Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2724 վարակուածներ եւ մահացած 38 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ալի Օլսոյը, որուն հետ հանդիպումը ունէր արարողակարգային բնոյթ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Ֆըրզլի նշեց, որ Հարիրի կառչած կը մնայ սահմանադրութեան եւ անոր սկզբունքներէն անշեղ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթ առաւօտեան մեկնեցաւ Փարիզ` ընդառաջելով ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին հրաւէրին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր: Մշարրաֆիէ ընդգծեց միջազգային ընտանիքին գործակցութեան կարեւորութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներու կամովին եւ ապահով վերադարձը իրականացնելու առումով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Օսման Ալամէտտին հերքեց այն լուրը, թէ իր վրայ մէկը կրակած է վիճաբանութենէ մը ետք, ինչպէս նաեւ հերքեց, որ իր թիկնապահներէն մէկը վիրաւորուած է: Ան հաստատեց, որ այդ լուրը անճիշդ է:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութեան կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն տակաւին կարողութիւնը ունի Լիբանանը փլուզումէ փրկելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի կատարած այցելութիւնը Մուխթարա կը հաստատէ լիբանանեան ազգային կեանքին մէջ այդ վայրին ներկայացուցած կարեւորութիւնն ու աշխուժ դերակատարութիւնը` բոլոր հարցերուն պարագային:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ բանակի շրջուն ջոկատ մը կրակոցի ենթարկուեցաւ անծանօթ ինքնաշարժի մը կողմէ, ինչ որ մղեց զայն հակադարձելու կրակոցին, որուն պատճառով բանակին վրայ կրակողներէն մէկը սպաննուեցաւ, իսկ ուրիշներ վիրաւորուեցան: Բանակի շրջուն ջոկատը կը շարունակէ հետապնդել այլ կրակողներ, որոնք փախուստի դիմեցին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կրցած է Պըրժ Պարաժնէի մէջ ձերբակալել վտանգաւոր յանցագործ մը, որ ամիսներ առաջ Պաապտայի Արդարութեան պալատի արգելարանէն փախուստ տուած էր:

Նախորդը

Լիբանանը Դէպի Ո՞ւր

Յաջորդը

Ֆահմի. «Լիբանան Ձեր Կարիքը Ունի. Ան Կը Գտնուի Վերացումի Սպառնալիքին Տակ»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.