Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Սահմանադրական Խորհուրդը Տեղեակ Պահեց Իր Ունեցուածքէն Եւ Ընդունեց Շիան

March 27, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին այցելեց Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպի, ինչպէս նաեւ խորհուրդի անդամ դատաւորներ Աունի Ռամատանի եւ Ռիատ Ապու Ղիտայի կողմէ:

Նախագահ Աուն դատաւոր Մըշլեպը տեղեակ պահեց իր ունեցուածքէն` այդ մասին ներկայացնելով տեղեկագիր մը` Ապօրինի հարստացման օրէնքին գործադրութեան շրջագիծին մէջ:

Նախագահ Աունի ընկերակցեցաւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:

Քննարկուեցան Սահմանադրական խորհուրդին աշխատանքները, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն ընդգծեց անոր հսկայ պատասխանատուութիւնը` օրէնքներու սահմանադրական ըլլալուն հսկելու առումով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախանցեալ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան ճիգերը արգելակող դժուարութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շիա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` զինք ընդունելու առիթով, եւ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նոր կառավարութիւն մը կազմելու ո՛չ միայն կարեւորութիւնը, այլեւ` նոր կառավարութեան մը խիստ կարիքը, որպէսզի ան կարենայ գործադրել բարեկարգումները:

«Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան միշտ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին եւ զօրակցելու լիբանանցի ժողովուրդին», վերահաստատեց Շիա` աւելցնելով, որ  Լիբանան կարիքը ունի հզօր ղեկավարներու, որոնք պատրաստ են կուսակցական իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ միասնաբար գործելու` երկիրը փրկելու համար իր դիմագրաւած տագնապներէն: «Վստահ եմ, որ նման լիբանանցի ղեկավարներ կան եւ կարողութիւն ունին նման քայլեր առնելու», ըսաւ ան:

Շիա յայտնեց, որ ինք գիշեր մը առաջ հանդիպում մը ունեցած է տարբեր ուղղութիւններ ներկայացնող երիտասարդ քաղաքական գործիչներու հետ, որոնք յստակօրէն շեշտած են, թէ կը փափաքին ունենալ կառավարութիւն մը, որ երկրին պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ, անկախ դատական իշխանութիւն մը, ինչպէս նաեւ օրէնքի գերիշխանութիւն:

«Անոնք կը փափաքին, որ Լիբանանի մէջ փտածութեան վերջ դրուի եւ կարելի ըլլայ ժողովուրդին կարիքները հոգալ, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին յառաջիկայ տարուան ընթացքին` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին», ընդգծեց Շիա:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Շիա յայտնեց, որ ինք տեղեակ է, թէ լիբանանցի ղեկավարները կը փորձեն կառավարութիւն կազմել, «իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ նախապայմաններ դնող ղեկավարներուն ամենայն յարգանքով հարց կու տամ, թէ այդ հոլովոյթը 8 ամիս արգելակելէ ետք ժամանակը չէ՞ հասած արդեօք այդ նախապայմանները յետս կոչելու եւ համաձայնութիւն մը գոյացնելու: Կարեւորը կառավարութեան կազմութիւնն է եւ ոչ թէ կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելը», եզրափակեց ան:

ՆՇԵՆՔ, որ Շիա այցելեց նաեւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Փրկելու Երթը Վճռակամութեամբ Պիտի Շարունակենք»

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժը Վեց Ամիսով Կ՛երկարաձգէ

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.