Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն Հարազատները

March 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց պայթումին հետաքննութեան վերաբերող զարգացումները:

Քննարկուեցան նաեւ պայթումին զոհերը լիբանանեան բանակի նահատակներուն համազօր նկատելու որոշումին գործադրութեան վերաբերող քայլերը` ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ անոնց ընտանիքներուն ծառայութիւններ եւ հատուցումներ տրամադրելու առումով:

Աքըր յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ելեւմուտքի նախարարութեան ուղարկած է 48 պարագաներու թղթածրարներ, որոնց սերտողութիւնը աւարտած է: Ան աւելցուց, որ 8 այլ թղթածրարներ երկուշաբթի առաւօտեան պիտի ուղարկուին ելեւմուտքի նախարարութեան, որ իր կարգին անմիջապէս պիտի կատարէ իր պարտականութիւնները 56 զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն, որոնք ամսական դրութեամբ պիտի ստանան նիւթական հատուցում, ինչպէս նաեւ դպրոցական կրթաթոշակ եւ բժշկական ծառայութեանց վերաբերող հատուցումներ:

Աքըր ընդգծեց, որ այս հարցը ազգային հարց է եւ զոհերուն ընտանիքներուն նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւնն է, հետեւաբար անկարելի է յապաղումներ արձանագրել այդ իմաստով:

Աքըր Հերքեց Ընթացիկ Կառավարութեան Աշխատանքը Աշխուժացնելու Նպատակով Ելեկտրոնային Ժողովի Մը Հրաւիրելու Լուրը

Միւս կողմէ, Աքըրի տեղեկատուական գրասենեակը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ ընթացիկ կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու նպատակով ինք հրաւիրած է ելեկտրոնային ժողովի մը:

«Աքըր նախարարները ոչ մէկ ժողովի հրաւիրած է` կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու նպատակով, յատկապէս երբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ բացայայտօրէն մերժած է կառավարութեան աշխատանքներուն աշխուժացումը», կը նշէ տեղեկատուական գրասենեակի հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութեան համաձայն, նախարարներուն միջեւ մնայուն հանդիպումներ կը կայանան` աշխատանքը համադրելու եւ ժողովուրդին կարիքները հոգալու նպատակով: «Այդ բոլորը կը կատարուին սահմանադրական կանոններու շրջագիծին մէջ եւ վարչապետի պաշտօնակատար Տիապի ցուցմունքներով: Սահմանադրութիւնը նախարարները պատասխանատու կը նկատէ իրենց աշխատանքներուն համար, եւ անոնք պէտք է իրենց իրաւասութիւններուն շրջագիծին մէջ գործեն` ծառայելու համար Լիբանանին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ն Ու Անոր Առաջին Մասնակիցները

Յաջորդը

Պըրրի Կրիոյի Եւ Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.