներկայացնենք այս օրինագիծը` պահանջելով Քարանթինա-Մտաուար-Պէյրութ շրջանի կալուածներու սեփականատէրերուն տուրքերը` քաղաքապետական թէ ելեւմտական որեւէ տեսակի, ջնջել, արձանագրուած օրինազանցութիւնները փարատել, ինչպէս նաեւ այդ կալուածներու սեփականատէրերուն օրինական կալուածագիրերը յանձնել:

Օրինագիծին մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ տուրքերը ջնջելու այս պահանջը վերջ կը գտնէ, երբ այդ կալուածներուն սեփականատէրերը օրինական կերպով կը տիրանան իրենց կալուածներուն եւ հողերուն»:

Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան խորհրդարանին ներկայացուց այս օրինագիծը, որ ստորագրած են ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Հանդիպումին Նախագահը Անդրադարձած Է Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն

Յաջորդը

Երկու Ապրող Կեանքեր

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.