Լիբանանեան

«Պէտք Է Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Տնտեսական Եւ Ապրուստի Տագնապը Լուծելու Կարողութիւն Ունի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Պէտք Է Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Տնտեսական Եւ Ապրուստի Տագնապը Լուծելու Կարողութիւն Ունի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը` ընկերակցութեամբ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան տնտեսական իրավիճակն ու տարրական նիւթերուն տրամադրուած պետական նպաստը կասեցնելու հարցը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմելու կարեւորութիւնը: «Կառավարութիւն մը, որ տնտեսական եւ ապրուստի տագնապը լուծելու կարողութիւն ունի», ըսաւ նախագահ Աուն` հաստատելով, որ կառավարութիւնը...

Զահրանիի Մէջ.   Հիւլէական Նիւթերը Յանձնուեցան Հիւլէական Ուժանիւթի Ազգային Խորհուրդին

Զահրանիի Մէջ. Հիւլէական Նիւթերը Յանձնուեցան Հիւլէական Ուժանիւթի Ազգային Խորհուրդին

Զահրանիի հիւլէական շտեմարանի ընդհանուր տնօրէն Զիատ Զէյն յայտնեց, որ հոն գտնուող հիւլէական նիւթերը յանձնած են Հիւլէական ուժանիւթի ազգային խորհուրդին` նկատի ունենալով, որ անոնք բարձրորակ նիւթեր են եւ կ՛օգտագործուին գիտական հետազօտութիւններու ու փորձարկումներու ընթացքին: Զէյն նշեց, որ հիւլէական նիւթի յանձնումը եւ ստանձնումը կատարուեցան պաշտօնական փաստաթուղթով: Զէյն յայտնեց, որ հիւլէական այդ նիւթերը Լիբանանի մէջ են 1950-էն ի վեր` աւելցնելով, որ օրին անոնք...

Ժահժահ. «Պէտք Է Կատարել Խորհրդարանական Կանխահաս Ընտրութիւններ Եւ Նոր Տեսակի Մեծամասնութիւն Ձեւաւորել` Փոխելու Համար Նախագահը»

Ժահժահ. «Պէտք Է Կատարել Խորհրդարանական Կանխահաս Ընտրութիւններ Եւ Նոր Տեսակի Մեծամասնութիւն Ձեւաւորել` Փոխելու Համար Նախագահը»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկիրը եւ լիբանանցիները դժուար կացութեան մէջ են, սակայն պէտք չէ յուսահատիլ, յուսալքուիլ եւ արտագաղթել: Ան նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը իսկոյն մերժած է, որովհետեւ լաւ գիտէր, թէ ներկայ իշխանութիւններուն հետ կարելի չէ գործել: «Պահանջուածը երկրին իշխանութեան փոփոխութիւնն է: Պէտք է կատարել խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ եւ...

Ռուշտի. «Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Կարելի Չէ Յետաձգել»

Ռուշտի. «Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Կարելի Չէ Յետաձգել»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտի կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական գործիչներուն կեդրոնանալու եւ արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Ան շեշտեց, որ պէտք է անյապաղ կազմել նոր կառավարութիւն մը` անոր ընձեռելով բարեկարգումներ կատարելու իրաւասութիւններ, որպէսզի անիկա կարենայ երկրին դիմագրաւած վտանգաւոր տագնապներուն լուծումներ գտնել: «Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերը կարելի չէ յետաձգել», ըսաւ ան: Ռուշտի ընդգծեց, որ երկրին...

Հարիրի Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեակ Պահեց Սահմանադրական Խորհուրդը

Հարիրի Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեակ Պահեց Սահմանադրական Խորհուրդը

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի   երէկ կէսօրին այցելեց Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպի կողմէ: Հարիրի դատաւոր Մըշլեպը տեղեակ պահեց իր ունեցուածքէն` այդ մասին ներկայացնելով տեղեկագիր մը` Ապօրինի հարստացման օրէնքի գործադրութեան շրջագիծին մէջ: Հարիրիի ընկերակցեցաւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ: Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին` ներկայութեամբ դիւանագիտական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1277 վարակուածներ եւ մահացած 40 ուրիշներ: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-էն սկսեալ ժամեր շարունակ թռիչքներ գործեց Ալէյի եւ Մեթնի վերեւ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները,...

Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Լարուածութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Լարուածութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Հակառակ Ծաղկազարդի տօնին բերած խաղաղութեան եւ պայծառ օդին, Լիբանանի կացութիւնը կը շարունակէ մնալ տագնապալի եւ անհեռանկար: Կառավարութեան կազմութեան առումով լարուածութիւնը տիրական է, հակառակ այն ակնկալութիւններուն, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօրուընէ սկսեալ պիտի փորձէ վերակենդանացնել կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները: Շաբաթավերջին քաղաքացիական շարժումի ներկայացուցիչները կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը դէպի նախագահական պալատ` պահանջելով կազմել փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը կամ հեռանալ իշխանութենէն: Շեւրոլէի մէջ...

Մուխթարայի Մէջ.  «Լիբանանի Արաբականութեան Զօրակցելու Իմաստով Պատմական Միացեալ Պատասխանատուութեան Մը Դիմաց Կը Գտնուինք»  Շեշտեց Պուխարի

Մուխթարայի Մէջ. «Լիբանանի Արաբականութեան Զօրակցելու Իմաստով Պատմական Միացեալ Պատասխանատուութեան Մը Դիմաց Կը Գտնուինք» Շեշտեց Պուխարի

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէի ու Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը: Ժոմպլաթ Պուխարիին ներկայացուց իր տեսակէտը` լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան առումով համաձայնութիւն գոյացնելու իր առաջարկին մասին`...

Ռայի Պատրիարք. «Կը Դատապարտենք Լիբանանցի Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ղեկավար, Որ Պետութիւնն Ու Ժողովուրդը Այս Ողբերգական Վիճակին Հասցուցած Է»

Ռայի Պատրիարք. «Կը Դատապարտենք Լիբանանցի Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ղեկավար, Որ Պետութիւնն Ու Ժողովուրդը Այս Ողբերգական Վիճակին Հասցուցած Է»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Ծաղկազարդի առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին մաղթեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները լսեն Աստուծոյ ձայնը, որ միշտ ներկայ է, լսեն ժողովուրդին ձայնը, ինչպէս նաեւ երկու միլիոն աղքատներուն եւ երիտասարդներուն ձայնը: Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները կրնային իրենց նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնել, եթէ իրենց ընթացքը փոփոխութեան ենթարկէին...

Ուեհպէ. «Շրջանին Մէջ Կայունութիւն Հաստատելու  Մեկնարկը Միջին Արեւելքի Մէջ Արդար  Եւ Ամբողջական Խաղաղութեան Հաստատումն Է»

Ուեհպէ Քանատացի Իր Պաշտօնակիցէն Ստացաւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնոյէն, որ ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր բարեկամութիւնն ու ամրապնդուած յարաբերութիւններու գոյութիւնը: Կառնօ հաստատեց նաեւ, որ Քանատա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս անոր դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին: Ան շեշտեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն կազմելու կարեւորութիւնը`...

Ֆահմի. «Լիբանան Ձեր Կարիքը Ունի. Ան Կը Գտնուի Վերացումի Սպառնալիքին Տակ»

Ֆահմի. «Լիբանան Ձեր Կարիքը Ունի. Ան Կը Գտնուի Վերացումի Սպառնալիքին Տակ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբական երկիրներու ներքին գործոց նախարարներու 38-րդ ժողովին, որ գումարուեցաւ առցանց դրութեամբ: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ֆահմի յայտնեց, որ ինք երկար պիտի չխօսի Լիբանանի մասին` նկատի ունենալով, որ բոլորը տեղեակ են անոր պարզած ողբերգական կացութեան մանրամասնութիւններէն, ըլլան անոնք ելեւմտական, տնտեսական, ապրուստի վերաբերող, թէ ընկերային, նոյնիսկ ապահովական: «Երկիրը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2724 վարակուածներ եւ մահացած 38 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ալի Օլսոյը, որուն հետ հանդիպումը ունէր արարողակարգային բնոյթ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին,...

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար, շաբաթ 27-էն կիրակի 28 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:  

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժը Վեց Ամիսով Կ՛երկարաձգէ

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժը Վեց Ամիսով Կ՛երկարաձգէ

Ս. Զատկուան Եւ Ֆիթրի Տօներուն Ընթացքին Եռօրեայ Ամբողջական Փակում «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւին արձանագրած աճին լոյսին տակ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, մեծ թիւով նախարարներու եւ ապահովական կառոյցներու պետերու, ինչպէս նաեւ բժշկական մարզի պատասխանատուներուն: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամէնօրեայ...

Նախագահ Աուն Սահմանադրական Խորհուրդը Տեղեակ Պահեց Իր Ունեցուածքէն Եւ Ընդունեց Շիան

Նախագահ Աուն Սահմանադրական Խորհուրդը Տեղեակ Պահեց Իր Ունեցուածքէն Եւ Ընդունեց Շիան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին այցելեց Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպի, ինչպէս նաեւ խորհուրդի անդամ դատաւորներ Աունի Ռամատանի եւ Ռիատ Ապու Ղիտայի կողմէ: Նախագահ Աուն դատաւոր Մըշլեպը տեղեակ պահեց իր ունեցուածքէն` այդ մասին ներկայացնելով տեղեկագիր մը` Ապօրինի հարստացման օրէնքին գործադրութեան շրջագիծին մէջ: Նախագահ Աունի ընկերակցեցաւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:...

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Փրկելու Երթը Վճռակամութեամբ Պիտի Շարունակենք»

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Փրկելու Երթը Վճռակամութեամբ Պիտի Շարունակենք»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Աւետման տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ անոր պատրիարքութեան ստանձնումի 10-ամեակը: Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ինք տասնամեայ իր գործունէութեան ընթացքին առաջնորդուած է գործակցութեան եւ սիրոյ սկզբունքներով` իր պատրիարքութեան գահակալութեան կարգախօսին համաձայն: Ան պահանջեց Լիբանանը զերծ կացուցել եւ չէզոքացնել միջինարեւելեան տագնապներէն ու...

Պըրրի Կրիոյի Եւ Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Կրիոյի Եւ Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող դժուարութիւնները: Կրիօ ընդգծեց կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները` ըստ ֆրանսական նախաձեռնութեան: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Կրիօ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական...

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն Հարազատները

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն Հարազատները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց պայթումին հետաքննութեան վերաբերող զարգացումները: Քննարկուեցան նաեւ պայթումին զոհերը լիբանանեան բանակի նահատակներուն համազօր նկատելու որոշումին գործադրութեան վերաբերող քայլերը` ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ անոնց ընտանիքներուն ծառայութիւններ եւ հատուցումներ տրամադրելու առումով: Աքըր յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ելեւմուտքի նախարարութեան ուղարկած է 48 պարագաներու...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Բ.) Առցանց Լսարաններու Երեւոյթը

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 26 մարտ 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 27 մարտ 2021-ին:

Լիբանան Հետզհետէ Կը Մօտենայ  Ամբողջական Փլուզումի Մակարդակին

Լիբանան Հետզհետէ Կը Մօտենայ Ամբողջական Փլուզումի Մակարդակին

Լիբանանի մէջ անհեռանկար իրավիճակը ընթացքի մէջ է, դրական ոչ մէկ երեւոյթ կայ: Աստուածածնայ Աւետման տօնի նախօրեակին լիբանանցիներուն մէկ մասը կը սպասէր նոր կառավարութեան կազմութեան` զայն նկատելով աւետում: Մէկ մասը կ՛ըսենք, որովհետեւ ժողովուրդին մէջ կայ այլ մաս մը, որ իր յոյսը լրիւ կորսնցուցած է Լիբանանի վերականգնումին գծով: Անցեալ շաբաթ գարուն էր, այսօր` Աւետման տօն, կիրակի` Ծաղկազարդ, սակայն երեւութապէս տեղքայլի մէջ երեւցող...

Page 424 of 988 1 … 423 424 425 … 988

Արխիւներ