Լիբանանեան

Սպասելով Պատուաստին` Համավարակը  «Անշեղ Կը Հարուածէ»

Սպասելով Պատուաստին` Համավարակը «Անշեղ Կը Հարուածէ»

13 մահ եւ  2878 վարակման պարագայ արձանագրուեցաւ Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով, անցնող 21 փետրուար 2020-էն ի վեր ընդհանուր վարակումներու թիւը բարձրացնելով 177.996-ի, իսկ մահուան պարագաներուն թիւը` 2856-ի: ««Քորոնա»-ի պատճառով հիւանդանոց մտնող պարագաներու 40 առ հարիւր համեմատութիւնը խիստ ծանր վիճակի մէջ են եւ կը դարմանուին շտապ օգնութեան բաժինին մէջ», հաստատեց առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդանոցներու բաժանմունքի պատասխանատու Հիշամ...

Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Տօներուն Առիթով.   Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքը  Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը

Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Տօներուն Առիթով. Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքը Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը

Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ նախագահ Միշել Աունի հետ: Այս առիթով խօսակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ երկրի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը: Եուհաննա Ժ. պատրիարքը իր կարգին կոչ ուղղեց փութացնելու կառավարութեան կազմութեան ճիգերը եւ հարթելու զայն արգելակող խոչընդոտները:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆԱՐԳ ոճիրի զոհ գացած Ճօ Պաժժանիի ընտանեկան պարագաները երէկ երեկոյեան դարձեալ փակեցին անոր տան կից Քահհալէի մայրուղին` երկու ուղղութիւններով: Անոնք կը բողոքէին Պաժժանիի սպանութեան գծով հետաքննութեանց ձգձգումին դէմ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւակցութիւն յայտնեց Ամալ շարժումի հիմնադիր սէյիտ Մուսա Սատրին` աղջկան` Ռապապ Սատրին` անոր քրոջ մահուան առիթով: ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ուսանողներ երէկ կրկին բողոքի ելոյթներ ունեցան համալսարաններու մուտքին` պահանջելով կրթաթոշակներու «տոլարացման»...

Վերապահ Կեցուածքներու Մթնոլորտին Մէջ Կառավարութեան Կազմութեան Քաղաքական  Ենթահողի Նախաքայլերը Կը Շարունակուին

Վերապահ Կեցուածքներու Մթնոլորտին Մէջ Կառավարութեան Կազմութեան Քաղաքական Ենթահողի Նախաքայլերը Կը Շարունակուին

Հակառակ տօնական օրերու առթած համերաշխութեան ու գործակցութեան մթնոլորտին, կարգ մը կողմեր տակաւին վերապահ են կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ թուական մը ճշդելու` մեկնելով երկրին մէջ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ սպասելով արտաքին գործօններու յստակացման: Աւելի՛ն, կարգ մը աղբիւրներ յոռետես պատկերացումներով կը բնորոշեն երկրի յառաջիկայ փուլը, վկայակոչելով կարգ մը արտաքին աղբիւրներու մտավախութիւնները ապահովական ահաբեկչական վտանգներու գծով` ուղղուած լիբանանցի պատասխանատու հեղինակութիւններու դէմ: Այսուհանդերձ, երկրի պատասխանատուները...

Ուսանողներ Դարձեալ Բողոքեցին

Ուսանողներ Դարձեալ Բողոքեցին

Համալսարանական ուսանողներ երէկ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մուտքին համախմբուեցան` բողոքելով տնօրէնութեան որոշած կրթաթոշակներու «տոլարացման» քաղաքականութեան դէմ, ըստ որուն ամերիկեան տոլարին գինը պիտի հաշուեն 3900 լիբանանեան ոսկիի` փոխան 1515-ի: Սկզբունքով խաղաղ ցոյցը հետզհետէ լարուած վիճակ պարզեց եւ աւելի ուշ փոխադարձ ծեծուըռտուքի վերածուեցաւ: Ցուցարարները փոխեցին իրենց դիրքը եւ ուղղուեցան համալսարանի ծովային  մուտքին կողմը, հոն ալ սակայն ապահովութեան ուժերուն հետ վէճի բռնուելով դարձեալ անզէն...

Սպասելով Նոր Կառավարութեան Կազմութեան.  Երկրի Պատասխանատուներու Գործունէութեան Առանցքը Կազմեցին  Ապրուստի Եւ Կենցաղային Նոյնքան Հրատապ Հարցեր

Սպասելով Նոր Կառավարութեան Կազմութեան. Երկրի Պատասխանատուներու Գործունէութեան Առանցքը Կազմեցին Ապրուստի Եւ Կենցաղային Նոյնքան Հրատապ Հարցեր

Ներքին թէ արտաքին պատճառներով կառավարութեան կազմութեան առկախումը այնքան ալ հեզասահ չընկալուեցաւ քաղաքական թէ պաշտօնական առնչակից կարգ մը մարմիններու թէ անձնաւորութիւններու կողմէ: Արդարեւ, տօնական արձակուրդի թէ զիջումներու բացակայութեան կամ արտաքին ազդեցութիւններու պատճառներով առկախուած կառավարութեան կազմութեան հարցը շարունակեց իր վրայ կեդրոնացնել «երկրին ապագայով մտահոգ կողմերու» ուշադրութիւնը: Այս իմաստով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կառավարութեան կազմութեան ձգձգման պատասխանատու նկատեց նախագահ Միշել Աունը,...

Հակառակ Տօնական Օրերու  Արձակուրդի «Տեղքայլին».  Կառավարութեան Կազմութեան Գծով  Քուլիսային Ճիգերը Կը Շարունակուին

Հակառակ Տօնական Օրերու Արձակուրդի «Տեղքայլին». Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Քուլիսային Ճիգերը Կը Շարունակուին

Տօնական օրերու սեմին, կառավարութեան կազմութեան գծով ճիգերը իրենց կարգին  «ներքաշուեցան» արձակուրդի տեղքայլին մէջ, մասամբ յուսախաբ ձգելով «կաղանդչէքի» ակնկալութեամբ անհամբեր` կառավարութեան կազմութեան սպասող ժողովրդային թէ ղեկավար լայն շրջանակներ: «Հասկնալի, բայց ոչ ընդունելի» պատճառներու թէ պատրուակներու մթնոլորտին մէջ, անխուսափելի դարձան առանց այդ ալ կարգ մը դժգոհ մարմիններու եւ շրջանակներու ընդվզումի թէ քննադատական կեցուածքները, իւրաքանչիւրը տալով իր հիմնաւորումները: Այս ծիրին մէջ մարոնիներու Ռայի...

Նասրալլա «Տարուան Զրոյցը» Խորագրեալ  Հարցազրոյցով Ելոյթ Ունեցաւ

Նասրալլա «Տարուան Զրոյցը» Խորագրեալ Հարցազրոյցով Ելոյթ Ունեցաւ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ «տարուան զրոյցը» խորագրեալ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր իրավիճակին եւ տիրող հրատապ հարցերուն: Ան անհաւանական նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ յարձակում մը գործէ Լիբանանի կամ Հըզպալլայի դէմ` միաժամանակ զգուշացնելով, որ Թրամփի անհատականութեան վերլուծումէն մեկնելով կարելի է սպասել նման արկածախնդրութիւն մը, թէեւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան այս մասին:...

Համավարակի Տարածման Կանխարգիլման  Ճիգերու Ծիրին Մէջ .  Լիբանան Այսօր Կը Ստորագրէ «Քորոնա»-ի Դէմ  Պատուաստի Ձեռքբերման Համաձայնագիրը

Համավարակի Տարածման Կանխարգիլման Ճիգերու Ծիրին Մէջ . Լիբանան Այսօր Կը Ստորագրէ «Քորոնա»-ի Դէմ Պատուաստի Ձեռքբերման Համաձայնագիրը

Այն միջոցին, երբ աշխարհ այսօր կը սկսի ներարկել «Քորոնա»-ն յաղթահարելու կոչուած պատուաստը, անդին համավարակը կը շարունակէ իր մահասփիւռ աւերը: Լոնտոնի մէջ յայտնուած` ժահրի նորագոյն տարբերակը արդէն իսկ սկսած է լայն տարածում ստանալ: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ անիկա հասած է նաեւ Լիբանան, եւ ցարդ մէկ պարագայի վարակումը հաստատուած է: Կը նախատեսուի, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան այսօր` երկուշաբթի, 28...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆՑԵԱԼ երկուշաբթի առաւօտ անարգ ոճիրի զոհ գացած Ճօ Պաժժանիի ընտանեկան պարագաներն ու սգակիր բարեկամները երէկ երեկոյեան մոմավառութեամբ ոգեկոչեցին անոր եօթնօրեայ յիշատակը: Աւելի ուշ անոնք փակեցին զոհի տան մերձակայ Քահհալէի մայրուղին` իբրեւ բողոք այս հարցով հետաքննութեանց դանդաղութեան: Նախապէս, զոհին ծնողքը այցելած էր մարոնիներու Ռայի պատրիարքին` նոյն մտահոգութեամբ: ՄԸՆԻԷԻ Պհաննին շրջանի աւելի քան 600 սուրիացի ապաստանեալ ընդգրկող գաղթակայանը ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ դարձաւ...

«Ծնաւ Նոր Արքայ»

Մամլոյ Արձակուրդ

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 25 եւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 28 դեկտեմբերին:

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Առկախուեցաւ

Առկայ Խոչընդոտներու Հարթումի Ձախողութեան Լոյսին Տակ. Կառավարութեան Կազմութիւնը Յետաձգուեցաւ Գալ Տարուան

«Շատ կը փափաքէի, որ Ս. Ծնունդի նախօրեակին կազմուէր կառավարութիւնը, սակայն կը թուի, թէ տակաւին խոչընդոտներ կան, որոնք հարթումի ճիգերու կը կարօտին», յայտարարեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Պաապտայի մէջ: Արդարեւ, նախագահ Միշել Աունի հետ աւելի քան ժամ մը տեւած խորհրդակցութենէն ետք, ցցուող արգելքները շարունակեցին արգելակել կառավարութեան կազմութիւնը, գէթ նախքան տարեվերջ: Խորհրդակցութեանց աւարտին Հարիրի վերահաստատեց կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը` յիշեցնելով ժողովուրդին...

Զգուշաւոր Լաւատեսութեան Մթնոլորտի Մէջ.  Նախքան Տարեվերջ Կառավարութեան  Կազմութեան Յոյսերը Կը Մեծնան

Զգուշաւոր Լաւատեսութեան Մթնոլորտի Մէջ. Նախքան Տարեվերջ Կառավարութեան Կազմութեան Յոյսերը Կը Մեծնան

Այն միջոցին, երբ յոյսերը գրեթէ շիջած էին կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան գծով գէթ նախքան տարեվերջ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւնը ստեղծեց  լաւատեսութեան ալիք մը, որուն ամէնէն «ժողովրդականութիւն վայելող» ցուցանիշներէն էր ամերիկեան տոլարին սակագինին նահանջը` 8450-էն հասնելով մինչեւ 7950 լիբ. ոսկիի: Արդարեւ, ինչպէս կը նախատեսուէր, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ շարունակեց...

Նախագահ Միշել Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի  Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Ներկայացուցիչները

Նախագահ Միշել Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերին ընդունեց ն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններն ու ՀՅԴ-ի դերը յաչս միջազգային շրջանակներու եւ հարթակներուն` ի նպաստ Լիբանանի զօրակցութեան, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան ներկայի զգայուն փուլին: Նմանապէս խորհրդակցութիւնները անդրադարձան Արցախի ներկայ կացութեան:

Հակառակ  Քաղաքական Շփոթ Իրավիճակին.  Հրատապ Հարցերու Լուծման Ճիգերը`  Դարձեալ Առանցքային Օրակարգի Վրայ

Հակառակ Քաղաքական Շփոթ Իրավիճակին. Հրատապ Հարցերու Լուծման Ճիգերը` Դարձեալ Առանցքային Օրակարգի Վրայ

Երկրի հրատապ հարցերու լուծման գծով շաբաթավերջին սկսած սերտ ճիգերը շարունակուեցան երէկ մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ` փորձելով հարթել առնչակից կողմերու միջեւ տարակարծութիւնները եւ հասարակաց արդիւնաւէտ եզրայանգումի հասնիլ: Փաստօրէն, նախագահ զօրավար Միշել Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ տարակարծութիւնները հասած էին գրեթէ անել կացութեան` շրջանցելով նախարարական պաշտօններու բնոյթն ու անոնց յանձնակատարներու ինքնութիւնն ու որոշումները արգելակող մէկ երրորդի վեթոյի իրաւունքը: Լուրջ մտավախութիւններ...

Կառավարութեան Կազմութեան  Փութացման Փորձերով`  Սերտ Ճիգեր` Ներքին Ճակատի Թիւրիմացութիւններու  Հարթումին Առաջադրանքով

Կառավարութեան Կազմութեան Փութացման Փորձերով` Սերտ Ճիգեր` Ներքին Ճակատի Թիւրիմացութիւններու Հարթումին Առաջադրանքով

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան այցելութեան առկախման եւ քաղաքական հարթակի լարուած մթնոլորտի լոյսին տակ երէկ` ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին Պաապտա այցելութիւնը վերստին խանդավառեց կացութեան բարելաւման գծով լաւատեսներու փաղանգը: Արդարեւ, Ռայի պատրիարքը թէեւ յստակ ծրագիր մը չներկայացուց նախագահ Միշել Աունին, այսուհանդերձ երկու ղեկավարներուն միջեւ սրտբաց խօսակցութիւնը վերահաստատեց նախագահին առանցքային հանգամանքը երկրի հրատապ հարցերու լուծման գծով: Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ...

Հակառակ Պարզուող Մտահոգիչ  Իրադարձութիւններուն.  Ճիգերը Կը Շարունակուին Հարթելու Խրթին  Հարցերը` Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Հակառակ Պարզուող Մտահոգիչ Իրադարձութիւններուն. Ճիգերը Կը Շարունակուին Հարթելու Խրթին Հարցերը` Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Տօնական օրերու սեմին, երբ լիբանանցիք անհամբեր կը սպասեն իրենց բազմաճիւղ հարցերու հարթումին, անդին կարգ մը իրադարձութիւններ որոշ մտահոգութիւն պատճառեցին ժողովրդային թէ ղեկավար մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, երկիրը յուզող հրատապ հարցերէն Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին գծով աշխատանքի նախկին նախարարներ մերժեցին դատարան ներկայանալ ու պահանջեցին դատախազ Ֆատի Սուուանի փոխարինումը այլ դատախազի մը: Այլ խօսքով` այս հարցին թղթածրարը դատախազ Սուուանի ձեռքէն փոխանցել այլ դատախազի մը:...

Սպասելով Ֆրանսայի Նախագահին  Այցելութեան`  Հարիրիի Պքերքէ Այցելութիւնը` Լուսաւոր Ճեղք Մը  Կառավարութեան Կազմութեան Փապուղիին Մէջ

Սպասելով Ֆրանսայի Նախագահին Այցելութեան` Հարիրիի Պքերքէ Այցելութիւնը` Լուսաւոր Ճեղք Մը Կառավարութեան Կազմութեան Փապուղիին Մէջ

Վերջերս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով հարցաքննութեանց հոլովոյթը եւ անոր ընկերացող սահմանադրական ու քաղաքական բանավէճը որոշ չափով իր վրայ կեդրոնացուց քաղաքական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը` յարաբերական «տեղքայլի» մէջ պահելով այնքա՜ն սպասուող կառավարութեան կազմութեան հարցը: Սակայն նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի երէկ երեկոյեան, Պքերքէ այցելութիւնը կարծէք յոյսի նշոյլ մը «աւետեց» կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն հասած անել փապուղիին մէջ: Արդարեւ, Հարիրի երէկ երեկոյեան անակնկալ...

Սպասելով Դատախազ Սուուանի Պատասխանին`  Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով   Հարցաքննութիւնները Յետաձգուեցան  Յառաջիկայ Տարեսկիզբին

Սպասելով Դատախազ Սուուանի Պատասխանին` Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով Հարցաքննութիւնները Յետաձգուեցան Յառաջիկայ Տարեսկիզբին

Ինչպէս հաւանական կը թուէր, երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով աշխատանքի նախկին երկու նախարարներուն հարցաքննութիւնը տեղի չունեցաւ: Մեղադրեալները իրենց «բացակայութիւնը» հիմնաւորեցին` յայտնելով, որ պաշտօնապէս չեն տեղեկացած հարցաքննութեան ներկայանալու մասին, բացի լրատուական աղբիւրներէ: Այս առնչութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը երէկ քննեց այս հարցը եւ կասկածելի որեւէ տուեալ չնկատեց մեղադրեալներուն վերաբերեալ: Արդարեւ, Ֆըրզլիի տրամաբանութեամբ` հարցաքննութեան հրաւիրելու օրինական ձեւը կը...

Պասիլ. «Հըզպալլան  Լիբանանը Պահպանեց»

Պասիլ. «Հըզպալլան Լիբանանը Պահպանեց»

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր շեշտեց Պէյրութի պայթումի պատասխանատուներու հարցաքննութեան կարեւորութիւնը` մերժելով սակայն, որ անիկա տուեալ անձերու հանգամանքը նսեմացնելու կամ ցեխարձակելու միջոց գործածուի: Լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութեանց մասին անդրադառնալով Պասիլ նշեց, որ Հըզպալլա պահպանեց Լիբանանը: Իսկ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր...

Page 444 of 988 1 … 443 444 445 … 988

Արխիւներ