Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգուշաւոր Լաւատեսութեան Մթնոլորտի Մէջ. Նախքան Տարեվերջ Կառավարութեան Կազմութեան Յոյսերը Կը Մեծնան

Դեկտեմբեր 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ յոյսերը գրեթէ շիջած էին կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան գծով գէթ նախքան տարեվերջ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւնը ստեղծեց  լաւատեսութեան ալիք մը, որուն ամէնէն «ժողովրդականութիւն վայելող» ցուցանիշներէն էր ամերիկեան տոլարին սակագինին նահանջը` 8450-էն հասնելով մինչեւ 7950 լիբ. ոսկիի:

Արդարեւ, ինչպէս կը նախատեսուէր, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտներու հարթումի կարելիութիւնները սերտել, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ներքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարութեանց թեկնածուներու ինքնութեան ճշդումին: Այս ծիրին մէջ Հարիրի խորհրդակցութեան աւարտին «դրական» որակեց նախագահ Աունի հետ իր խօսակցութիւնները` խոստանալով կրկնել իր այցելութիւնները, մինչեւ կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը, շատ հաւանաբար` նախքան տարեվերջ: Այս իմաստով կը նախատեսուի, որ այսօր դարձեալ Հարիրի-Աուն խորհրդակցութիւն կայանայ Պաապտայի մէջ, ինչ որ կրնայ ամրագրել խոստմնալից այդ քայլերուն արդիւնաւէտութիւնը:

Սակայն լիբանանցիք, ինչպէս նաեւ քաղաքական որոշ շրջանակներ ու վերլուծաբաններ վերապահ են եւ զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը հետեւին Հարիրի-Աուն խօսակցութեանց արդիւնքներուն: Փաստօրէն, Հարիրիի վարչապետ նշանակումէն մօտ երկու ամիս անց, արդէն իսկ նմանօրինակ 13 հանդիպումներ տեղի ունեցած են իր եւ նախագահ Աունի միջեւ, առանց կարենալ շօշափելի արդիւնքներու յանգելու եւ յուսախաբ ձգելով լիբանանցիները:

Մեկնելով նշանակեալ վարչապետ Հարիրիի յայտարարութենէն` կը թուի, թէ այս անգամ տարբեր է: Արդարեւ, Հարիրի նախագահ Աունին հետ խորհրդակցած է 18 նախարարներէ բաղկացած սեղմ կազմի մը շուրջ, ուր երեքական վեցերու ցանկին մէջ Հարիրիին կը վերապահուի քրիստոնեայ նախարարի մը անունը, որուն ինքնութիւնը սակայն նախագահ Աուն ի՛նք պիտի որոշէ: Աւելի՛ն, Հարիրի լաւատես տրամադրութեամբ յայտնեց, թէ խօսակցութիւննները դրական եղած են:

Կարգ մը աղբիւրներու կարծիքով` առաջադրուող կազմը «կարելիի արդիւնքն է» եւ նախարարներու դասաւորումը (աւելի ճիշդ` մասնաբաժիններու բաշխումը) եղած է արդարօրէն եւ անիկա կը համընկնի միաժամանակ լիբանանեան «միացեալ չափանիշներու» տեսակէտին եւ ֆրանսական նախաձեռնութեան տրամադրութեանց:

Լաւատեսութեան Այլ Ցուցանիշներ

Նախքան տարեվերջ կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան յոյսերու կողքին, կան նաեւ կարգ մը այլ ազդակներ, որոնք նոյնքան հրատապ են ժողովուրդին համար եւ կրնան որոշ խանդավառութեամբ ոգեւորել լիբանանցիները տօնական օրերու նախօրեակին: Փաստօրէն, լիբանանեան «սեւ շուկային մէջ» տոլարի թէեւ ոչ շատ, բայց ուշագրաւ նահանջի կողքին, դրամատնային գաղտնապահութեան վերացումը մէկ տարիով եւ հետեւաբար իրաւական հաշուեքննութեան թղթածրարներու քննութեան վերսկսման գծով տեղեկութիւնները նոյնքան յուսադրիչ են: Նմանապէս` Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին գծով դատաւոր Ֆատի Սուուանի «առաքելութեան» շարունակութիւնը շնորհիւ Դատական գերագոյն ատեանի խորհուրդի վճռական որոշումին, որ կառչած կը մնայ դատաւոր Սուուանի «աշխատանքի» շարունակութեան եւ իրականութեան բացայայտման ու յանցագործներու պատժումին: Դրական այլ «աւետիս» մըն էր նաեւ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ճիգերուն յաջողութիւնը` իրաքեան ֆիուլի Լիբանան փոխանցման, զերծ մնալով ամերիկեան «Սիզըր» օրէնքի պատժամիջոցներէն, ինչպէս նաեւ` Ալճերիոյ հաւանութիւնը ֆիուլի զտման գործողութիւններուն: Ու այս բոլորին գործադրութիւնը ֆիուլի ստացագիրը լիբանանեան «սնտուկին» պիտի խնայէ 75 առ հարիւրի ծախս, բաղդատաբար անոր նախորդ «հաշուեցուցակներուն»:

Տակաւի՛ն, Հզօր Լիբանան համախմբումի Պէյրութի երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի, Յակոբ Թերզեան եւ Էտկար Թրապուլսի երէկ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տալով իրենց կարգին «աւետեցին», թէ նախագահ Աուն յաջողած է համոզել ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնին, որ առ հաշիւ 50 միլիառ լիբ. ոսկիի յատկացում կատարէ վնաս կրած ընտանիքներուն այս ամսուան համար, եւ նոյնքան գումար` յառաջիկայ ամսուան համար:

Իսկ ծանր թէ անցողիկ հիւանդութեանց դեղորայքին գծով պատկան պատասխանատուներ հանգստացուցին, թէ մտահոգուելու կարիք չկայ` դիտել տալով, որ այդ դեղերէն պետական զօրակցութեան նիւթական աջակցութեան վերացումը թեթեւ ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Նշեալ բոլոր քայլերը ժողովուրդի առօրեան բարելաւող նախանշաններ են` տոլար, ֆիուլ, դեղ…  Կը մնայ, որ կառավարութեան կազմութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ, ինչպէս նշած էր նախկին նախարար Սըժաան Քազզի, որ երէկ երեկոյեան դարձեալ վերահաստատեց, որ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի դրականօրէն ընդառաջեցին Ռայի պատրիարքի պատկերացումին:

Նախորդը

«Կարճաժամկէտ Եւ Միջնաժամկէտ Կտրուածքներով Մենք Ականատես Ենք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ Մերձեցման Եւ Համագործակցութեան Քաղաքականութեան» Հաստատեց Դոկտ․ Սարգիս Գրիգորեան

Յաջորդը

Գործադուլ, Դասադուլ Եւ Խաղաղ Անհնազանդութեան Շարժումներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Ամբողջ Տարածքին

RelatedPosts

Ակնարկ.Դիւանագիտական Խողովակներ Եւ Շահերու Սպառնալիքներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.Դիւանագիտական Խողովակներ Եւ Շահերու Սպառնալիքներ

Նոյեմբեր 18, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական  Կոմիտէներու Խորհրդաժողով` Երեւանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէներու Խորհրդաժողով` Երեւանի Մէջ

Նոյեմբեր 18, 2025
Նախագահ Աուն Ստորագրեց Ընտրական Օրէնքը  Բարեփոխելու Շտապ Օրինագիծը  Եւ Զայն Յղեց Խորհրդարանին
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Ստորագրեց Ընտրական Օրէնքը Բարեփոխելու Շտապ Օրինագիծը Եւ Զայն Յղեց Խորհրդարանին

Նոյեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?