ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1277 վարակուածներ եւ մահացած 40 ուրիշներ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-էն սկսեալ ժամեր շարունակ թռիչքներ գործեց Ալէյի եւ Մեթնի վերեւ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ռամատանի ընթացքին մզկիթներուն մէջ առնուելիք նախազգուշութիւնները` «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարի առումով: Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի ընդգծեց, որ նախարարութիւնը իր բոլոր պարտականութիւնները կը կատարէ Ռումիէի եւ մնացեալ բոլոր բանտերուն գծով: «Ներքին գործոց նախարարութիւնը յանձնառու է քաղաքացիներուն անվտանգութեան, խօսքի ազատութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման», ըսաւ Ֆահմի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մախզումի ընդգծեց անկախ անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը: Թող նոր կառավարութիւնը հեռու ըլլայ փտածներու դասակարգէն, սկսեալ վարչապետէն` մինչեւ իւրաքանչիւր նախարար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ղազի Զաայթեր մերժեց Պաալպեքի մէջ լիբանանեան բանակին գործադրած զինուորական գործողութիւնն ու հետապնդումի ոճը` հաստատելով, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը պէտք է բացայայտէ անցեալ շաբաթ գիշեր Շարաուինա շրջանին մէջ պատահած դէպքին ծալքերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը սահմանադրական մեկնաբանութեան կարիք չունի` իր աշխատանքները շարունակելու համար` ընդգծելով, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իր աշխատանքները չի կատարեր: Ան հարց տուաւ, թէ իրաւական հաշուեքննութիւնը ինչո՞ւ չէ սկսած Կեդրոնական դրամատան մէջ` շեշտելով, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնը չի փափաքիր իրաւական հաշուեքննութիւն կատարել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ նախագահեց կուսակցութեան առցանց ժողովին, որուն ներկայ էր նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ: Ժողովին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ միայն համաձայնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ նոր կառավարութիւնը կազմել: «Այսօր ես շատ աւելի կը վախնամ, քան անցեալին: Կը վախնամ քաոսէն, երբ կը յիշեմ 1975-ը, եւ թէ ինչպէ՛ս պատերազմի մէջ յայտնուեցանք», ըսաւ Ուալիտ Ժոմպլաթ:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ ժամանակն է վերջ տալու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարող արգելքներուն:
ԶԲՕՍԱՇՐՋԱԿԱՆ սենտիքաներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ժան Պէյրութի կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին` կառավարութեան մը շուրջ համաձայնելու` աւելցնելով, որ զբօսաշրջական մարզը իր վերջին շունչը փչելու սեմին կը գտնուի:
ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ սակերը դարձեալ սղած են. 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 500 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինը` 400 լ. ոսկիով, մազութը` 500 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 400 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 40.900 լ. ոսկի է, 95 օքթան պենզինը` 39.700 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 28.000 լ. ոսկի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթին Լոնկտընը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ալեքս Հիլթըն, որուն ծառայութեան ժամկէտը Լիբանանի մէջ աւարտեցաւ: Լոնկտըն զօր. Աունին ներկայացուց դեսպանատան զինուորական նոր կցորդը` Լի Ռիչըրտ Սոնտըրզ:


