Վերջերս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով հարցաքննութեանց հոլովոյթը եւ անոր ընկերացող սահմանադրական ու քաղաքական բանավէճը որոշ չափով իր վրայ կեդրոնացուց քաղաքական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը` յարաբերական «տեղքայլի» մէջ պահելով այնքա՜ն սպասուող կառավարութեան կազմութեան հարցը:
Սակայն նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի երէկ երեկոյեան, Պքերքէ այցելութիւնը կարծէք յոյսի նշոյլ մը «աւետեց» կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն հասած անել փապուղիին մէջ: Արդարեւ, Հարիրի երէկ երեկոյեան անակնկալ այցելութեամբ Պքերքէի մէջ խորհրդակցեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրի ընդհանուր իրավիճակն ու յատկապէս կառավարութեան կազմութեան եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի ծալքերու բացայայտման հրատապ հարցերը: «Չկա՛յ կառավարութիւն ինչպէս որ է, (քիֆ մա քան) այլ` բարեկարգումի եւ Պէյրութի վերակառուցման լծուող աշխատակազմ», շեշտեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի` նշելով, որ ոչ ոք պաշտպանուած է օրէնքին դէմ, ու ինք եկած է պատրիարքին հետ խորհրդակցելու կառավարութեան կազմութեան մասին ու անոր բացատրելու այս գծով ցցուող խոչընդոտներուն ծալքերը:
Խորքին մէջ հակառակ տիրող ճիգերու տեղքայլին եւ «լճացման» երեւոյթին, այսուհանդերձ քուլիսներու ետին քաղաքական «խոհանոցներ»-ը անգործ չեն, եւ Լիբանանի ընդհանուր կացութեան վերանայման գծով լուսարձակներէ հեռու խորհրդակցութիւնները չեն դադրած: Այս ծիրին մէջ կ՛արծարծուի օրինակ` հոկտեմբեր 1989-ին կնքուած Թաէֆի համաձայնագիրի տարազին մէկ տարբերակը բանաձեւել` ընդհանուր համագումարի մը կազմակերպութեամբ, ուր ներկայ գտնուին լիբանանեան հիւսուածքին խճանկարը կազմող տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Այս գաղափարի հասունացման մէջ ակնյայտ է Ֆրանսայի քաղաքական «ներդրումը», որ կը դրսեւորուի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մէկէ աւելի Լիբանան կատարած այցելութիւններով: Փաստօրէն, Լիբանան մնայուն օրակարգի վրայ է Ֆրանսայի զանազան կառոյցներու խորհրդակցութեանց սեղանին վրայ: Այս ծիրին մէջ ֆրանսական պատուիրակութիւն մը մօտերս Լիբանան պիտի այցելէ` իրեն հետ բերելով երեք միլիոն եւրոյի «կոկիկ» գումար մը, ինչպէս հաստատեց ֆրանսական խորհրդարանին մէջ լիբանանեւֆրանսական բարեկամութեան միութեան նախագահ, երեսփոխան Լայիք Քարվան երէկ երեկոյ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին: Ան յայտնեց, որ այս գծով նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են, եւ ճիգերուն առանցքը կը կազմէ թափանցիկ իրականութեան բացայայտումը:
Այս իմաստով Լիբանանի մէջ եւս նախապատրաստական ճիգերը կը շարունակուին 22 դեկտեմբերին հիւրընկալելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որ իր երկօրեայ այցելութեամբ պիտի փորձէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան քայլերը իրենց ճիշդ հունին մէջ զետեղել: