Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ նախագահ Միշել Աունի հետ: Այս առիթով խօսակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ երկրի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը: Եուհաննա Ժ. պատրիարքը իր կարգին կոչ ուղղեց փութացնելու կառավարութեան կազմութեան ճիգերը եւ հարթելու զայն արգելակող խոչընդոտները: