Լիբանանեան

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին  Հետաքննութեանց Ծիրին Մէջ.  Դատախազ Սուուան Այսօր Պիտի Հարցաքննէ  Մեղադրեալ Նախարարները, Իսկ Տիապը` Ուրբաթ Օր

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութեանց Ծիրին Մէջ. Դատախազ Սուուան Այսօր Պիտի Հարցաքննէ Մեղադրեալ Նախարարները, Իսկ Տիապը` Ուրբաթ Օր

Հակառակ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով հարցաքննութեան ներկայանալու  իրենց մերժողական կեցուածքին` դատախազ Ֆատի Սուուան վճռած է այսօր` չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին հարցաքննել աշխատանքի երկու նախկին նախարարներ Ղազի Զաայթերը եւ Ալի Հասան Խալիլը: Անոնք երրորդ մեղադրեալ` աշխատանքի նախկին նախարար  Եուսեֆ Ֆինիանոսի հետ խորհրդարանի անդամ են եւ մասնագիտութեամբ իրաւաբան: Դատախազ Սուուան իր քայլը կը հիմնաւորէ սահմանադրական օրէնքի տրամաբանութեամբ: Փոխադարձաբար, նախկին նախարարները կը մերժեն հարցաքննութեան...

Բրիտանիոյ Դեսպանին Հրաժեշտի  Այցելութիւնը Ընդունելով`   Նախագահ Աուն Շեշտեց Արտաքին  Օժանդակութեան Անհրաժեշտութիւնը

Բրիտանիոյ Դեսպանին Հրաժեշտի Այցելութիւնը Ընդունելով` Նախագահ Աուն Շեշտեց Արտաքին Օժանդակութեան Անհրաժեշտութիւնը

  Նախագահ Միշել Աուն երէկ շեշտեց արտաքին օժանդակութեան կարեւորութիւնը` երկրի բարգաւաճման հոլովոյթի մեկնարկին մէջ:  Ան այս մասին արտայայտուեցաւ` ընդունելով Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը, յատկապէս վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Իր կարգին, դեսպան Ռամփլինկ ցաւ յայտնեց Լիբանանէն հեռանալուն համար` միաժամանակ վերահաստատելով, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին: Միւս կողմէ, նախագահ  զօր. Միշել Աուն...

Մտալլալի. «Շնորհաւորութիւննե՛ր Լիբանան.  Աշխարհ Տակաւին Կը Սիրէ Քեզ»

Մտալլալի. «Շնորհաւորութիւննե՛ր Լիբանան. Աշխարհ Տակաւին Կը Սիրէ Քեզ»

Լիբանան Անդամ` ՄԱԿ-ի Խաղաղութեան Կերտումի Յանձնախումբին ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալի նախանցեալ օր շնորհաւորեց Լիբանանը` «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած հետեւեալ գրառումով. «Բարի երեկոյ Լիբանան, յաջողեցար ՄԱԿ-ի խաղաղութեան կերտումի յանձնախումբի ընտրութեան մէջ եւ անոր անդամ դարձար` աշխարհի 193 երկիրներէն 170-ին քուէարկութեամբ: Հազա՛ր շնորհաւոր, աշխարհ տակաւին կը սիրէ քեզ, հակառակ դուն քեզի հանդէպ ըրածներուդ` տակաւին կը սիրէ քեզ»:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱԳԱՀ Միշել Աուն երէկ ընդունեց ճաշարաններու եւ գիշերային զբօսավայրերու պատկան պատասխանատուներ Ժան Պէյրութին եւ Թոնի Ռամին` ներկայութեամբ երեսփոխան Էտի Մաալուֆի: Խօսակցութեանց առանցքը կազմեց նշեալ զբօսավայրերու գործելաձեւին գծով պարտադրուող կանխազգուշական կաշկանդումներու մեղմացումը, յատկապէս` տօնական օրերու շրջանին: Թոնի Ռամի առաջարկեց գիշերային զբօսավայրերը բաց պահել մինչեւ կանուխ առաւօտեան ժամը 3:00, փոխան գիշերուան ժամը 11:00-ին: Փոխադարձաբար անոնք խոստացան կարգապահութեամբ կիրարկել կանխազգուշական միջոցառումները` քթակապէն մինչեւ...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Եւ Կառավարութեան  Կազմութեան Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Քաղաքական  Ղեկավար Շրջանակներու Միջեւ Ծագած Բանավէճին

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Քաղաքական Ղեկավար Շրջանակներու Միջեւ Ծագած Բանավէճին

Կառավարութեան կազմութեան հարցին գծով ծագած տարակարծութիւնը երէկ շարունակուեցաւ աւելի սուր բնոյթով: Արդարեւ, Պաապտայի նախագահական պալատին ու նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մամլոյ գրասենեակին միջեւ փոխադարձ հաղորդագրութիւններու հրապարակումը բացայայտեց կազմութեան ձգձգումի ետին կանգնող խոչընդոտներն ու անոնց ծալքերը: Փաստօրէն այն միջոցին, երբ օրէնսդրական իրազեկ աղբիւրներ հիմնաւորեալ փաստարկներով պաշտպանեցին նախագահ Միշել Աունի կեցուածքը եւ անոր պարզած վարկածը, անդին նշանակեալ վարչապետ Հարիրիի տեսակէտին գծով կարգ...

«Ինչպէս Իշխանութիւնը Պատասխանատուութիւն Է, Նոյնպէս Ալ` Հրաժարականը»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Վարդինէ Օհանեան. «Ուսանողական Տոլարի Օրէնքին Անտեսումով Կարծէք Կարգ Մը Համալսարաններ Կը Քանդեն Մեր Երիտասարդութիւնը»

Անդրադառնալով արտերկրի ուսանողներուն յատուկ` ուսանողական տոլարի օրէնքին անտեսման ու անոր կիրարկման ձգձգումի քայլերուն, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հետեւեալ գրառումը կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ. «Արտերկրի մեր ուսանողներու պաշտպանութեան համար նախատեսուած ուսանողական տոլարի օրէնքի կիրարկման անտեսումէն ետք կը թուի, թէ կարգ մը համալսարաններ կը քանդեն մեր երիտասարդութիւնը երկրին մէջ եւ ծնողները կը շահագործեն համալսարանական փոխուած (բարձրացած)...

Կառավարութեան Կազմութեան  Ջանքերը Կը Յամենան

Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Կը Յամենան

Քաղաքական, տնտեսական, ապահովական, ելեւմտական, առողջապահական եւ ապրուստի այլազան մարզերու բազմաճիւղ հրատապ տագնապներով կուտակուած երկրի «հեղձուցիչ» մթնոլորտին մէջ, ճիգերը կը շարունակուին յառաջիկայ օրերուն հրապարակելու կառավարութեան կազմի «վերջնական» ցանկը: Այս գծով հակառակ պատկան կողմերու` նախագահ Միշել Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ցուցաբերած շուտափոյթ լուծման յանգելու նախանձախնդրութեան, փոխադարձ վերապահութիւնները կը շարունակուին, եւ իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ ի՛ր ցանկը յայտարարել: Աւելի՛ն, Հարիրիի ներկայացուցած...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հայցերուն Գծով  Դատաւորի Եւ Ամբաստանեալներու  Միջեւ Գրաւը Կը Շարունակուի

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հայցերուն Գծով Դատաւորի Եւ Ամբաստանեալներու Միջեւ Գրաւը Կը Շարունակուի

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին կապակցութեամբ դատաւոր Ֆատի Սուուանի արձակած հարցաքննութեանց կոչերուն գծով թեր ու դէմ կեցուածքները շարունակուեցան երէկ: Խորքին մէջ, պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաներ եւ անոնց համակիրները, իրենց հարազատներու մահուան բարոյական հատուցման ակնկալութեամբ, «այրած սրտի մխիթարանքի» գոհունակութեամբ կը հետեւին դատաւոր Սուուանի դատական «խիզախ» հայցերուն: Անոնց համակիրները, դրուատելով դատաւոր Սուուանի քայլը, զայն կը յորդորեն անշեղ շարունակել` զարմանք յայտնելով «հակադիր» կողմի բարձրացուցած աղմուկին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ միջադէպ մը երկու ընտանիքներու միջեւ երէկ վերածուեցաւ փոխադարձ զինարձակման` Պաալպեքի Ռաս Այն շրջանին մէջ պատճառելով քանի մը վիրաւորներ: Ապահովական ուժեր փութացին դէպքին վայրը` անդորրութիւնը վերահաստատելու համար: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը զգուշացուց քաղաքացիները ներկայ եղանակին վայրի սունկի գործածութենէն: Արդարեւ, երէկ քանի մը հոգի վայրի սունկ ուտելէ ետք թունաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցան: Նշենք, որ նախապէս նման պատճառներով թունաւորուած պարագաներու մահուան նախընթացներ արձանագրուած են Լիբանանի...

Պէյրութի  Նաւահանգիստի Պայթումի  Հետաքննութեանց Լոյսին Տակ.   Դատաւոր Ֆատի Սուուանի Կոչերուն Գծով   Թեր Ու Դէմ Կեցուածքները Կը Շարունակուին

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Հետաքննութեանց Լոյսին Տակ. Դատաւոր Ֆատի Սուուանի Կոչերուն Գծով Թեր Ու Դէմ Կեցուածքները Կը Շարունակուին

Յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուանի դատական հայցի կոչերը երէկ շարունակեցին առանցքը կազմել տարբեր կողմերու դրական թէ ժխտական կեցուածքներուն: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմեր, յատկապէս` իրաւաբանական շրջանակներ ողջունեցին եւ խրախուսիչ կեցուածքներով դատախազ Սուուանէն խնդրեցին անշեղ շարունակել իր առաքելութիւնը, անդին այլ կողմեր քննադատական կեցուածքներու տարափ մը հրապարակեցին` նշեալ դատախազին քայլը նկատելով քաղաքական կեցուածքի...

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` Մարզական  Ֆետերասիոններու Վարչութիւններու  Ընտրութեան Մասին

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` Մարզական Ֆետերասիոններու Վարչութիւններու Ընտրութեան Մասին

Մեկնելով մարզական տարբեր ֆետերասիոններու վարչական խորհուրդներու ընտրական թափանցիկ եւ անշեղ գործընթացի գծով` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախանձախնդրութենէն եւ խուսափելով այդ ընտրութիւններուն հեզասահ ընթացքը խափանելու միտող ճնշումներէ կամ կասկածելի քայլերէ` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ստորագրութեամբ, հրապարակեց 11 դեկտեմբեր 2020 թուակիր թիւ 10/1/2020 շրջաբերականը, ըստ որուն մարզական բոլոր ֆետերասիոններէն կը պահանջուի կիրարկել թափանցիկ ու պարկեշտ միջոցառումներ, եւ այս` ընդհանուր...

«Անհրաժեշտ Է, Որ Զինադադարի Մասին Համաձայնագիրը Գործադրուի»  Կ՛ըսէ Էլիզէի Պալատի Աղբիւր Մը

Սպասելով Ֆրանսայի Նախագահի Լիբանան Այցելութեան` 22 Եւ 23 Դեկտեմբերին . Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը Յաւելեալ Համախոհութեան Կը Կարօտին

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով դատաւոր Ֆատի Սուուանի հրապարակած դատական հայցերը եւ անոնց արձագանգները, ինչպէս նաեւ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով ամբաստանեալ Սելիմ Այաշի դէմ հինգ տարբեր ցկեանս բանտարկութեան դատավճիռները, որոշ չափով լուսանցքայնացուցին նոյնքան հրատապ` կառավարութեան կազմութեան հարցը: Արդարեւ, հակառակ տարուող քուլիսային միջնորդական ճիգերուն, նախագահ Միշել Աուն արդէն իսկ մերժած է ընդունիլ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի «կազմած» ցանկը: Ըստ լիբանանեան...

Աղմկայարոյց Նախընթաց Մը Կազմելով`  Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով  Դատական Հարցաքննութեան Կոչեր

Աղմկայարոյց Նախընթաց Մը Կազմելով` Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով Դատական Հարցաքննութեան Կոչեր

Դատական հարցաքննութեանց ծիրին մէջ, անցնող 4 օգոստոսին Լիբանանը ցնցած եւ հարիւրաւոր զոհեր ու ծանր կորուստներ պատճառած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուան, երէկ նախընթաց մը կազմելով` հարցաքննութեան կոչ ուղղեց երկրի բարձրաստիճան պատասխանատուներու` հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի, աշխատանքի նախկին երկու նախարարներու` Եուսեֆ Ֆինիանոսի եւ Ղազի Զաայթերի եւ ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի հասցէին` իրենց պաշտօնավարութեան ընթացքին թերացման...

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Առկախուեցաւ

Կառավարութեան Կազմութիւնը Առկախուեցաւ

Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմի սեւագիրի ներկայացումէն ետք, քուլիսային խորհրդակցութիւններ կատարուեցան ստուգելու սեւագիրի բովանդակութեան «պատգամը»: Փաստօրէն եւ ըստ նախագահ Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներուն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահ Աունին ներկայացուցած է կառավարութեան կազմի 18 հոգինոց անուանացանկ մը, որուն ինն անուններու ինքնութիւնը արդէն որոշած է, այն հիմնաւորումով, որ կառավարութեան կազմութեան լիազօրութիւնը վերապահուած է նշանակեալ վարչապետին: Իսկ նախագահ Միշել Աունի...

Ռիատ Սալամէ Չներկայացաւ Դատարան

Ռիատ Սալամէ Չներկայացաւ Դատարան

Լիբանանեան շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի սակագինի բարձրացման ետին կանգնող կողմերու բացայայտման եւ առնչակից ծալքերու քողազերծման գծով դատաւոր Ղատա Աունի մեկնարկած հետաքննութեանց լոյսին տակ, ան լուսաբանական հարցաքննութեան կանչած էր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն: Վերջինս սակայն խուսափեցաւ դատարան ներկայանալէ, եւ անոր պաշտպան փաստաբանը` Շաուքի Քազան գրաւոր բացատրութեամբ յայտնեց, թէ Սալամէ «ապահովական նկատառումներով» պիտի չկարենայ ներկայանալ դատարան` առաջարկելով լուսարձակէ հեռու հանդիպումի ընթացքին...

Իպրահիմ. «Լիբանանի Ապահովական  Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Կը Գտնուի»

Լիբանանեան Համալսարանին Կազմակերպած Համագումարին Առիթով . Իպրահիմ. «Լիբանան Ենթակայ Է Համացանցի Ելեկտրային Վտանգի»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նախանցեալ օր զգուշացուց, որ Լիբանան կը գտնուի համացանցային ելեկտրային վտանգի սպառնալիքին տակ: Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքին  կազմակերպութեամբ գումարուած համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Իպրահիմ անդրադարձաւ առցանց կրթական դրութեան ընթացքին թուային, ելեկտրոնային կայքերու միջեւ տեղեկութեանց փոխանցման հետեւանքներուն, ուր անխուսափելի է ապահովական վիճակը խախտելու վտանգը: «Լիբանան, ինչպէս նաեւ եւ այլ երկիրներ, ենթակայ են ելեկտրային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆԾԱՆՕԹ ինքնաշարժէ մը զինեալներ  երէկ պատերազմական զէնքով կրակոցներ արձակեցին Թրիփոլիի մէջ գտնուող փուռի մը առջեւ եւ փութով խոյս տուին անորոշ ուղղութեամբ` ահ ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծելով: Միջադէպին պատճառները անծանօթ մնացին: ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ուժեր երէկ պաշարեցին վարագոյր եւ գեղանկարչական արուեստի գործեր վաճառող հաստատութիւն մը Թրիփոլիի մէջ: Յետ խուզարկութեան յայտնաբերուեցան մեծ քանակութեամբ զինամթերք, ձեռնառումբեր եւ յարակից զինուորական սարքեր: Դէպքին շուրջ քննութիւն բացուեցաւ: Զինամթերքը...

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Պաապտայէն Նշմարուող Սկզբնական Դրական Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Սպասողական Վիճակ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ` չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբերի յետմիջօրէին այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին ներկայացուց 18 նախարարութիւններէ բաղկացած կառավարութեան կազմի մը անուանացանկը` նախարարներու թեկնածուներուն կենսագրականներով: Փոխադարձաբար, նախագահ Աուն խոստացաւ «սերտել» ստացած ցանկը եւ իր կարգին նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան իր ամբողջական պատկերացումը` յստակ սկզբունքներու վրայ հիմնուած նախարարական դասաւորումով: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, Հարիրի իրեն վերապահած է...

Պետական Աջակցութեան Վերացման  Նախաքայլերուն Գծով Անդրադարձները Դրսեւորուեցան  Տեսական Ու Գործնական Կեցուածքներով

Պետական Աջակցութեան Վերացման Նախաքայլերուն Գծով Անդրադարձները Դրսեւորուեցան Տեսական Ու Գործնական Կեցուածքներով

Պետական զօրակցութեան նիւթական աջակցութեան երկօրեայ նիստերու լոյսին տակ երէկ անդրադարձները շարունակուեցան տեսական ու գործնական դրսեւորումով: Արդարեւ, տարբեր մարզերու պատասխանատուներ «հանգստացուցին» վրդոված ու մտահոգ քաղաքացիները, թէ տարրական  դեղորայքի եւ սպառողական նիւթերու, յատկապէս` ալիւրի գծով նպաստի ամբողջական վերացում չկայ, այլ` աստիճանական յարաբերական վերացում պիտի կատարուի ըստ սպառողական շուկայի եւ մանաւանդ` ըստ չքաւոր լիբանանցիներու կարիքներուն: Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Շարաֆ Ապու Շարաֆ այս...

«Քորոնա»-ի Առօրեայէն

«Քորոնա»-ի Առօրեայէն

Հակառակ «Քորոնա» ժահրի համավարակը յաղթահարելու կոչուած պատուաստի կիրարկման մեկնարկին` մահասփիւռ վարակիչ համավարակը կը շարունակէ աւերներ գործել աշխարհի զանազան կողմերը: Այս իմաստով Լիբանանի մէջ առողջապահական նախարարութիւնը երէկ դարձեալ գուժեց 20 նոր զոհերու մահը եւ յայտարարեց 1274 պարագաներու վարակումը: «Քորոնա»-ի  Դարմանումի Սակագիները  Յաւելում Կրեցին Միւս կողմէ, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Մոհամետ Քարաքի երէկ` 4 դեկտեմբեր 2020 թուակիր թիւ...

Page 445 of 988 1 … 444 445 446 … 988

Արխիւներ