Լիբանանեան

Հասան. «Ասթրազենիքա» Պատուաստ Ստացող  6 Հազար Քաղաքացիներու Մօտ Կողմնակի  Ազդեցութիւններ Չեն Նշմարուած»

Հասան. «Ասթրազենիքա» Պատուաստ Ստացող 6 Հազար Քաղաքացիներու Մօտ Կողմնակի Ազդեցութիւններ Չեն Նշմարուած»

Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կը Շարունակէ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստումը Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1001 վարակուածներ եւ 34 մահացածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը այսօր Չինաստանէն նուէր պիտի ստանայ 50 հազար «Սինոֆարմ» պատուաստ, որոնց 10 հազարը պիտի տրամադրուի լիբանանեան բանակին, 20 հազարը` լրագրողներուն եւ լուսանկարիչներուն, իսկ մնացեալը պիտի...

Ռայաքի Գերեզմանատան Դամբարաններու  Դռներու Գողութիւն

Ռայաքի Գերեզմանատան Դամբարաններու Դռներու Գողութիւն

Ռայաքի մէջ անծանօթներ յարձակած էին շրջանի գերեզմանատան վրայ, ուր անոնք կոտրած էին գերեզմանատան մայր դարպասին կղպանքները, ապա ուղղուած դէպի դամբարանները, կոտրած անոնց  կղպանքները եւ գողցած դամբարանները փակող երկաթէ դռները: Պետական անվտանգութեան Պեքաայի տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ Ռայաքի գերեզմանատան դամբարաններուն դռները գողցող կասկածելի մը ձերբակալած են եւ զայն յանձնած հարցաքննութեան` բացայայտելու համար այս սրբապղծումը կատարող աւազակախումբին մնացեալ անդամները: Լիբանանեան բանակը իր կարգին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ հիմնական ներածումներուն նպաստ յատկացնելու նպատակով պետութեան տրամադրած գումարը մինչեւ մայիսի վերջ կ՛աւարտի, հետեւաբար պէտք է այդ նպաստը հասցէագրել: «Երկրին մէջ տիրող կացութիւնը կարելի է փրկել վստահութիւն վայելող կառավարութեան մը քաղաքական որոշումով», ըսաւ Ուազնի: ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դրամատան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժ յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է պատրաստ ըլլայ կարգ մը...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Աւագ ուրբաթ օրուան ու Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 3 եւ երկուշաբթի, 5 ապրիլ 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 6 ապրիլ 2021-ին:  

Մամլոյ Արձակուրդ

Հակառակ Տօնական Արձակուրդային Մթնոլորտին` Կացութեան Բարելաւման Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն Խոստմնալից Քայլերով

Ս. Զատկուան տօնի նախօրեակին, երբ երկիրը կը թեւակոխէ վաղը` շաբաթ առաւօտէն մինչեւ յառաջիկայ երեքշաբթի, 6 ապրիլի առաւօտը երկարող արձակուրդի եւ «Քորոնա» համավարակի բերումով` «փակման» միջոցառումներու ժամանակաշրջան, անդին երկրի կացութեան բարելաւման գծով հրապարակային թէ քուլիսային ճիգերը կը շարունակուին զանազան ուղղութիւններով: Այս իմաստով առնչակից կողմերը վերջերս դրսեւորած իրենց կեցուածքներով շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը` դրական ելք մը գտնել կարենալու համար հետզհետէ շեշտուող...

«Լիբանանեան Բանակը Հիմնական Տարր Է  Շրջանային Կայունութիւնը Երաշխաւորելու Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմելու»  Շեշտեց Վիսիարելլի

«Լիբանանեան Բանակը Հիմնական Տարր Է Շրջանային Կայունութիւնը Երաշխաւորելու Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմելու» Շեշտեց Վիսիարելլի

Իտալիոյ սպայակոյտի պետ զօր. Էնզօ Վիսիարելլի լիբանանեան բանակի «Ալ Ժայշ» լիբանանեան բանակի պաշտօնաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջագիծին մէջ գործող իտալական զօրամասը շրջանի բնակչութեան եւ տեղական հաստատութիւններուն հետ իւրայատուկ վարուելակերպ կը ցուցաբերէ, հիմնուած` փոխադարձ յարգանքի եւ երկխօսութեան վրայ: Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը տարբեր պայմաններու, յատկապէս բարդ պայմաններու ընթացքին...

Եոաննա Վրոնեսքա` Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչ

Եոաննա Վրոնեսքա` Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Լիբանանի մէջ իր ներկայացուցիչը նշանակեց Եոաննա Վրոնեսքան: Ան ՄԱԿ-ի մէջ Լեհաստանի դեսպանը եղած է: Ծնած է 30 մարտ 1958-ին եւ ուսումը ստացած Ալճերիոյ, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի մէջ: Կը տիրապետէ անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին: 1999-2003 դարձած է Լեհաստանի դեսպանը Եգիպտոսի եւ Մարոքի մէջ, 2005-2010` Մաւրիտանիոյ եւ Սենեկալի մէջ, իսկ 2011-2015` Յորդանանի մէջ: 2017-էն ի վեր Վրոնեսքա...

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Բագրատունիի Հետ

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Բագրատունիի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ դարձան կառավարութեան կազմութեան հետ առնչուած խնդիրներն ու արգելակող ազդակները, ինչպէս նաեւ Պըրրիի կողմէ թափուող ճիգերուն յաջողութեան կարելիութիւնները: Երեսփոխան Բագրատունի հրամայական պահանջ նկատեց արագ ու անմիջական կերպով կառավարութեան կազմութիւնը` առաջքը առնելու համար երկրի ընդհանուր փլուզումին` միաժամանակ շեշտելով,...

Առանցքային Ճիգեր` Երկրի Քաղաքական Եւ Տնտեսական Տագնապներու Լուծման Գծով

Առանցքային Ճիգեր` Երկրի Քաղաքական Եւ Տնտեսական Տագնապներու Լուծման Գծով

Ամիսներէ ի վեր երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապի լուծման գծով ուշագրաւ աշխուժութիւն արձանագրուեցաւ լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ: Արդարեւ, Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումէն 160 օր ետք երկիրը տակաւին կը տապլտկի քաղաքական տարակարծութեանց մակընթացութեան մէջ, մինչ հրաժարեալ կառավարութիւնը կը փորձէ կարգաւորել առկախ մնացած հարցերը: Այս իրավիճակին հիմք տուող նախանշանները զգալի էին երէկ` մէկէ աւելի խորհրդակցական «ճակատներու» վրայ: Աւելի՛ն, կը նախատեսուի, որ այս...

Նասրալլա. «Ժամանակն Է Հարցերու Լիիրաւ Լուծման Ուղղուելու»

Նասրալլա. «Ժամանակն Է Հարցերու Լիիրաւ Լուծման Ուղղուելու»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանած իր խօսքին մէջ դրական մղում մը տուաւ երկրին մէջ վերջին օրերուն  կառավարութեան կազմութեան գծով սկսած աշխուժ խորհրդակցութեանց: «Բոլորը կը գիտակցին, թէ երկիրը սպառած է, եւ տիրող քաղաքական տագնապի լուծման բանալլն կառավարութեան կազմութիւնն է», ըսաւ ան դիտել տալով, որ ներկայիս յուսալքումի վիճակին մէջ չենք: Նասրալլա ընդգծեց, թէ յառաջիկայ օրերուն հաւաքական լուրջ ճիգեր...

Իրանեան Պատուիրակութիւնը Կը Շարունակէ Իր Հանդիպումները Լիբանանեան Ղեկավարութիւններուն Հետ

Իրանեան Պատուիրակութիւնը Կը Շարունակէ Իր Հանդիպումները Լիբանանեան Ղեկավարութիւններուն Հետ

Իրանի իսլամական Հանրապետութեան միջկրօնական երկխօսութեան եւ գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Համիտ Շահրիարի Լիբանան կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ երէկ շարունակեց իր հանդիպումները երկրի քաղաքական թէ  հոգեւոր պետերուն հետ: Այս ծիրին մէջ շէյխ Շահրիարի իր գլխաւորած պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ Պքերքէ տուած այցելութենէն ետք, երէկ առանձին այցելութիւններ տուաւ նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիանի եւ ապա Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ահմետ...

Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցի Ուսանողներուն Ծնողները Բողոքի Ցոյց Կը Կատարեն

Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցի Ուսանողներուն Ծնողները Բողոքի Ցոյց Կը Կատարեն

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութեան Կողմէ Լիբանանի Մէջ Փտածութեան Եւ Մսխումի Բոյները Բացայայտող Հետաքննութիւնները Օտար երկիրներու մէջ լիբանանցի ուսանողներուն ծնողները երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին կատարեցին բողոքի ցոյց մը` Կեդրոնական դրամատան դիմաց: Անոնք պահանջեցին «Ուսանողի տոլար» օրէնքին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ օտար համալսարաններ յաճախող լիբանանցի ուսանողներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Ցուցարար ծնողները հաստատեցին, որ օտար երկիրներու համալսարաններէն արդէն իսկ 200 ուսանողներ վտարուած են...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Սպառած Վիճակի Մէջ Կը Գտնուի Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ձգած Հետեւանքներուն Պատճառով»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Սպառած Վիճակի Մէջ Կը Գտնուի Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ձգած Հետեւանքներուն Պատճառով»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Այաքի Իթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան իր հողերուն վրայ կը հիւրընկալէ սուրիացի տեղահանուածներու մեծագոյն համեմատութիւնը` նկատի ունենալով իր տարածութիւնն ու բնակչութեան թիւը: «Լիբանան սպառած վիճակի մէջ կը գտնուի սուրիացի տեղահանուածներուն ձգած հետեւանքներուն պատճառով», ըսաւ ան:...

«Միտըլ Իսթ» Օդանաւային Ընկերութեան Կեդրոնատեղիին Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստումի Արշաւ

«Միտըլ Իսթ» Օդանաւային Ընկերութեան Կեդրոնատեղիին Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստումի Արշաւ

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2668 վարակուածներ եւ 48 մահացածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ այցելեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կեդրոնատեղի, ուր յայտնեց, թէ նախարարութիւնը 750 հազար «Ֆայզըր» պատուաստ ապահոված է` աւելցնելով, որ այդ պատուաստները սեփական մարզին պիտի տրամադրուին մայիս եւ յունիս ամիսներուն ընթացքին: Համատ Հասան նշեց, որ նախապէս ապահովուած...

Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի Կեդրոնատեղի

Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի Կեդրոնատեղի

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած, երէկ այցելեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Խաթիպ ողջունեց պատուիրակութիւնը` ընդգծելով լիբանանցիներուն միջեւ մտավախութիւնները փարատելու եւ բոլորին միջեւ վստահութիւնը վերականգնելու կարեւորութիւնը: Խաթիպ շեշտեց, որ շիիները իրենց բոլոր կառոյցներով կը մերժեն քաղաքացիական կամ յարանուանական պատերազմը:...

Պըրրի Ռաատի Հետ Քննարկեց Մոսկուա Այցելութեան Արդիւնքները

Պըրրի Ռաատի Հետ Քննարկեց Մոսկուա Այցելութեան Արդիւնքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց Հըզպալլայի պատուիրակութեան Մոսկուա կատարած այցելութեան արդիւնքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու օրէնսդրական կարգ մը հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այն Թինէի...

Ռայի Պատրիարք. «Օր Մը Օրանց Այս Կամ Այն Անձնաւորութեան Դատավարութեան Ենթարկուիլը Կարմիր Գիծ Չեմ Նկատած»

Ռայի Պատրիարք. «Օր Մը Օրանց Այս Կամ Այն Անձնաւորութեան Դատավարութեան Ենթարկուիլը Կարմիր Գիծ Չեմ Նկատած»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներու ներկայութեան յայտնեց, որ ինք օր մը օրանց այս կամ այն անձնաւորութեան դատավարութեան ենթարկուիլը կարմիր գիծ չէ նկատած: «Ընդհակառակն` իրաւական հաշուեքննութիւն պէտք է կատարուի Լիբանանի պետական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, եւ բոլոր օրինազանցները պէտք է պատժուին», ըսաւ ան: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ինք հաստատած է, որ հանրապետութեան նախագահի հրաժարականին համաձայն չէ,...

Տիապ Ուեհպէին Եւ Ֆահմիին Յանձնարարեց Ծովուն Մէջ Կորսուած Լիբանանցիներուն Հարցը Հետապնդել

Տիապ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Կեցութիւնը Ժամանակաւոր Է»

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ մասնակցեցաւ Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային զօրակցութեան Պրիւքսելի առցանց խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ծանր պայմանները իրենց դրսեւորումը կ՛ունենան սուրիացի տեղահանուածներուն վրայ, մինչ տեղահանուածներուն ներկայութիւնը կը ծանրաբեռնէ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը: Տիապ հաստատեց, որ ներկայ տագնապի շարունակութեան պարագային` Լիբանանի փլուզումը վճռական է: Հասսան Տիապ ընդգծեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա պէտք է ըլլայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի կոչ ուղղեց հրաժարած կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու` քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ կեդրոնանալու երկիրը տագնապներէ փրկելու վրայ: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն շարժումի նախագահ Էլի Մահֆուտը, որ յայտնեց, թէ իրենց հիմնական վախը...

Խորհրդարանը Վաւերացուց Երկու Օրէնքներ, Իսկ Կառավարութիւնը  Կազմելու Ոչ Մէկ Ճիգ Կը Նշմարուի

Խորհրդարանը Վաւերացուց Երկու Օրէնքներ, Իսկ Կառավարութիւնը Կազմելու Ոչ Մէկ Ճիգ Կը Նշմարուի

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ սառած, երկրին մէջ տնտեսական տագնապն ու ապրուստի հարցը կը մնան քաղաքացիներուն վրայ ճնշող եւ յուսալքող ազդակներ: Տիրող անյոյս վիճակը խզելու փորձ մը կը նկատուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի կողմէ երէկ երեկոյեան կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ իրենք լիբանանցի պատասխանատուները տեղեակ պահած են, որ պէտք է վերջ տրուի կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն արգելակումին:...

Page 423 of 988 1 … 422 423 424 … 988

Արխիւներ