Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի կատարած յայտարարութիւնները չեն տարբերիր ամերիկացի այլ պատասխանատուներու կատարած յայտարարութիւններէն, որոնք կը միտին Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնել:
Զասիփքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Հըզպալլան պատասխանատու կը նկատէ Լիբանանի մէջ տիրող փտածութեան, տնտեսական տագնապին, դրամատնային համակարգի տագնապին, մաքսատան եւ սահմանային անցքերու կացութեան, «մինչդեռ բոլորիս համար ծանօթ է, որ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը տագնապալի դարձած է ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Ուաշինկթըն իր հակակշիռը ունի ամերիկեան տոլարին վրայ եւ ելեւմտական համաշխարհային հարցեր կրնայ տնօրինել», ըսաւ ան:
Զասիփքին նկատել տուաւ, որ ամերիկեան վարչակազմը կը փափաքի, որ երկրին մէջ տիրող տագնապալի կացութենէն լիբանանցիներուն ժողովրդային ընդվզումը իրենց քաղաքական օրակարգերուն ծառայէ: «Ուաշինկթըն կը մղէ, որ Լիբանան ամերիկեան չափանիշներով բարեկարգումներ գործադրէ, այլ խօսքով` Միացեալ Նահանգներու համար բարեկարգումը Հըզպալլայի դէմ որոշում կայացնելն է», ըսաւ ան:
Զասիփքին զգուշացուց, որ Լիբանանի նկատմամբ որդեգրուած ամերիկեան քաղաքականութիւնը հիմնուած է Դիմադրութեան դէմ սադրանքներ հրահրելու բացայայտ կոչերու վրայ` աւելցնելով, որ Մոսկուա կը մերժէ այդ կոչերը, որոնք կը կատարուին Հըզպալլայի դէմ, որ անձնատուր պիտի չըլլայ, ինչքա՛ն ալ իր դէմ գործուած այդ պատժամիջոցներն ու արշաւները խստանան:
Զասիփքին յայտնեց, որ լիբանանցիները կը վճարեն ամերիկեան քաղաքականութեան գինը` նկատի ունենալով, որ այդ քաղաքականութիւնը հիմնուած է ժողովուրդները սովի մատնելու եւ զանոնք իրենց իշխանութեան դէմ յեղաշրջումի մղելու սկզբունքներուն վրայ, եւ այդ քաղաքականութիւնը Ուաշինկթըն կը գործադրէ տարբեր երկիրներու մէջ:
«Ամերիկեան պատժամիջոցները տասնեակ երկիրներ թիրախ կը դարձնեն, որոնց մէջ է նաեւ Ռուսիան: Այս պատժամիջոցները այդ երկիրներու ժողովուրդներուն վնաս կը հասցնեն, սակայն Ռուսիա հզօր պետութիւն է եւ կարողութիւններ ունի, հետեւաբար ան այդ պատժամիջոցներուն հետ լաւապէս գիտէ վարուիլ եւ անոնց ազդեցութիւնը մեղմացնել», շեշտեց Զասիփքին:
Ան հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ ամիսները ըլլան շատ դժուար եւ վտանգաւոր` կոչ ուղղելով գոյատեւելու եւ ամերիկեան պատժամիջոցները դիմակայելու` ամրապնդելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Զասիփքին խստիւ քննադատեց Լիբանանի կառավարութեան ներքին հարցերուն ամերիկեան միջամտութիւնները` հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներ իրաւունք չունին այս կամ այն քաղաքական ուժը պատժելու նախապայմանը առաջարկելու` Լիբանանի օժանդակելու փոխարէն: «Այս մօտեցումը եւ առաջարկը յաւելեալ փաստեր են, որ ամերիկեան օժանդակութիւնները քաղաքականացած են», աւելցուց ան:
Արեւելքին բացուելու իմաստով հարցումի մը պատասխանելով` Զասիփքին յայտնեց, որ Սուրիան, Իրաքը, Իրանը, Ռուսիան եւ Չինաստանը ունին յատկանիշներ, որոնք Լիբանանի համար օգտակար են, «սակայն այս չի նշանակեր, որ Լիբանանը միայն Արեւելքին հետ պէտք է բարելաւէ իր գործակցութիւնը: Մենք կը փափաքինք, որ Լիբանան բաց ըլլայ բոլորին նկատմամբ` ե՛ւ Արեւելք, ե՛ւ Արեւմուտք», եզրափակեց Զասիփքին: