Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Տօնական Օրերու Արձակուրդի «Տեղքայլին». Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Քուլիսային Ճիգերը Կը Շարունակուին

Դեկտեմբեր 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական օրերու սեմին, կառավարութեան կազմութեան գծով ճիգերը իրենց կարգին  «ներքաշուեցան» արձակուրդի տեղքայլին մէջ, մասամբ յուսախաբ ձգելով «կաղանդչէքի» ակնկալութեամբ անհամբեր` կառավարութեան կազմութեան սպասող ժողովրդային թէ ղեկավար լայն շրջանակներ: «Հասկնալի, բայց ոչ ընդունելի» պատճառներու թէ պատրուակներու մթնոլորտին մէջ, անխուսափելի դարձան առանց այդ ալ կարգ մը դժգոհ մարմիններու եւ շրջանակներու ընդվզումի թէ քննադատական կեցուածքները, իւրաքանչիւրը տալով իր հիմնաւորումները:

Այս ծիրին մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը զգուշացուց կառավարութեան կազմութեան դէմ խոչընդոտներ յարուցող առնչակից կողմերը` ընդգծելով, որ անոնք կը կրեն կառավարութեան կազմութեան ձգձգումի թէ ձախողութեան պատասխանատուութիւնը` զանոնք նմանցնելով Հրէաստանի Հերովդէս թագաւորին:

Նմանապէս, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ, կիրակնօրեայ իր քարոզին մէջ բուռն կերպով քննադատեց իշխանութեանց պատկան կողմերը` նշելով, որ «անոնք մտահոգ են միայն իրենց շահերով»:

Նոյն իմաստով, քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններ եւս քննադատեցին կառավարութեան կազմութեան ձգձգումը, երբեմն մխրճուելով կամ խորասուզուելով  ծայրայեղ յոռետեսութեան մէջ: Փաստօրէն, նախկին նախարար Մարուան Համատէ անհաւանական նկատեց կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան ստանձնումէն ետք: Նմանապէս, Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ անյոյս նկատեց կառավարութեան կազմի յայտարարութիւնը մօտերս:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախկին խորհրդական, լրագրող Ժան Ազիզ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին իր կարգին հաստատեց, որ մօտերս կառավարութեան կազմութեան յոյս չկայ:

Սակայն Ճիգերը Կը Շարունակուին

Այսուհանդերձ կառավարութեան կազմութեան գծով քուլիսային ճիգերը չեն դադրած մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ: Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուրկէ պիտի շարունակէ դէպի Սէուտական Արաբիա ուղեւորութիւնը: Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, Հարիրի նաեւ տօնական առիթներով պիտի այցելէ Ֆրանսա` ընտանիքին միանալու: Հարիրիի արտաքին այս «շրջապտոյտը» թէեւ տօնական ընտանեկան միացման պատճառով, բայց նաեւ առիթ մըն է, որ ան խորհրդակցութիւններ ունենայ նշեալ պետութեանց ղեկավարներուն հետ Լիբանանի, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան «թնճուկին» շուրջ: Այլ խօսքով, կ՛ակնկալուի, որ Հարիրի ձեռնունայն չվերադառնայ իր տօնական արձակուրդէն:

Նմանապէս, մարոնիներու Ռայի պատրիարքի խորհրդականներէն` նախկին նախարար Սըժաան Քազզի շաբաթավերջին պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց, որ «Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութիւնը կանգ չէ առած», եւ այս գծով քուլիսային ճիգերը կը շարունակուին առնչակից անձնաւորութիւններուն հետ: Քազզի նաեւ «աւետեց», թէ ընթացիկ շաբթուան ընթացքին Ռայի պատրիարքը պիտի շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները տեղական, արաբական թէ միջազգային առնչակից կողմերու հետ` թելադրելով անոնց ամրագրել Լիբանանի գերիշխանութեան գծով իրենց զօրակցութիւնը: Պատրիարքը վերջերս կապ պահած էր նշեալ արտաքին կողմերուն հետ` անոնց բացատրելով կառավարութեան կազմութեան առկախման ծալքերը: Իր կարգին, Պքերքէի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ուալիտ Ղայյատ հաստատեց, որ Պաապտայի եւ Պքերքէի միջեւ կապերը չեն խզուած, եւ նախագահ Միշել Աուն կապ պահած է Ռայի պատրիարքին հետ` բացատրելով տօնական պատարագէն իր «բացակայութեան» պատճառը:

Հռոմի Պապին Լիբանան Այցը

Նոյն ծիրին մէջ, ուշագրաւ էր Հռոմի պապին պատրաստակամութիւնը` ամէնէն ձեռնտու առիթին Լիբանան այցելելու, ինչ որ կրնայ հոգեւոր ու բարոյական վերանորոգ աւիշ «սրսկել» իրենք զիրենք անյոյս ու անտէր զգացող յոռետես լիբանանցիներու լայն հատուածին:

Խոստմնալից այս կեցուածքները առաւել եւս կ՛ամրագրուին` խնդրայարոյց «հանգոյցներու կծիկը քակելու» հմուտ վարպետ` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի լուսարձակէ հեռու ձեռնարկած ճիգերով Պէյրութ-Պաղտատ-Դամասկոս ճակատին վրայ, ուրկէ քաղաքականի կողքին նաեւ տնտեսական արդիւնաւէտ քայլեր կը նախատեսուին վառելանիւթի, սուրիացի գաղթականներու հեզասահ տունդարձի եւ այլ առկախ հարցերու հարթումին գծով:

 

Նախորդը

Նասրալլա «Տարուան Զրոյցը» Խորագրեալ Հարցազրոյցով Ելոյթ Ունեցաւ

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր «Ազդակ»-ը Ճգնաժամերուն Ընդառաջ (Ա.)

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?