Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերապահ Կեցուածքներու Մթնոլորտին Մէջ Կառավարութեան Կազմութեան Քաղաքական Ենթահողի Նախաքայլերը Կը Շարունակուին

December 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ տօնական օրերու առթած համերաշխութեան ու գործակցութեան մթնոլորտին, կարգ մը կողմեր տակաւին վերապահ են կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ թուական մը ճշդելու` մեկնելով երկրին մէջ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ սպասելով արտաքին գործօններու յստակացման: Աւելի՛ն, կարգ մը աղբիւրներ յոռետես պատկերացումներով կը բնորոշեն երկրի յառաջիկայ փուլը, վկայակոչելով կարգ մը արտաքին աղբիւրներու մտավախութիւնները ապահովական ահաբեկչական վտանգներու գծով` ուղղուած լիբանանցի պատասխանատու հեղինակութիւններու դէմ:

Այսուհանդերձ, երկրի պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը քաղաքական կայունութեան ամրագրման եւ կառավարութեան կազմութեան արդիւնաւէտ քայլերու ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ, նախագահ Միշել Աուն երէկ ստորագրեց կարգ մը օրինագիծեր, որոնց կիրարկման մեկնարկը կրնայ թափ տալ եւ աշխուժացնել քաղաքացիներու հրատապ հարցերու լուծման միջոցառումները:

Արտաքին առումով եւս նախագահ Միշել Աուն երէկ, երեքշաբթի ընդունեց Ֆրանսական խորհրդարանի լիբանանեւֆրանսական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ Լոյիք Քերվրանը` ներկայութեամբ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի: Շնորհաւորական այս այցելութեան ընթացքին խօսակցութիւնները կեդրոնացան երկրի ընդհանուր իրավիճակին, յատկապէս` «Քորոնա» ժահրի համավարակի սփռած աւերներուն լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ` երկու երկիրներու յարաբերութեանց վրայ: Այս առիթով ֆրանսացի պատուիրակը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին` ընդգծելով, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է, եւ Ֆրանսա կը շարունակէ իր հոգածութիւնը Լիբանանին, յատկապէս` անոր ներկայի դժուար պայմաններուն մէջ: Քերվրան նաեւ շեշտեց նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի դարձեալ Լիբանան այցելութեան վճռակամութիւնը առաջին ձեռնտու առիթին, ըստ պայմաններու հոլովոյթին: Ֆրանսացի երեսփոխանը նաեւ վերահաստատեց միջազգային ընտանիքին եւ Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին, «Սետր»-ի թէ այլ ծրագիրներու ճամբով, միաժամանակ անհրաժեշտ նկատելով բարեկարգչական քայլերու գործադրութիւնն ու քաղաքական համերաշխութեան հաստատումը:

Իր կարգին, երեսփոխան Ապի Ռամիա ողջունեց ֆրանսացի հիւրը` նշելով, որ Լիբանան լիայոյս է Ֆրանսայի աշխուժ ու արդիւնաւէտ քայլերէն: Ան աւելցուց, թէ Քերվան ֆրանսացի իր պաշտօնակիցներուն եւ պատկան դիւանագիտական խմբակին պիտի ներկայացնէ Լիբանանի իրավիճակն ու լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իր տեսակցութեանց արդիւնքները:

Նախորդը

Ուսանողներ Դարձեալ Բողոքեցին

Յաջորդը

Ծառուկեան. «Դիրքորոշումս Չէ Փոխուած. Իրավիճակէն Միակ Ելքը Փաշինեանի Հրաժարականն Է»

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.