Երկրի հրատապ հարցերու լուծման գծով շաբաթավերջին սկսած սերտ ճիգերը շարունակուեցան երէկ մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ` փորձելով հարթել առնչակից կողմերու միջեւ տարակարծութիւնները եւ հասարակաց արդիւնաւէտ եզրայանգումի հասնիլ:
Փաստօրէն, նախագահ զօրավար Միշել Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ տարակարծութիւնները հասած էին գրեթէ անել կացութեան` շրջանցելով նախարարական պաշտօններու բնոյթն ու անոնց յանձնակատարներու ինքնութիւնն ու որոշումները արգելակող մէկ երրորդի վեթոյի իրաւունքը: Լուրջ մտավախութիւններ կային, թէ բուն թիրախը երկրի վարչաձեւն ու անոր հիմնական սիւներէն Թաէֆի համաձայնագիրն է, ինչ որ կրնայ բացասական լուրջ հետեւանքներ ունենալ Լիբանանի համակեցութեան օրրան ըլլալու առաքելութեան: Հոսկէ` Պքերքէի նախաձեռնութիւնը, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին մօտ հրաւիրելու խնդրոյ առարկայ կողմերը եւ մօտէն տեղեկանալու խոչընդոտներու ծալքերուն մասին: Այս ծիրին մէջ, շաբաթավերջին ուշագրաւ եռուզեռ արձանագրուեցաւ Պքերքէի մէջ, երբ մէկ կողմէ նախագահ Միշել Աուն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, իսկ միւս կողմէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ անոր խորհրդականներէն նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի շաբաթավերջին անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցան Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Խօսակցութեանց առանցք կազմեցին երկրի ընդհանուր իրավիճակն ու արծարծուող հրատապ հարցերու լուծման կարելիութիւնները: Բոլոր հանդիպումներուն ներկայ էր Ռայի պատրիարքի խորհրդականներէն` աշխատանքի նախկին նախարար Սըժաան Քազզի: Կառավարութեան կազմութեան գծով Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ արգելակիչ ոչ մէկ պատճառ նկատած է խորհրդակցութեանց ընթացքին, «մինչ աւելի քան հազար պատճառ կայ անոր կազմութեան անհրաժեշտութեան գծով»: Ռայի պատրիարքը շեշտեց, թէ ինք պիտի շարունակէ իր ճիգերը` հարթելու համար տարակարծութիւնները` պահանջելով բաժնեկցութեան հասկացողութենէն հեռու ոչ քաղաքական կառավարութեան մը շուտափոյթ կազմութիւնը, որուն անդամ նախարարները ըլլան հանրային, հասարակական կեանքին մէջ իրենց արդիւնաւէտ իրագործումներով ծանօթ անձնաւորութիւններ եւ ոչ թէ այս կամ այն կողմէն առաջադրուած անծանօթ ու անտեղեակ նախարարական թեկնածուներ:
Նոյն ծիրին մէջ, Պքերքէի աղբիւրները յայտնեցին, թէ նախագահ Աուն եւ նախարար Պասիլ Ռայի պատրիարքին վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւնը, երբ միացեալ չափանիշներու գծով համախոհութիւն գոյանայ: Նմանապէս, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Ռայի պատրիարքին վերագրելով իր խօսքերը, յայտնեց, թէ պահանջուածը սահմանադրութեան եւ նախագահի իրաւասութիւններու յարգումն է եւ թէ նախագահ Աուն վճռած է կառավարութեան կազմութեան հարցը լուծել` հիմնուելով ֆրանսական նախաձեռնութեան ամբողջական պատկերացումին եւ լիբանանեան սահմանադրութեան յօդուածներու տրամադրութեանց վրայ: Քանաան կոչ ուղղեց վերջ տալու տիրող քաղաքական բանավէճին:
Նոյն ծիրին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ Հըզպալլայի «միջամտութիւնը», որ ըստ «Շարք Աուսաթ» թերթին, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
Յոռետես Կարծիքներ
Այս շփումները կու գային այն յոռետես կարծիքներէն ետք եւ անոնց զուգահեռ, ըստ որոնց` անհաւանական կը թուի անորոշ լաւատեսութիւն ներշնչել երկրի ոչ նախանձելի կացութեան նկատմամբ, յատկապէս` կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան գծով, գէթ նախքան տարեվերջ:
Այս իմաստով նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ անհաւանական նկատեց կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը` զգուշացնելով, որ դառն ու դժուար օրեր կը սպասեն լիբանանցիներուն` անհաւանական նկատելով նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան կազմութեան յաջողութիւնը: Ուահապ իր տեսակէտը հիմնաւորեց յայտնելով, թէ «Սաատ Հարիրի զերծ է արաբական թէ միջազգային զօրակցութենէ, հակառակ իր եղբօրը` Պահայի, որ կը վայելէ ազդեցիկ կողմերու զօրակցութիւնը»: Իսկ երկրին մէջ տիրող փտածութեան մթնոլորտին գծով Ուահապ յայտնեց, թէ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի մօտ կան 173 դատաւորներու փտածութեան առնչուող թղթածրարներ, որոնք սակայն առկախ կը մնան անոնց վայելած «քաղաքական պաշտպանութեան» պատճառով:
Նոյն ծիրին մէջ, «Փոսթ180» կայքի պատասխանատուներէն` լրագրող Հիւսէյն Այուպ անհաւանական նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը, նախքան յունուար 2021-ի վերջաւորութիւնը:
Իսկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան այցելութեան առկախման ետին «Քորոնա»-էն անդին կայ նաեւ ապահովական մտավախութիւն, ըստ որուն իրազեկ պատկան մարմիններ զգուշացուցած են նախագահ Մաքրոնը` զինք կամ լիբանանցի անձնաւորութիւն մը թիրախ ունեցող ապահովական հաւանական գործողութենէ: Դիւանագիտական արեւմտեան աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները` լիբանանեան «Մարքազիա» լրատուական գործակալութիւնը ապահովական նշեալ մտավախութիւնը կը վերագրէ Թուրքիա-Ֆրանսա լարուածութեան, ուր Թուրքիա կրնայ «գործի լծել» Լիբանանի հիւսիսը բնակող ծագումով թուրք իր ազգակիցները:
Նաեւ` Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով
Նմանապէս, շաբաթավերջի շփումներուն եւ քաղաքական կեցուածքներու առանցքը կազմեցին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով սկսած հարցաքննութիւնները: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, միտում կայ այս թղթածրարը փոխանցելու միջազգային դատական ատեանի մը, ինչպէս նշեց «Փոսթ180» կայքի պատասխանատուներէն լրագրող Հիւսէյն Այուպ երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Այս ծիրին մէջ նշեալ թղթածրարը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուան հաւանական է, որ տեղի տայ եւ լքէ այս հարցին հետապնդումը: Կարգ մը աղբիւրներ դատաւոր Սուուանի այս քայլը կը կապեն զինք այլ դատաւորով փոխարինելու կոչին, զոր մեղադրեալ նախկին նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ եւ Ղազի Զաայթեր նախապէս ներկայացուցած էին եւ որու լոյսին տակ դատաւոր Սուուան առկախած էր իր հարցաքննութիւնները: Աւելի՛ն, ըստ օրէնսգէտ դոկտ. Սայիտ Մալեքի, երբ տուեալ երկրի քաղաքական ու դատական իշխանութիւններու մօտեցումները չեն համընկնիր խնդրոյ առարկայ հարցի ծալքերուն` այն ատեն կարելի է դիմել միջազգային դատական ատեան: Իսկ ըստ Դատական գերագոյն խորհուրդի նախկին նախագահ, դատաւոր Հաթեմ Մատիի, դատաւոր Սուուան պարտի շարունակել իր ստանձնած հարցաքննութիւնները, այնքան ատեն որ զինք փոխարինող դատաւոր չէ նշանակուած: Իսկ նախագահ Աունի հարցաքննութեան գծով դատաւոր Մատի յայտնեց, թէ դատախազ Սուուան իրաւասութիւն չունի հարցաքննելու նախագահը: Սակայն եթէ ատիկա անհրաժեշտութիւն է, այն ատեն դատաւորը ի՛նք նախագահին մօտ կ՛երթայ զայն հարցաքննելու: Մատի սխալ քայլ նկատեց Սուուանի առած` հարցաքննութեանց առկախման որոշումը:
Ըստ արաբական «Թաուհիտ» կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով դատախազ Սուուան, որ հարցաքննած է աւելի քան ութսուն անձնաւորութիւն, ցանկի վրայ ունէր նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հարցաքննութեան կարելիութիւնը: Հոսկէ` այդ հարցաքննութեանց հոլովոյթին առկախման հաւանականութիւնը:
Նոյն ծիրին մէջ, Մարդկային իրաւանց «Հիումըն րայց ուոչ»-ի Լիբանանի մարմինը հաղորդագրութեամբ մը տօնական օրերու սեմին շնորհաւորելով լիբանանցիները, կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութեանց պատկան կողմերուն «չմիջամտելու դատական հարցաքննութեանց հոլովոյթին եւ առիթ տալու, որ դատական պատկան իշխանութիւնները կատարեն իրենց պարտականութիւնը»:
Յոյսի Խոստմնալից Նշոյլներ
Իրերու այս դրութեան մէջ կը նախատեսուի, որ այսօր` երեքշաբթի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի դարձեալ այցելէ Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Աունի հետ խորհրդակցի կառավարութեան կազմութեան ամբողջական պատկերացման շուրջ, ինչպէս նշեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան` Ռայի պատրիարքին հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին: