Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Փութացման Փորձերով` Սերտ Ճիգեր` Ներքին Ճակատի Թիւրիմացութիւններու Հարթումին Առաջադրանքով

Դեկտեմբեր 19, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան այցելութեան առկախման եւ քաղաքական հարթակի լարուած մթնոլորտի լոյսին տակ երէկ` ուրբաթ, 18 դեկտեմբերին մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին Պաապտա այցելութիւնը վերստին խանդավառեց կացութեան բարելաւման գծով լաւատեսներու փաղանգը: Արդարեւ, Ռայի պատրիարքը թէեւ յստակ ծրագիր մը չներկայացուց նախագահ Միշել Աունին, այսուհանդերձ երկու ղեկավարներուն միջեւ սրտբաց խօսակցութիւնը վերահաստատեց նախագահին առանցքային հանգամանքը երկրի հրատապ հարցերու լուծման գծով: Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը` պարզելով քաղաքացիներուն կրած ընկերային թէ տնտեսական ոչ նախանձելի վիճակը: Ան յայտնեց, որ լուրջ արգելքներ չկան, եւ նախագահ Աուն կառչած չէ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի ապահովման իրաւունքին: Ռայի պատրիարքը պատրաստակամութիւն յայտնեց ձեռնարկելու իրմէ պահանջուող որեւէ քայլի, որ կրնայ դրական ու արդիւնաւէտ ըլլալ: Իր կարգին, նախագահ Աուն պատրիարքին պարզեց տիրող իրավիճակին ետին կանգնող խոչընդոտներու ծալքերը` նշելով, որ երբ չափանիշները միացած ըլլան, հարցերու լուծումը կ՛ընթանայ աւելի հեզասահ ձեւով:

Լաւատեսութեան քաղաքական այս «աւիշ»-ը առաւել խոստմնալից յոյսերով ոգեւորեց, երբ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժպրան Պասիլ այցելեց Պքերքէ եւ խորհրդակցեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ: Խօսակցութեանց առանցքը կազմեցին կառավարութեան կազմութեան հրատապ պահանջն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով հարցաքննութեանց թղթածրարը: Այս առիթով Պասիլ յայտնեց, թէ կառավարութիւնը կը կազմուի այն ատեն, երբ միացեալ չափանիշներու եւ տեսակէտներու տրամադրութիւն կը ցուցաբերուի: Իսկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով Պասիլ դիտել տուաւ, որ «պարտականութեանց թերացումէն անդին` ոճրային արարքի ազդանշաններ կան պայթումի ետին»:

Այս բոլորի լոյսին տակ լիբանանցիք անհամբեր կաղանդչէքի նման կը սպասեն խրթին հարցերու բարւոք եւ շուտափոյթ լուծման, գէթ նախքան տարեվերջ, յատկապէս այն տեղեկութիւններուն լոյսին տակ, թէ քուլիսային բարեխօսական ճիգերը չեն դադրած, եւ «սպիտակ ծուխը» մօտալուտ  է»:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ազատամարտիկները Պիտի Հաւաքուին Եռաբլուրի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?