Ինչպէս հաւանական կը թուէր, երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով աշխատանքի նախկին երկու նախարարներուն հարցաքննութիւնը տեղի չունեցաւ: Մեղադրեալները իրենց «բացակայութիւնը» հիմնաւորեցին` յայտնելով, որ պաշտօնապէս չեն տեղեկացած հարցաքննութեան ներկայանալու մասին, բացի լրատուական աղբիւրներէ:
Այս առնչութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը երէկ քննեց այս հարցը եւ կասկածելի որեւէ տուեալ չնկատեց մեղադրեալներուն վերաբերեալ: Արդարեւ, Ֆըրզլիի տրամաբանութեամբ` հարցաքննութեան հրաւիրելու օրինական ձեւը կը կայանայ այս գծով պաշտօնական նամակ յղելով խորհրդարանին, որ քննելէ ետք հարցը կ՛որոշէ, թէ պէ՞տք է արտօնել տուեալ մեղադրեալի հարցաքննութիւնը: «Արդ, մենք նամակ մը յղեցինք ու պատասխանի կը սպասենք դատախազ Ֆատի Սուուանէն», ընդգծեց Ֆըրզլի:
Մեղադրեալ նախկին նախարարներ Ղազի Զաայթեր եւ Ալի Հասան Խալիլ իրենց փաստաբաններուն միջոցով պատկան մարմիններուն յղեցին դատախազ Սուուանը փոխարինող նոր դատախազի նշանակման առաջարկ մը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, անոնք դատախազ Սուուանը կը նկատեն նախագահ զօր. Միշել Աունի զօրակցութիւնը վայելող անձնաւորութիւն եւ հարցաքննութեան կոչը կը նկատեն քաղաքական քայլ մը:
Սակայն դատաւոր Սուուան վճռած է «մինչեւ վերջ կատարել իր ստանձնած թղթածրարի բացայայտման եւ արդարութեան առաքելութիւնը»: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, դատախազ Սուուան «մանրամասնօրէն կանխածրագրուած ոճիրի հետքեր կը նկատէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի գործողութեան մէջ»:
Այս մասին դատախազ Հաթեմ Մատի յայտնեց, թէ մեղադրեալները միաժամանակ նաեւ երեսփոխաններ են, եւ լիբանանեան, յատկապէս` Թաէֆի համաձայնագիրի տրամաբանութեամբ անոնք կրկնակի անձեռնմխելիութեամբ «պաշտպանուած են» թէ՛ իբրեւ երեսփոխան եւ թէ՛ հանրային ծառայութեան մէջ իրենց ստանձնած պաշտօնին բերումով: Իսկ վարչապետի անձեռնմխելիութեան գծով պաշտօնական օրինագիծ չկայ: «Ինչ որ տեսանք` համայնքային անձեռնմխելիութիւն» է, որ ցուցաբերուեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի նկատմամբ», դիտել տուաւ նախկին դատախազ Մատի, երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: «Դատախազը (դատախազ Ֆատի Սուուան) կաշկանդուած է մէկ կողմէ «փողոցի ճնշումին», իսկ միւս կողմէ` օրէնքի հարկադրանքներուն միջեւ», ընդգծեց Դատական գերագոյն խորհուրդի նախկին նախագահ Հաթեմ Մատի:
Նշենք, որ նոյն հարցին առնչութեամբ դատախազ Սուուան երէկ հարցաքննեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանը` իբրեւ վկայ:
Իսկ մեղադրեալ նախկին նախարարներու հարցաքննութեան գծով դատախազ Սուուան ճշդեց նոր թուական` յառաջիկայ տարեսկիզբին, 4 յունուար 2021-ին: