Լիբանանեան

Պքերքէի Մէջ.   «Լիբանանի Ճակատագիրը Փրկելու Եւ Հաստատութենական  Պետութիւնը Վերականգնելու Դիմաց Արդեօք Ներքին  Եւ Արտաքին Արգելքները Չե՞ն Վերանար»  Հարց Տուաւ Ռայի Պատրիարք

Պքերքէի Մէջ. «Լիբանանի Ճակատագիրը Փրկելու Եւ Հաստատութենական Պետութիւնը Վերականգնելու Դիմաց Արդեօք Ներքին Եւ Արտաքին Արգելքները Չե՞ն Վերանար» Հարց Տուաւ Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հարց տուաւ, թէ արդեօք նախարարութիւններն ու նախարարներու նշանակումը աւելի՞ կարեւոր են լիբանանցի ղեկավարներուն համար, քան` այն մայրը, որ իր զաւկին օրապահիկը չի կրնար ապահովել, կամ հայրը, որ աշխատանք չի գտներ, որպէսզի իր ընտանիքը հոգայ, կամ երիտասարդը, որուն արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է` համալսարանական...

Պասիլ. «Հարիրիի Գործելաոճը Պատասխանատու  Կը Նկատենք` Տիրող  Տնտեսական-Ելեւմտական Քաղաքականութեան»

Պասիլ. «Հարիրիի Գործելաոճը Պատասխանատու Կը Նկատենք` Տիրող Տնտեսական-Ելեւմտական Քաղաքականութեան»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է բարեկարգումները գործադրէ` առանց արտաքին ուժերուն կատարած քաղաքական ցուցմունքներուն ենթարկուելու: Պասիլ նշեց, որ ինքն իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է գտնել գիտակից լիբանանցի մը, որ կը փափաքի Իսրայէլի պայմաններուն ենթարկուիլ: «Մենք համաձայն ենք շրջանին մէջ արդար, ամբողջական եւ մնայուն խաղաղութեան,...

Ժոմպլաթ. «Մենք Ազատ Պետութեան Մէջ Չենք Ապրիր,  Այլ` Իրանի Զօրակցութիւնը Վայելող Հըզպալլայի  Գերիշխանութեան Տակ Կը Գտնուինք»

Ժոմպլաթ. «Մենք Ազատ Պետութեան Մէջ Չենք Ապրիր, Այլ` Իրանի Զօրակցութիւնը Վայելող Հըզպալլայի Գերիշխանութեան Տակ Կը Գտնուինք»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք տակաւին կը գտնուին ազատ, անկախ, արժանապատիւ եւ բարօր կեանքի ձգտող արաբական ժողովուրդներու շարքին: «Մենք մեծ խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուինք բռնատիրական վարչակարգերու մնայուն գոյութեան պատճառով: Այդ վարչակարգերը չեն փափաքիր իրենց խոստումները կատարել, իսկ այս բոլորին կողքին կը գտնուի Իրաքի, Սուրիոյ եւ նոյնիսկ Լիբանանի մէջ տիրող սիւննի-շիի սադրանքը», ըսաւ ան:...

Զօր. Աուն Այցելեց Սպայից Վարժարան

Զօր. Աուն Այցելեց Սպայից Վարժարան

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին այցելեց Սպայից վարժարան, ուր ստուգեց վարժարան արձանագրութեան ընդառաջ կատարուած մուտքի գրաւոր քննութիւնները` նկատի ունենալով, որ դիմորդները արդէն իսկ կատարած էին առողջական, մարմնակրթական եւ այլ քննութիւնները: Զօր. Աուն դրուատեց զինուորական յանձնախումբին ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կատարեալ թափանցիկութեամբ գործադրել քննութիւններուն տարբեր փուլերը: «Սպայից վարժարան մուտք գործող զինուորականը պիտի ըլլայ ատակ եւ արժանի», հաստատեց ան:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԶՕՐ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սելիմ Աուն յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն խելացի ձեւանալ եւ հանրապետութեան նախագահին ու անոր դերակատարութեան մասին մեկնաբանութիւններ կատարել: Ան զարմանք յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը ուշացած է: ՀԶՕՐ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սեզար Ապի Խալիլ հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական դերակատարութիւնը կաշկանդուի եւ ազգային համագործակցութեան հարուած հասնի: ԱՄԱԼ շարժումի...

Նախագահ Աուն, Վարչապետ Հարիրի  Եւ Այլ Անձնաւորութիւններ  Կը Շնորհաւորեն Հայկական Ս. Ծնունդը

Նախագահ Աուն, Վարչապետ Հարիրի Եւ Այլ Անձնաւորութիւններ Կը Շնորհաւորեն Հայկական Ս. Ծնունդը

Հայկական Ս. Ծնունդին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ` անոր յայտնելով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, յատկապէս` լիբանանահայութեան: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, իր կարգին բարին մաղթելով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` յոյս յայտնելով, որ երկիրը իր դիմագրաւած դժուար պայմաններէն դուրս գայ: Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի...

Պքերքէի Մէջ.   «Եկանք Շնորհաւորելու Ռայի Պատրիարքը  Եւ Կը Յուսամ, Որ Մեր Հանդիպումը  Ըլլայ Արդիւնաւէտ»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

Պքերքէի Մէջ. «Եկանք Շնորհաւորելու Ռայի Պատրիարքը Եւ Կը Յուսամ, Որ Մեր Հանդիպումը Ըլլայ Արդիւնաւէտ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Ընդարձակ հանդիպումէն ետք, նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարք ունեցան 45 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպում մը: Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ նախագահ Աուն յայտնեց, որ տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորած է Ռայի պատրիարքը` աւելի լաւ օրեր մաղթելով լիբանանցիներուն: Ան նշեց, որ քննարկած...

Հարիրի Այցելեց Էրտողանին

Հարիրի Այցելեց Էրտողանին

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ուղղուեցաւ Պոլիս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` այդ մարտահրաւէրները դիմակայելու նպատակով: Հարիրի եւ Էրտողան քննարկեցին նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները, գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները, Լիբանանի քայքայումը կասեցնելու միջոցներն ու Պէյրութի վերականգնումը` կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք:  

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Յայտարարել  Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութեան  Արդիւնքները, Իսկ «Քարտ Հասան»-Ի Վարկը  Հըզպալլան Չի Ֆինանսաւորեր»

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Յայտարարել Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութեան Արդիւնքները, Իսկ «Քարտ Հասան»-Ի Վարկը Հըզպալլան Չի Ֆինանսաւորեր»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին ան պահանջեց յայտարարել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան արդիւնքները: Ան հաստատեց, որ զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն իրաւունքն է իմանալ իրենց զաւակներուն զոհուելուն կամ վիրաւորուելուն պատճառները եւ այդ պայթումին վերաբերող ամբողջ ճշմարտութիւնը: Ան հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան առանցքը պէտք է ուղղել: «Այդ պայթումին պատասխանատուութիւնը...

Ներկայ Եւ Նախկին Վարչապետներ Կը Ցաւակցին  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Ներկայ Եւ Նախկին Վարչապետներ Կը Ցաւակցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Ազգային-կուսակցական գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան առիթով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հեռաձայնեցին եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին վարչապետ Հասսան Տիապ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի, նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամ եւ Նեժպ Միքաթի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամներ, պետական եւ հասարակական դէմքեր:

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան  Կը Գուժէ Գառնիկ Մկրտիչեանի Մահը

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Կը Գուժէ Գառնիկ Մկրտիչեանի Մահը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան գուժեց Ազգային-կուսակցական գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահը: Ան ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Գառնիկ Մկրտիչեան, կեանքդ լուռ նուիրեցիր եւ լռութեամբ մեկնեցար: Միշտ պիտի յիշենք ընկերութեան, երիտասարդութեան, սկաուտութեան, մարմնակրթութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ին, ՀՅԴ-ին եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին նկատմամբ քու տածած անսահման նուիրումդ: Քու ձգած սպիտակ մատնահետքերէն վերջինը եղաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին աշխատանքներուն մէջ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 7 եւ ուրբաթ, 8 յունուար 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 9 յունուար 2021-ին:

Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին  Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին  Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցին Ընթացքին. Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

Հարցազրոյցը արտագրեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկուշաբթի, 4 յունուար 2021-ին, «Վանայ Ձայն»-էն կատարած իր  հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց լիբանանցիին արժանապատուութիւնը պահպանելու եւ յոյսին կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Հաղորդավար Հալա Հատտատի պատրաստած «Քըլ եաում պիյաումու» յայտագիրին ընդմէջէն, Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ 2020-ի իրադարձութիւններուն` լիբանանեան, հայկական եւ շրջանային առումով: Երաժիշտ եւ յօրինող Էլիաս Ռահպանիի մահուան առիթով երեսփոխան Յ. Բագրատունի...

Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին  Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին  Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երկուշաբթի, 4 յունուար 2021-ին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-էն: Հաղորդավար Հալա Հատտատի պատրաստած «Քըլ եաում պիյաումու» յայտագիրին ընդմէջէն, Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ 2020-ի իրադարձութիւններուն` լիբանանեան, հայկական եւ շրջանային առումով: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին` անհրաժեշտ նկատելով ամէն տեսակի միջոցառում որդեգրել` հակակշռելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակն ու ժահրին արագ տարածումը:...

Քաղաքական Եռուզեռի Բացակայութեան Պատասխանատուներու Ջանքերը Կեդրոնացան  Ապրուստի Եւ Կենցաղային Հրատապ Հարցերու  Հարթումի Քայլերուն Վրայ

Քաղաքական Եռուզեռի Բացակայութեան Պատասխանատուներու Ջանքերը Կեդրոնացան Ապրուստի Եւ Կենցաղային Հրատապ Հարցերու Հարթումի Քայլերուն Վրայ

Տօնական արձակուրդի օրերը անուղղակի «հրահանգ»-ի ոճով տեղքայլի մատնած էին երկրի պետական, քաղաքական ու պաշտօնական քայլերու եւ որոշումներու իրագործումը: Այսուհանդերձ, ապրուստի ու կենցաղային հրատապ հարցերը ինքնակոչ ձեւով իրենք զիրենք պարտադրեցին` իրենց վրայ կեդրոնացնելով պատկան կողմերու ուշադրութիւնն ու հոգածութիւնը: Այս իմաստով ո՛չ միայն երկրի, այլեւ տիեզերքի ամէնէն հրատապ հարցը նկատուող` «Քորոնա» ժահրի համավարակի մահասփիւռ աւերի լոյսին տակ նախարարական պատկան յանձնախումբը դիմեց վճռական...

Նախագահ Աուն Գուժեց Էլիաս  Ռահպանիի Կորուստը

Նախագահ Աուն Գուժեց Էլիաս Ռահպանիի Կորուստը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ գուժեց մահը լիբանանցի մեծ արուեստագէտ Էլիաս Ռահպանիին, վերջինը` Ռահպանի ընտանիքի տիտաններուն, որոնք Ասի եւ Մանսուր եղբայրներուն հետ գրեցին ու երանգաւորեցին պատմութիւնը` դառնալով հիմնաքարը Լիբանանի փառապանծ արուեստի հենքին` իբրեւ երաժշտութիւն, շքեղութիւն եւ հրապոյր: Նախագահ Աուն հետեւեալ զգացական տողերով բնորոշեց հանգուցեալ արուեստագէտը. «Հանգուցեալ  արուեստագէտ բարեկամը հմուտ իրազեկ էր երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան: Ան յաջողեցաւ ներդաշնակել արեւելեան ոգին...

Երկրի Փակման Դէմ Հայկական  Ս. Ծննդեան Տօնի Պատրուակին Գծով.   Բագրատունի. «Մարդոց Կեանքը Շատ Աւելի  Կարեւոր Է, Քան Տօնական Հանդիսութիւնները»

Երկրի Փակման Դէմ Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնի Պատրուակին Գծով. Բագրատունի. «Մարդոց Կեանքը Շատ Աւելի Կարեւոր Է, Քան Տօնական Հանդիսութիւնները»

«Մարդոց կեանքը շատ աւելի կարեւոր է, քան տօնական հանդիսութիւններն ու համայնքային բաժնեկցութիւնները», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ անդրադառնալով այն տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց հայկական Ս. Ծննդեան տօնին պատճառով պատկան կողմեր կը խուսափին երկիրը ամբողջութեամբ փակել շաբաթասկիզբէն սկսեալ: Բագրատունի կոչ ուղղեց կառավարութեան` անմիջական, ամբողջական փակումի եւ հայկական Ս. Ծննդեան տօնը պատրուակ չդարձնելու «Յիսուսի ծնունդը կեանքի խորհրդանիշ է,...

Սպասելով  Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու  Վերաշխուժացման`  Գերիշխանութեան Վերամրապնդումն Ու Ապրուստի  Խոչընդոտներու  Հարթումը`  Խորհրդակցութեանց Առանցքային Նիւթ

Սպասելով Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու Վերաշխուժացման` Գերիշխանութեան Վերամրապնդումն Ու Ապրուստի Խոչընդոտներու Հարթումը` Խորհրդակցութեանց Առանցքային Նիւթ

Տօնական եւ շաբաթավերջի արձակուրդին երկրի ղեկավարներու խօսակցութեանց առանցքը կազմեցին գերիշխանութեան վերամրապնդումն ու ապրուստի դէմ ցցուող խոչընդոտներու հարթումի կարելիութիւնները: Այս իմաստով հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց Լիբանանի գերիշխանութեան գծով իր վճռական կեցուածքը: «Չկայ գործընկեր լիբանանցիներուն` իրենց հայրենիքի անկախութեան ու հողային թէ սահմանային  գերիշխանութեան պահպանման եւ ինքնորոշման ազատութեան գծով», ընդգծեց նախագահ Աուն` «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով: Նախագահին այս...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Նոր տարուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 1 եւ շաբաթ, 2 յունուար 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 4 յունուար 2021-ին:

Կառավարութեան Կազմութեան Ուշացման Լոյսին Տակ.  Տօնական Այցելութիւնները` Առիթ Քաղաքական  Թէ Այլ Հրատապ Հարցերու Քննարկման

Կառավարութեան Կազմութեան Ուշացման Լոյսին Տակ. Տօնական Այցելութիւնները` Առիթ Քաղաքական Թէ Այլ Հրատապ Հարցերու Քննարկման

Երկրի ընդհանուր իրավիճակին գծով դրսեւորուող կեցուածքները օրըստօրէ կը ցոլացնեն ղեկավար տարբեր կողմերու մօտ տիրող տրամադրութիւնները: Սակայն որքան որ կառավարութեան կազմութիւնը գործնապէս ուշանայ, այնքան կը մթագնին բարեյաջող ելքի գծով յոյսերը: Փաստօրէն, Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Մարիօ Աուն երէկ մտավախութիւն յայտնեց տիրող կացութեան գծով: «Որքան ալ բազմանան ու տարբերին կառավարութեան կազմութեան առջեւ ցցուող խոչընդոտները` հետեւանքը Լիբանանի շիջումն է», ըսաւ ան պատկերասփռուած...

Page 443 of 988 1 … 442 443 444 … 988

Արխիւներ