Տօնական օրերու սեմին, երբ լիբանանցիք անհամբեր կը սպասեն իրենց բազմաճիւղ հարցերու հարթումին, անդին կարգ մը իրադարձութիւններ որոշ մտահոգութիւն պատճառեցին ժողովրդային թէ ղեկավար մակարդակներու վրայ:
Արդարեւ, երկիրը յուզող հրատապ հարցերէն Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին գծով աշխատանքի նախկին նախարարներ մերժեցին դատարան ներկայանալ ու պահանջեցին դատախազ Ֆատի Սուուանի փոխարինումը այլ դատախազի մը: Այլ խօսքով` այս հարցին թղթածրարը դատախազ Սուուանի ձեռքէն փոխանցել այլ դատախազի մը: Քայլ մը, որ դատախազ Սուուանը մղեց առկախելու առնչակից դատական հարցաքննութիւնները տասը օրով` սպասելով զինք փոխարինելու կոչուած դատախազի ինքնութեան ճշդումին: Այս գծով հաւանական թեկնածուներու շարքին կ՛արծարծուի դատախազ Ժամալ Հաժժարի անունը: Այս ծիրին մէջ դատախազ Սուուան անորոշ թուականով առկախեց հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի հարցաքննութիւնը: Նախապէս Սուուան նման որոշում տալով` անորոշ թուականով յետաձգած էր նաւահանգիստի պայթումին հարցով մեղադրեալ` աշխատանքի նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆինիանոսի հարցաքննութիւնը:

Դատախազ Սուուանի «ինքնամեկուսացման» այս քայլը մտահոգած էր իր զօրակիցները, որոնք երէկ երեկոյեան համախմբուեցան անոր բնակարանի մուտքին` խթանելով զինք, որ անսասան շարունակէ իր հարցաքննութիւնները Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով: Նոյն ծիրին մէջ, Դատական գերագոյն խորհուրդի նախկին նախագահ, դատաւոր Հաթեմ Մատի յայտնեց, որ թիւ 340 օրինագիծին հիմամբ, դատախազ Սուուան պարտի շարունակել իր ստանձնած դատախազ պարտականութիւնները, մինչեւ նոր դատախազի նշանակումը: Իսկ մեղադրեալ նախարարները (Ալի Հասան Խալիլ եւ Ղազի Զաայթեր) որեւէ հանգամանք կամ իրաւասութիւն չունին դատի թէ դատախազի փոփոխութեան առաջարկ ներկայացնելու, այնքան ատեն որ իրենց անձեռնմխելիութիւնը չէ վերացուած խորհրդարանին կողմէ:
Նաեւ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով
Այս մթնոլորտին մէջ կառավարութեան կազմութեան ձգձգումը եւս յաւելեալ մտատանջութիւն պատճառեց առնչակից շրջանակներուն մօտ, յատկապէս` նախագահ Մաքրոնի Լիբանան այցելութեան առկախման լոյսին տակ, «Քորոնա»-ի պատճառով: Փաստօրէն, կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան գծով ցարդ գործնական քայլ կամ բացայայտում չկայ, ինչ որ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ նախքան տարեվերջ անհաւանական է կառավարութեան կազմութիւնը:
Լուծման Ճիգերը Կը Շարունակուին
Հակառակ տիրող յուսալքումի մթնոլորտին, քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը կը շարունակուին երկրի հրատապ հարցերու հարթումին գծով, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թէ կառավարութեան կազմութեան առումով: Փաստօրէն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պքերքէ այցելութեան սկզբնական «սերմերը» սկսան «ծաղկիլ» Ռայի պատրիարքի այսօր, ուրբաթ Պաապտայի պալատ կատարելիք այցելութեամբ: Քայլ մը, որ կրնայ որոշ յոյսեր ներշնչել մօտալուտ դրական քայլերու գծով: Հոսկէ` բոլորին հայեացքը սեւեռած է այսօր նախատեսուող Աուն-Ռայի հանդիպումին ուղղութեամբ:
Նուազ ուշագրաւ չեն իրազեկ աղբիւրներու այն տեղեկութիւնները, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ- զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս ամէն խրթին հարցերու թնճուկի լուծման գծով, այս անգամ եւս լուսարձակէ հեռու մագոգային այցելութիւններ կու տայ Պաապտայի պալատ եւ առնչակից անձնաւորութիւններու: Հոս ալ լիբանանցիք լիայոյս են, որ զօրավար Իպրահիմի այս ջանքերը արդիւնաւէտ եզրայանգում կ՛ունենան:
Նոյն ծիրին մէջ, Էլիզէի պալատը, որ յայտարարած էր նախագահ Մաքրոնի այցելութեան առկախումը` միաժամանակ շեշտեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր զօրակցական ճիգերը Լիբանանին, մարդկային օժանդակութեան թէ քաղաքական բարեփոխման Մաքրոնի «ճամբու քարտէսի» հետապնդման առումով: Այլ խօսքով, կ՛ակնկալուի, որ մօտերս այս քայլերը գործնական հունի մէջ դրուին, գէթ առցանց հաղորդակցութեամբ:
Դարձեալ Ֆրանսական զօրակցութեան ծիրին մէջ Ֆրանսայի ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէ երէկ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուանը ընդունելով անոր հետ քննարկեց Լիբանանի զօրակցութեան հետագայ քայլերը: Այս իմաստով կը նախատեսուի, որ ֆրանսական ծերակոյտէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ծերակոյտի մէջ լիբանանեւֆրանսական բարեկամութեան միութեան նախագահ Քրիսթին Լակարտի:
Նաեւ` արաբական աշխարհը, յատկապէս` Արաբական լիկան երէկ վերահաստատեց իր հոգածութիւնը Լիբանանի նկատմամբ: Այս իմաստով լիկայի օգնական պատասխանատու դեսպան Հուսամ Զաքի երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ երկրի ղեկավար անձնաւորութիւններուն, յատկապէս` նախագահ Միշել Աունի, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Դեսպան Զաքիի ունեցած խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրի քաղաքական կայունութեան ամրագրումն ու հրատապ հարցերու լուծումը: Ան իշխանութեանց վարիչներուն թելադրեց փութալ գործնական քայլերու եւ լուծել ներքին «ճակատ»-ի հարցերը, յատկապէս` փոփոխութիւններու ծրագիրներու մէջ «եռեւեփող» նոր Միջին Արեւելքի այս փուլին: