Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առկայ Խոչընդոտներու Հարթումի Ձախողութեան Լոյսին Տակ. Կառավարութեան Կազմութիւնը Յետաձգուեցաւ Գալ Տարուան

Դեկտեմբեր 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Շատ կը փափաքէի, որ Ս. Ծնունդի նախօրեակին կազմուէր կառավարութիւնը, սակայն կը թուի, թէ տակաւին խոչընդոտներ կան, որոնք հարթումի ճիգերու կը կարօտին», յայտարարեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Պաապտայի մէջ: Արդարեւ, նախագահ Միշել Աունի հետ աւելի քան ժամ մը տեւած խորհրդակցութենէն ետք, ցցուող արգելքները շարունակեցին արգելակել կառավարութեան կազմութիւնը, գէթ նախքան տարեվերջ: Խորհրդակցութեանց աւարտին Հարիրի վերահաստատեց կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը` յիշեցնելով ժողովուրդին մօտ տիրող բազմաճիւղ հոգերն ու մտահոգութիւնները, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը: Հարիրի նաեւ ընդգծեց իր պատրաստակամութիւնն ու վճռական կեցուածքը` տօնական օրերէն անմիջապէս ետք կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան առնչութեամբ: Ան անուղղակի պատգամ մը յղեց քաղաքական շրջանակներուն` յայտնելով, որ երկիրը կ՛ընթանայ դէպի գահավիժում, եւ կողմերը պարտին գիտակցիլ, թէ ժամանակ չունին եւ պարտին որոշ զիջումներ կատարել ի սպաս եւ ի շահ Լիբանանին:

Սակայն կը թուի, թէ կարգ մը արտաքին ազդակներ իրենց ազդեցութիւնը ունեցած էին կառավարութեան կազմութեան ձգձգման մէջ: Կարգ մը մեկնաբաններու կարծիքով, Իրան-Միացեալ Նահանգներ հակադրութիւնը նկատառելի դրոշմ ձգած է լիբանանեան քաղաքական կեցուածքներու հոլովոյթին վրայ: Նմանապէս, հարաւային սահմանագիծին գծով, հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի ցուցաբերած պատրաստակամութեան` «միջնորդելու» համար Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ հեզասահ բանակցութեանց, այսուհանդերձ այդ հարցը (հրատապ այլ հարցերու կողքին) կրնայ աւելի յստակ ուղղութիւն ստանալ 20 յունուար 2021-ին, երբ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս ստանձնէ իշխանութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս վարկածը կը շեշտուի այն տեղեկութիւններուն լոյսին տակ, թէ նախքան իր «մեկնումը», Թրամփի իշխանութիւնը կը փորձէ ճնշումներ բանեցնել Լիբանանի վարիչներուն վրայ` պարտադրելու համար իր քաղաքական նպատակները:

Նմանապէս, տօնական օրերէն ետք առաւել եւս «բարւոքած» կ՛ըլլայ «Քորոնա»-ով վարակուած Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի առողջական վիճակը եւ կրնայ «անձամբ» հետեւիլ ու միջամտել լիբանանեան թղթածրարին: Այս իմաստով Էլիզէի պալատի աղբիւրներ հաստատեցին, որ Լիբանանի հանդէպ ֆրանսական հոգատարութիւնը չէ դադրած, եւ արդէն իսկ զգալի բարելաւում արձանագրուած է նախագահ Մաքրոնի առողջական վիճակին գծով: Այլ խօսքով` կառավարութեան կազմութեան ճիգերը աւելի արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ յունուարի վերջաւորութեան, եթէ ոչ աւելի առաջ:

Հարիրիի ձեռնունայն մեկնիլը Պաապտայի բանակցութիւններէն, յուսախաբութեան եւ ընդվզումի ալիք յառաջացուց ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներու մօտ:

Այս գծով փոխադարձ մեղադրանքներ կատարուեցան Պաապտայի պալատին եւ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանի գրասենեակին միջեւ: Երեկոյեան Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ «Պաապտայի չղջիկները գիշերային խլրտումներով պղտորեցին մթնոլորտը»: Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական բաժինի համակարգող Ռինտալա Ժապպուր իր կարգին անհաւանական նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը` հարց տալով, թէ նիւթական աջակցութեան բացակայութեան նոր կառավարութիւնը ի՞նչ հիման վրայ պիտի կարենայ  դիմակալել պետական աջակցութեան վերացման հետեւանքները ժողովուրդի առօրեային վրայ: Ան նաեւ տակաւին խոչընդոտներ նկատեց նախարարական պաշտօններու «արդար բաշխումին» գծով եւ հարցականի տակ առաւ իրաւական հաշուեքննութեան թղթածրարի գործնական ու արդիւնաւէտ եզրայանգումի կարելիութիւնը տիրող պայմաններուն մէջ: Աւելի ուշ, երէկ գիշեր Պաապտայի նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը հիմնովին հերքեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած լուրերը, ըստ որոնց կառավարութեան կազմութեան ձախողութիւնը կը վերագրուէր Հզօր Լիբանան համախմբում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նոյն ծիրին մէջ, Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն, արաբական խմբակցութեան ներկայացուցիչ Մահմուտ Մուհիէտտին երէկ իբրեւ նախապայման անհրաժեշտութիւն նկատեց լիբանանեան քաղաքական համախոհութիւնը: «Առանց լիբանանեան համախոհութեան, կարելի չէ փրկել Լիբանանը իր տագնապէն», ընդգծեց Մուհիէտտին:

Նաեւ` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի ըսաւ. «Նախագահն ու նշանակեալ վարչապետը արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ ունին կառավարութեան կազմութեան ձախողութեան գծով»: Նմանապէս «Արժանապատուութիւն» հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ անհաւանական նկատեց կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը:

Երկրի հրատապ հարցերու լուծման «բանալին» նկատուող կառավարութեան կազմութիւնը դարձեալ ձգձգուեցաւ` չարաչար օգտագործելով ժողովուրդին համբերութիւնը, ինչ որ վտանգաւոր մարտահրաւէր կրնայ յառաջացնել իշխանութեան համար, թէ` տակաւին որքա՞ն  կարելի է հանդարտեցնել կամ «զսպել» իր օրապահիկով մտահոգ ժողովրդային լայն հատուածը: Այս մտավախութիւնը աւելի կը շեշտուի այն տեղեկութիւններու լոյսին տակ, թէ 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ժողովրդային ցասումի շարժումները կը պատրաստուին աւելի լայն ու համատարած տարողութեամբ «շարժելու»` գերազանցելով պոռթկումի նախորդ շարժումներուն հետեւանքները:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2021 Տարին Հռչակեց «Արցախի Տարի»

Յաջորդը

Սպանիոյ Թորեմոլինոս Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?