Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբական երկիրներու ներքին գործոց նախարարներու 38-րդ ժողովին, որ գումարուեցաւ առցանց դրութեամբ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ֆահմի յայտնեց, որ ինք երկար պիտի չխօսի Լիբանանի մասին` նկատի ունենալով, որ բոլորը տեղեակ են անոր պարզած ողբերգական կացութեան մանրամասնութիւններէն, ըլլան անոնք ելեւմտական, տնտեսական, ապրուստի վերաբերող, թէ ընկերային, նոյնիսկ ապահովական: «Երկիրը կը գտնուի ամբողջական փլուզման եզրին, եւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ պաղեստինցի գաղթականներուն անվտանգութիւնը պահպանելու անզօրութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:
Ֆահմի նշեց, որ բոլորին համար յստակ է, թէ Լիբանան էր եւ կը մնայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջնագիծին վրայ` արաբական բոլոր երկիրներուն համար: «Սակայն ներկայիս ապահովական այդ ծանր բեռը չի կրնար վերցնել իր ուսերուն` երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին պատճառով: Լիբանան եւ անոր ապահովական կառոյցները ձեր օժանդակութեան կարիքը ունին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ ահաբեկչական բջիջները սկսած են վերակազմաւորուիլ, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերուն վրայ սկսած են հիմնել ցանցեր եւ խմբաւորումներ, որոնք կը ցնցեն մեր հասարակութիւնը: Այս բոլորը անշուշտ կը կատարուին առանց մոռնալու նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող ոտնձգութիւնները», հաստատեց Ֆահմի:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ արաբական միասնականութեան եւ արաբական իւրաքանչիւր երկրի քաղաքացիական անվտանգութեան համակարգին: «Լիբանան աւելի քան երբեք ձեր կարիքը ունի, որովհետեւ ան կը գտնուի մասնատուելու եւ վերացումի սպառնալիքին տակ: Մեր հասարակութիւններուն դէմ ծառացող մարտահրաւէրները կարելի չէ դիմագրաւել, բացի մեր համախոհութեամբ եւ միասնականութեամբ: Ինչպէս միշտ, այսօր եւս կը մնաք Լիբանանի վերջին յոյսը», եզրափակեց Ֆահմի: