Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Պէտք Է Կատարել Խորհրդարանական Կանխահաս Ընտրութիւններ Եւ Նոր Տեսակի Մեծամասնութիւն Ձեւաւորել` Փոխելու Համար Նախագահը»

March 30, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկիրը եւ լիբանանցիները դժուար կացութեան մէջ են, սակայն պէտք չէ յուսահատիլ, յուսալքուիլ եւ արտագաղթել:

Ան նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը իսկոյն մերժած է, որովհետեւ լաւ գիտէր, թէ ներկայ իշխանութիւններուն հետ կարելի չէ գործել: «Պահանջուածը երկրին իշխանութեան փոփոխութիւնն է: Պէտք է կատարել խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ եւ նոր տեսակի խորհրդարանական մեծամասնութիւն ձեւաւորել` փոխելու համար նախագահը», ըսաւ ան:

Ժահժահ ընդգծեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը մերժէ նոր կազմուելիք կառավարութեան մաս կազմել` աւելցնելով, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան անդամները ատակ չեն` տիրող ներկայ իրավիճակը բարելաւելու:

Ան կտրականապէս մերժեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի առաջարկը` մասնագէտներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով` աւելցնելով, որ նման տեսակի կառավարութիւններ ամբողջ 50 տարուան ընթացքին ապարդիւն դուրս եկած են:

Ժահժահ նշեց, որ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին ամէնէն մեծ ու ծանր հարուածները հասցուցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` նկատել տալով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին պատմական քաղաքականութիւնը հիմնուած է արաբներուն եւ արեւմտեան երկիրներուն հետ ներդաշնակութիւն մը ստեղծելու սկզբունքին վրայ, «իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը արաբներն ու Արեւմուտքը լքեց եւ համաձայնեցաւ դիմադրութեան առանցքին հետ», ըսաւ Ժահժահ` աւելցնելով, որ այդ կուսակցութեան համար Միշել Աունի եւ Ժըպրան Պասիլի շահերը կը բնորոշեն Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին շահերը:

Ժահժահ նշեց, որ զօր. Միշել Աուն  հանրապետութեան ձախող նախագահ է եւ ոչ թէ հզօր նախագահ: Ան մաղթեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը համոզուին, որ Լիբանանի տագնապներուն լուծումը պիտի սկսի կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններով:

Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ սերտ գործակցութեան մասին հարցումի մը` Ժահժահ յայտնեց, որ Ռիատ միայն Լիբանանեան ուժերուն հետ չի գործակցիր: «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Լիբանանի մէջ սէուտցիներուն բարեկամներէն մէկը կը նկատուի», ըսաւ ան` հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ Սէուտական Արաբիա կը ֆինանսաւորէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը:

Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կը փափաքի քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել:

 

 

Նախորդը

Ռուշտի. «Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Կարելի Չէ Յետաձգել»

Յաջորդը

Զահրանիի Մէջ. Հիւլէական Նիւթերը Յանձնուեցան Հիւլէական Ուժանիւթի Ազգային Խորհուրդին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.