Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Փրկելու Երթը Վճռակամութեամբ Պիտի Շարունակենք»

March 27, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Աւետման տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ անոր պատրիարքութեան ստանձնումի 10-ամեակը:

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ինք տասնամեայ իր գործունէութեան ընթացքին առաջնորդուած է գործակցութեան եւ սիրոյ սկզբունքներով` իր պատրիարքութեան գահակալութեան կարգախօսին համաձայն:

Ան պահանջեց Լիբանանը զերծ կացուցել եւ չէզոքացնել միջինարեւելեան տագնապներէն ու պատերազմներէն, որոնք պատճառ դարձան Լիբանանի երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն յետաձգումին, սահմանադրութեան գործադրութիւնը արգելակեցին, պետական հաստատութիւնները անդամալուծեցին, ահաբեկչութեան դիմաց զետեղեցին երկիրը, սակայն մեր բանակը յաղթեց ահաբեկչութեան, պատճառ դարձան, որ Լիբանան արաբներէն եւ աշխարհէն հեռանայ, սակայն տիրեց փտածութիւն եւ Լիբանան տնտեսապէս փուլ եկաւ, իսկ «Քորոնա»-ի համաճարակն ու Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը աւելի եւս կործանեցին երկիրը:

«Օր մը օրանց չէինք պատկերացներ, որ Արեւելքի փարոս եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման օրրան Լիբանանը այս վիճակին կրնայ հասնիլ եւ իր որոշումին օրինականութիւնը լքելով այս կամ այն առանցքին միջեւ խաղին պատանդը դառնալ: Չէինք պատկերացներ, որ հարիւր տարուան ժողովրդավարական գոյատեւումէն ետք, լիբանանեան պետութիւնը կը ձախողի կազմել կառավարութիւն մը: Լիբանանն ու լիբանանցիները փրկելու երթը վճռականութեամբ պիտի շարունակենք, առանց յուսալքուելու: Կոչ կ՛ուղղենք, որ հանրապետութեան նախագահն ու նշանակուած վարչապետը վերսկսին խորհրդակցութիւններուն` կազմելու համար Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան ոգիին համապատասխանող կառավարութիւն մը», հաստատեց ան:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Լիբանանը` իբրեւ քաղաքացիական պետութիւն, կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն` իսլամ եւ քրիստոնեայ: «Լիբանանի պահպանումը հաւաքական պատասխանատուութիւն է, որ կը դրսեւորուի Լիբանանի միասնականութեան եւ ինքնութեան պահպանումով: Մեծն Լիբանանի երկրորդ հարիւրամեակը կ՛ենթադրէ Լիբանանը հիմնել ոչ թէ գետնի վրայ, այլ մեր խիղճերուն մէջ», շեշտեց ան:

Ս. պատարագի աւարտին, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերի կարդաց Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Ռայի պատրիարքին ուղղուած շնորհաւորագիրը, որուն մէջ նշուած էին պապին բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները` Ռայի պատրիարքին ստանձնած առաքելութեան եւ անոր շարունակութեան առումով:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զայն Աւետման տօնին եւ Անտիոքի ու Համայն Արեւելքի մարոնի համայնքին պատրիարքութեան անոր գահակալութեան 10-ամեակին առիթներով:

Հարիրի Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Միւս կողմէ, նախանցեալ օր երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ռայի պատրիարքը ընդունեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Սըժաան Քազզիի:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ ինք ընդառաջած է Ռայի պատրիարքին յղած ընթրիքի հրաւէրին` աւելցնելով, որ պատրիարքին հետ քննարկած է երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները:

«Ռայի պատրիարքին այցելելը կարեւոր է ինծի համար, որովհետեւ յանձնառու կը մնամ անոր տեսակէտները իմանալու, յատկապէս երկրին դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին», ըսաւ Հարիրի` աւելցնելով, որ պատրիարքին հետ քննարկումները պիտի շարունակուին ընթրիքէն ետք:

Հանդիպումին քաջածանօթ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ռայի պատրիարքին ու Հարիրիի միջեւ հանդիպումը եղած է դրական, եւ համաձայնութիւն գոյացած է կառավարութեան կազմութեան նպատակով նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութիւնները վերսկսելու:

 

Նախորդը

Պըրրի Կրիոյի Եւ Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Սահմանադրական Խորհուրդը Տեղեակ Պահեց Իր Ունեցուածքէն Եւ Ընդունեց Շիան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.