Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուքարի Մէջ. Ամերիկեան Դեսպանատան Դիմաց` ՄԱԿ-ի Թիւ 1559 Բանաձեւին Գործադրութիւնը Պահանջող Ցոյց

July 6, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Լիբանանի մէջ Տանըլտ Թրամփի բարեկամներ»-ուն, երէկ կէսօրէ առաջ Աուքարի մէջ կատարուեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջուեցաւ գործադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւը:

Լիբանանեան բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն հսկողութեան ներքեւ այդ ցոյցը կատարուեցաւ ցուցարարներու խորհրդանշական թիւով եւ խաղաղ կշռոյթով:

Բանակն ու ապահովութեան ուժերը ցուցարարներուն դիմաց ճամբան փակած էին փշալարերով:

Ցուցարարները լիբանանեան ու ամերիկեան դրօշակներ բարձրացուցին եւ դեսպանատան կողմէ իրենց մօտեցած ներկայացուցիչին յանձնեցին նամակ մը, որով անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին արտայայտած կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանին ու լիբանանեան բանակին նկատմամբ անոր երկրին ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Ցուցարարները Մ. Նահանգներէն խնդրեցին օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի կարելի ըլլայ թիւ 1559 բանաձեւը գործադրել:

Անոնք հաստատեցին, որ Լիբանանի համար փրկութիւն չկայ, բացի այդ բանաձեւին գործադրութենէն` միլիսներուն լուծումով կամ անոնց զէնքը լիբանանեան բանակին յանձնելով, պատերազմի կամ խաղաղութեան որոշումը պետութեան վերադարձնելով, ինչպէս նաեւ արտօնելով, որ ամբողջ Լիբանանը լիբանանեան պետութեան հակակշիռին տակ ըլլայ:

Ցուցարարները պահանջեցին ջնջել «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը եւ զայն վերածել «Հայրենիք, ժողովուրդ, բանակ» տարազին` օժանդակելով, որ ան դուրս գայ իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն, ինչպէս նաեւ շարունակելու Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանագծումը` փակելով ապօրինի բոլոր անցքերը:

Նախորդը

Ֆահմի. «Թուրքիայէն Ժամանած Անձնական Օդանաւէ Մը Չորս Անձեր Ձերբակալուեցան»

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Նիստին Լիբանանեան Կողմը Զգուշացուց Իսրայէլը` Սահմանամերձ Ծովային Շրջանին Մէջ Պեղումներ Կատարելէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.