Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերին ընդունեց ն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններն ու ՀՅԴ-ի դերը յաչս միջազգային շրջանակներու եւ հարթակներուն` ի նպաստ Լիբանանի զօրակցութեան, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան ներկայի զգայուն փուլին: Նմանապէս խորհրդակցութիւնները անդրադարձան Արցախի ներկայ կացութեան: