Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Կը Դատապարտենք Լիբանանցի Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ղեկավար, Որ Պետութիւնն Ու Ժողովուրդը Այս Ողբերգական Վիճակին Հասցուցած Է»

March 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Ծաղկազարդի առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին մաղթեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները լսեն Աստուծոյ ձայնը, որ միշտ ներկայ է, լսեն ժողովուրդին ձայնը, ինչպէս նաեւ երկու միլիոն աղքատներուն եւ երիտասարդներուն ձայնը:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները կրնային իրենց նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնել, եթէ իրենց ընթացքը փոփոխութեան ենթարկէին եւ աշխատէին ի խնդիր Լիբանանի փրկութեան, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք:

«Սակայն անոնք մնացին անտարբեր, առանց հետաքրքրուելու իրենց ժողովուրդի ճակատագիրին մասին: Այդ պատճառով ալ ձախողեցան եւ փաստեցին, որ Լիբանանի ի խնդիր զոհուած ժողովուրդը ղեկավարելու ատակ անձնաւորութիւններ չեն», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն այս իրականութիւնը եւ կը դատապարտեն իւրաքանչիւր լիբանանցի ղեկավար, որ պետութիւնն ու ժողովուրդը այս ողբերգական վիճակին հասցուցած է:

«Պքերքէ օր մը օրանց չէ զօրակցած իշխանութեան մը, որ խոչընդոտած է կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ չէ զօրակցած քաղաքական այնպիսի խմբաւորումներու, որոնք իրենց անձնական շահերը առաջնահերթութիւն կը նկատեն, նոյնիսկ եթէ անոնք ըլլան Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան հաշուոյն», ընդգծեց ան:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու նշանակուած վարչապետը իմանան, թէ իրենք` մեկնելով իրենց միջեւ փոխադարձ վստահութենէն եւ միացեալ պատասխանատուութենէն, ենթադրուած են խորհրդակցիլ եւ Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք ընդունուած կարգով չափանիշներ ճշդել, նախարարները նշանակել եւ կառավարութիւն կազմել:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը շաբաթ օր Պքերքէի մէջ ընդունած էր ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկած էր երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան առումով:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանը փրկելու նպատակով անոր առաջադրած կեցուածքներն ու նախաձեռնութիւնները: «Կրնամ հաստատել, որ Պաապտայի եւ Պքերքէի միջեւ սկզբունքները նոյնն են, իսկ Ռայի պատրիարքին պահանջած բարեկարգումի փրկարար նպատակները հանրապետութեան նախագահին նպատակներն են: Պքերքէ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հասարակ յայտարարներու հասնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիները տագնապալի այս իրավիճակէն դուրս բերել», հաստատեց ան:

Նախորդը

Ուեհպէ Քանատացի Իր Պաշտօնակիցէն Ստացաւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը

Յաջորդը

Մուխթարայի Մէջ. «Լիբանանի Արաբականութեան Զօրակցելու Իմաստով Պատմական Միացեալ Պատասխանատուութեան Մը Դիմաց Կը Գտնուինք» Շեշտեց Պուխարի

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.