ԱՆՑԵԱԼ երկուշաբթի առաւօտ անարգ ոճիրի զոհ գացած Ճօ Պաժժանիի ընտանեկան պարագաներն ու սգակիր բարեկամները երէկ երեկոյեան մոմավառութեամբ ոգեկոչեցին անոր եօթնօրեայ յիշատակը: Աւելի ուշ անոնք փակեցին զոհի տան մերձակայ Քահհալէի մայրուղին` իբրեւ բողոք այս հարցով հետաքննութեանց դանդաղութեան: Նախապէս, զոհին ծնողքը այցելած էր մարոնիներու Ռայի պատրիարքին` նոյն մտահոգութեամբ:
ՄԸՆԻԷԻ Պհաննին շրջանի աւելի քան 600 սուրիացի ապաստանեալ ընդգրկող գաղթակայանը ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ դարձաւ շաբաթավերջին, սուրիացի աշխատաւորի մը եւ անոր լիբանանցի գործատիրոջ միջեւ ծագած անհատական միջադէպին պատճառով: Դէպքը ցասումի եւ քննադատութեանց բուռն ալիք մը յառաջացուց ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներու մօտ: Պետական պատկան ծառայութիւններ եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ փութացին ցուրտ օդին անտուն մնացած գաղթականներու ապրուստի թէ կենցաղային կարիքներու հոգածութեան: Աւելի ուշ բանակը ձերբակալեց երկու լիբանանցի եւ վեց սուրիացի` իբրեւ դէպքին յանցագործ մեղսակիցներ:
ՊԵՔԱԱՅԻ Պաալպեք-Ռիաք մայրուղիի Հլլանիէ հրապարակին վրայ ցուցարարներ փակեցին ճամբան իբրեւ բողոք սանձարձակ ոճիրի եւ գողութեանց դէպքերու յաճախակիօրէն կրկնութեանց դէմ: Նշենք, որ նոյն շրջանին մէջ անծանօթներ գողցած էին քաղաքացիի մը «Պի.Էմ.Տապլիու» տիպի ինքնաշարժը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ նաւահանգիստի ճամբուն վրայ բանակի գաղտնի սպասարկութեանց ուժեր յաջողեցան ձերբակալել երեք անձեր, որոնք կը փորձէին զէնքի ուժով քաղաքացիի մը ինքնաշարժը գողնալ: Աւազակախումբին չորրորդ անդամը յաջողած է խոյս տալ, սակայն անոր ինքնութիւնը յստակացած է. հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Զէյտ Տահերի, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւններ տուած է Սայտայի քրիստոնեայ հոգեւոր, քաղաքական, պաշտօնական ու ընկերային կառոյցներու պատասխանատու մարմիններուն: