Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համավարակի Տարածման Կանխարգիլման Ճիգերու Ծիրին Մէջ . Լիբանան Այսօր Կը Ստորագրէ «Քորոնա»-ի Դէմ Պատուաստի Ձեռքբերման Համաձայնագիրը

December 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ աշխարհ այսօր կը սկսի ներարկել «Քորոնա»-ն յաղթահարելու կոչուած պատուաստը, անդին համավարակը կը շարունակէ իր մահասփիւռ աւերը:

Լոնտոնի մէջ յայտնուած` ժահրի նորագոյն տարբերակը արդէն իսկ սկսած է լայն տարածում ստանալ: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ անիկա հասած է նաեւ Լիբանան, եւ ցարդ մէկ պարագայի վարակումը հաստատուած է:

Կը նախատեսուի, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան այսօր` երկուշաբթի, 28 դեկտեմբերին «Ֆայզըր» ընկերութեան հետ ստորագրէ համանուն պատուաստի ստացման գծով պայմանագիրը: Պատուաստի առաջին մասը Լիբանան կը հասնի յառաջիկայ յունուարի վերջերը կամ ամէնէն ուշը` փետրուարի սկիզբը:

Այս գծով հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի առողջապահական հարցերու խորհրդական տոքթ. Փեթրա Խուրի զգուշացուց, թէ «Քորոնա»-ի նոր տեսակի վարակը 50-70 առ հարիւր տարողութեամբ աւելի արագօրէն կը տարածուի, եւ թախանձագին խնդրեց խուսափիլ խճողուած հաւաքներէ եւ աւելի կարգապահօրէն գործադրել կանխարգիլման միջոցառումները:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի անդրադառնալով համավարակի զոհերու աճող թիւին յայտնեց, թէ «վստահաբար դէպի երկրի ամբողջական փակում կ՛երթանք»` պահանջելով աւելի խստապահանջ ըլլալ միջոցառումներու գործադրութեան գծով:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ դարձեալ գուժեց վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա»-ի զոհ գացած 15 մահերու եւ 1754 վարակուածներու պարագան:

Նշենք, որ Իրաքի պետութիւնը որոշեց արգիլել դէպի Լիբանան ճամբորդութիւնը, իսկ Լիբանանէն Իրաք դարձողներէն յատուկ տուգանք պիտի գանձուի:

Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնեց, որ իրաքեան զբօսաշրջային բազմաթիւ ընկերութիւններ կը փափաքին Լիբանան այցելել, յատկապէս` այս տօնական առիթներուն:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նասրալլա «Տարուան Զրոյցը» Խորագրեալ Հարցազրոյցով Ելոյթ Ունեցաւ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.